Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Վեհափառ Հայրապետի Ներկայութեան Հանդիպում Լիբանանի Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Ու Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդներուն Հետ

Լիբանան

Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի միջեւ:

Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր Լիբանանի թեմին կատարուելիք օժանդակութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց ահաւոր դժուարութիւններու մէջ գտնուող Լիբանանի հայութեան կացութիւնը, յատկապէս սննդեղէնի ու դեղորայքի, նաեւ շեշտեց լիբանանահայութեան կատարուելիք նիւթական աջակցութեան հրամայականը: Այս իմաստով ան փափաքեցաւ իմանալ առաջնորդ սրբազաններուն տեսակէտը: Ապա, Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ հանդիպում մը տեղի ունենայ առաջնորդ սրբազաններուն եւ Լիբանանի Ազգային Վարչութեան ու ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին միջեւ:

Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն, դարձեալ հանգանակութիւն մը կատարելու Լիբանանի թեմին համար եւ ապա թելադրած թեմակալ սրբազան հայրերը՝ այցելել Անթիլիասի Մայրավանք եւ այս գծով խորհրդակցութիւններ ունենալ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ