Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկ. Գրիգոր Մանուկեանի Յիշատակին

Դժուար է պատկերացնել թէ ինչպիսի արագութեամբ անցաւ մէկ տարին։

2020 թուականի Օգոստոս 28-ին, մեզմէ առյաւէտ կը հեռանար Ընկ. Գրիգոր Մանուկեանը։ Տիպար հայրենասէր, կուսակցական, երկարամեայ Պէյրութի Եկարեան Ակումբի անդամ, Ընկ. Մանուկեան կը մեկնէր այս աշխարհէն յետ երկարատեւ եւ սպառիչ պայքարի անողորմ հիւանդութեան դէմ։

Մեր յիշողութեան մէջ Ընկ. Գրիգոր Մանուկեան կը մնայ որպէս անխոնջ աշխատող հայորդի, որ իր կեանքը արդարօրէն նուիրեց իր ընտանիքին, զաւակներուն, գործին եւ ՌԱԿ-ի շրջանակին։

Բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր ան, իր պարզութեամբ, իր հեզ հոգիով եւ ազնիւ բնաւորութեամբ։ Աշխոյժ էր ան, միշտ կրակոտ, խրոխտ, շրջահայեաց եւ մտահոգ իր գաղափարական միջավայրի վերիվայրումներով, թեթեւ էր իր հոգին իր մարմնի նման եւ ամէն յարմար առիթով հանդէս կու գար իր պարելու բացառիկ տաղանդով խանդավառելու իր շուրջիններուն։

Այսօր իր մահուան տարելիցին տխուր առիթով, մեր միտքերուն եւ յիշողութեան մէջ վառ կը մնան Ընկ. Գրիգոր Մանուկեանի բարի նկարագիրը, անոր առինքնող ժպիտը, անշեղ գաղափարախօսութիւնը։

Յիշատակդ անթառամ Ընկ. Գրիգոր, քաջ եւ նուիրեալ զինուոր ՌԱԿ-ի։

Բարեկամ մը

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ