Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Վնասուած Նաւով Հեռու Չենք Երթար

Կ’ըսեն,երբ նաւը ջուրի մէջ է, աւելի անվտանգ է, քան երբ ջուրը նաւի մէջ է։

Մենք, իբրեւ պետութիւն, մեր ամբողջ տնտեսութեամբ, կրթական եւ առողջապահական եւ անվտանգային համակարգերով, սահմաններու անվտանգութեամբ, ինքնիշխանութեամբ, բանակով եւ ամբողջ ժողովուրդով նաւ մը նստած կը ճամբորդենք, որ ոչ թէ միայն ալեկոծ ծովի վրայ է, այլ բազմաթիւ անցքերով ու ճեղքերով հարուստ է: 

Մեզի որքա՞ն ժամանակ պէտք է գիտակցելու համար, որ դարմանող միջոցներու չդիմելու պարագային նաւը, որ հետզհետէ ջուրով կը լեցուի, պիտի բախի անխուսափելի կործանման  խնդիրին:

Մենք, իբրեւ ժողովուրդ, մեր նաւի ծակերը կարկատելու փոխարէն զբաղուած ենք նաւի արտաքին տեսքի բարելաւումով ու երկրորդական զբաղմունքները կարեւորելով: 

Շուտով պիտի ամբողջանայ պատերազմը սկսելուն առաջին տարին: Մենք, որպէս  քաղաքացիներ եւ հայեր, բաւական ժամանակ ունէինք լուրջ բարեփոխումներու, լուրջ շտկումներու, լուրջ փոփոխութիւններու: Անոր փոխարէն մենք զբաղած ենք մեր առօրեայ կեանքի մանր ու մեծ գործերով. տարեդարձ կը տօնենք, արձակուրդին արտասահման կը ճամբորդենք, ֆութպոլ կը քննարկենք, մեր կեանքը  կ’ապրինք, մեր ծրագիրները կը կազմակերպենք այնպէս ինչպէս կ’ընէինք 2020-ի Օգոստոսին: 

Մենք անոր իրաւունքը ունի՞նք: Կարճ յիշողութիւն ունեցող ազգի համբաւ ունենալու «շռայլութիւնը» ունի՞նք:

Մեր ծակ նաւով ո՞ւր կրնանք հասնիլ:

Ամէն մէկս «մուրճ ու գամ» իր ձեռքը պիտի չառնէ՞, պետութեան քայքայուած ու խորտակուող նաւը կարկատելու համար:

Վնասուած նաւով  հեռուն չենք կրնար երթալ, ձեռքերը ծալլած նստելով ցամաք չի բուսնիր, կոտրուածը չվերականգնելով ամրութիւն չ’ըլլար, ապագայի համար ներկայի սխալները չուղղելով՝ ապագան յստակ չ’ըլլար, վաղուան համար այսօր չտքնելով՝ վաղը հաստատուն չ’ըլլար, հեռուն երթալու համար՝ նաւը չնորոգելով հեռուն մօտ չի դառնար։

Հայրենիքի կարկատանները դարմանելու համար պէտք է ջանք ու ճիգ թափել։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ