Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ

Ոչ Եւս Է Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

(1934, Ալեյ – 2021, Պէյրութ)

Մայր գաղութ Լիբանանահայութիւնը ծանր կորուստ մը ունեցաւ Օգոստոս 23-ին. Իր շարքերէն հեռացաւ շատ մը բնագաւառներու մէջ վերջին մոհիկանը հանդիսացող իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը: Հաստաբուն մայրի մըն էր որ ինկաւ խրոխտաբար՝ մեծ վիշտ պատճառելով աշխարհով մէկ սփռուած հարիւրաւոր ընթերցողներու, համակիրներու, հետեւորդներու, Յովակիմեան-Մանուկեանցիներու, յառաջադէմ հայ եւ արաբ համակիրներու եւ մտաւորականութեան:

Այսու մեր խոր վշտակցութիւնները կը յայտնենք հարազատներուն եւ բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք դաստիարակուած են «Մեթր»ին շունչով եւ  սնած անոր անսակարկ հայրենասիրութենէն:

Յաջորդիւ պիտի անդրադառնանք այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ մասին:

ՌԱԿ ԱՄՆ-ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
«ՆՈՐ ՕՐ»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ