Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Սաթամեանի Թատերական Ուղին

«Թատերական Ճանապարհորդութիւնս. Յուշագրութիւն մը»

Գրիգոր Սաթամեան

Լոս Անճելըս 2021

        ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

60 տարի բեմին վրայ: Այսինքն համակ կեանք մը լուսարձակներուն տակ: Եւ ութսունի սեմին, պսակաձեւ ժահրի համատարած համաճարակին պարտադրած տարուան մը տնային բանտարկութեան ընթացքին, Գրիգոր Սաթամեան հաշուեյարդարի կը նստի ինքն իրեն հետ:

Եւ ահա՛, ընթերցողին սեղանին վրայ է «Թատերական Ճանապարհորդութիւնս. Յուշագրութիւն մը» շքեղ հատորը: Հերրի Մեսրոպեանի արուեստի խմբագրութեամբ, հատորը լոյս տեսած է սրճասեղանի արուեստի գիրքերու եղանակով՝ հորիզոնական ծաւալով, բազմաթիւ բարձրորակ լուսանկարներով, երկսիւնակ գրութեան դասաւորումով: Գեղեցիկ մտայղացում մը, որ մտերմիկ ու անմիջական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, եւ ընթերցողը ներս կը հրաւիրէ մասնակցելու այս ուղեւորութեան:

Գրիգոր Սաթամեանի հետ ճամբայ կ’ելլենք Կիլիկիայէն՝ իր ծնունդէն շատ առաջ: Հակիրճ այց մը դէպի հօրենական եւ մօրենական ակունքները, տարագրութիւնը եւ Լիբանանի քաղաքական կազմաւորումը որպէս երկիր, կը պատրաստեն հեռանկարը ուր կը ծնի եւ հասակ կ’առնէ մանուկ հեղինակը:

Մայրը «լաւ դպրոցի» մը մասին լսած ըլլալով, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան տղոց երկրորդական վարժարանը կ’արձանագրէ զինք: Տնօրէն պարոն Արա Թոփճեանի խստապահանջ դաստիարակութիւնը բախտորոշ դեր կ’ունենայ պատանի Գրիգորին հոգեմտաւոր աճումին մէջ: Յովակիմեանի տարիները «կեանքիս ամենակարեւոր տարիներն էին», կը գրէ Սաթամեան, եւ կ’աւելցնէ՝ «առանց այդ դպրոցի կրթութեան, պիտի չ’ըլլայի այն մարդը որ եմ այսօր»:

Յովակիմեանի մէջ կ’աշակերտէ Օննիկ Սարգիսեանի, Զարեհ Մելքոնեանի, Վահէ Վահեանի, Գերսամ Ահարոնեանի եւ այլ մտաւորականներու փաղանգի մը, որոնք իր մէջ կը կերտեն անհատականութիւն, դատողութիւն, ինչպէս նաեւ հայերէնի եւ արուեստի նկատմամբ խորունկ սէր:   

Դարձեալ Յովակիմեանի մէջ է որ կը կազմէ սրտակից եւ կատակասէր ընկերներու շրջանակ մը: Այս անկեղծ եւ մտերիմ ընկերութիւնը արդէն 70 տարի է որ անխախտ կը մնայ, կ’աւելցնէ Սաթամեան:

Նոյն դպրոցական տարիներուն է որ՝ պարզ դիպուածով մը, Սաթամեան քայլ կը նետէ թատրոնի աշխարհ: Դասընկեր մը կը համոզէ Գրիգորը որ աշակերտական ներկայացման մը մէջ մանր դեր մը վերցնէ: Ամչկոտ ու հանդիսատեսէն սարսափող տղան դժուարութեամբ կը համոզուի, եւ դողալով բեմ կ’ելլէ: Ներկայացումը յաջողութիւն մըն է: Տնօրէն Թոփճեան մեծ ժպիտով կը մօտենայ, ձեռքը Գրիգորի ուսին կը դնէ, գնահատական խօսքեր կ’ըսէ եւ կը յանձնարարէ որ շարունակէ: «Տնօրէն Թոփճեանի ձեռքը ուսիս վրայ կախարդական ցպիկն էր», կը գրէ, «այդ օրէն ի վեր չեմ դադրած դերասանութենէ»:

1959ին կը հիմնուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը եւ Գրիգորը տարի մը ետք կը միանայ անոր: «Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանը եղաւ թատրոնի իմ առաջին ուսուցիչս եւ ես դերասանութեան մասին շատ բան սորվեցայ իրմէ», կը գրէ Սաթամեան:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (ՊԱՀ) մէջ տնտեսութիւն կ’ուսանի, միեւնոյն ժամանակ մասնակցելով դպրոցական ներկայացումներու որպէս բեմադրիչ եւ դերասան: Կը միանայ նաեւ Լիբանանեան Ժամանակակից Թատրոնին եւ բեմ կ’ելլէ ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն դերերով:

ՊԱՀն աւարտելէն ետք Լոնտոն կը մեկնի դերասանութիւն ուսանելու: Հոն թէ՛ ուսուցիչները եւ թէ՛ մամուլը կը գնահատեն իր տաղանդը: Լոնտոնի տարիներու փորձառութիւնը կը կազմաւորէ արհեստավարժ թատրոնի մարդը: 1968ին Լիբանան կը վերադառնայ, ուր հայ եւ օտար թատերական կեանքին մէջ աշխոյժ  դէմք մը կը դառնայ, միեւնոյն ժամանակ դասաւանդելով ՊԱՀի եւ  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններուն մէջ:

1972ին Սաթամեանի գլխաւորած Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը առաջին սփիւռքահայ միաւորն էր որ Խ. Հայաստան հրաւիրուեցաւ: Անոր երեք շաբթուայ շրջապտոյտը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ժողովուրդին ու քննադատներուն կողմէ: Հոն է որ վաստակաշատ Վարդան Աճեմեանը, տպաւորուած Սաթամեանի տաղանդով, կ’առաջարկէ որ Հայաստան մնայ եւ Սունդուկեանի միանայ որպէս դերասան եւ բեմադրիչ: Սակայն Թատերախումբի պատասխանատուներէն Օննիկ Սարգիսեան դիտել կու տայ թէ Հայաստան արդէն հարուստ է պատրաստուած արուեստագէտներով, մինչ Սփիւռքը շատ  աւելի կարիքը ունի իր տաղանդին: Համոզուած, Սաթամեան կ’որոշէ Սփիւռքի մէջ շարունակել իր ասպարէզը: 

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը  տակնուվրայ ըրաւ այդ դրախտային երկիրը: Ստեղծուած շփոթութեան մէջ արուեստ եւ թատրոն կանք առին բնականաբար: Սակայն անհաւատալիօրէն, այդ անորոշութեան մէջ, Սաթամեան Փափազեան թատերախումբը Եւրոպա յաջող շրջապտոյտի կ’առաջնորդէ: Յետոյ կը սկսի իր ոդիսականը. նախ Անգլիա կ’անցնի, ապա Նիւ Եորք, ուր ամերիկեան թատերախումբերու հետ կը բեմադրէ զանազան ներկայացումներ արժանանալով քննադատներու գնահատանքին: Սակայն ամերիկեան բեմերու խոստմնալից ճանապարհէն  կը շեղի երբ՝ անսալով ընկերներու առաջարկին, կը միանայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի շարքերուն որպէս Ամերիկայի գեղարուեստական ղեկավար: Ամերիկեան բեմի կորուստը կը դառնայ հայ թատրոնի շահը:

Աւելի քան 40 տարի ան կը պաշտօնավարէ Բարեգործականի մէջ, այդ ճանապարհով ծառայելով հայկական գաղութներուն, ծաղկեցնելով հայ մշակոյթը՝ ընդհանրապէս, եւ հայ թատրոնը՝ մասնաւորապէս:

Իր թատերական երկար ուղին լայնօրէն գնահատուած է թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ: Բազմաթիւ պատուոյ գիրերու եւ շքանշաններու արժանացած է: Երկու գործող թատերախումբեր կոչուած են իր անունով:

Սակայն, ամէն արուեստագէտի կեանքը կ’անցնի ելեւէջներէ: Սաթամեանն ալ դիմագրաւած է զանոնք:  Յստակ է որ զանազան մարդոց վերաբերմունքը, բայց յատկապէս բարեկամ համարուած անձերու դարանակալութիւնը, խոցած են սիրտը: Բայց ինք անյիշաչար, արագօրէն կ’անցնի այդ դէպքերուն վրայէն, առանց անուններ տալու՝ առանց հաշիւ պահանջելու:

Ահա կեանքի մը պատմութիւնը: Արդար եւ հայրենանուէր կեանք մը, ապրուած բեմի վրայ: Հարուստ եւ ստեղծագործ կեանք մը, որ վաթսուն տարի պայծառ կանթեղ մը եղաւ սփիւռքի տակաւ մթագնող հորիզոնին վրայ: Ջահ մը՝ որ արեւմտահայերէն ճառագայթեց բեմերէն եւ սերունդներ խանդավառեց:

Հաճելի ընթերցումէն ետք, գիրքը գոցելէ առաջ, կարդացողը չի կրնար լուր ցաւ մը չ’զգալ: Ճակատագրի մէկ դաժան խաղն է՝ որ ամբողջ կեանք մը բեմի միջոցաւ Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման համար պայքարելէ ետք, Սաթամեան հարկադրուած կը զգայ իր յուշերը անգլերէն գրելու որպէսզի մատչելի ըլլայ նոր սերունդին: Այ՛ն սերունդին, որուն համար ան ճգնեցաւ՝ տող առ տող, բառ առ բառ թատերական երկխօսութիւն սորվեցնելով: Կոտտացող ցաւ մը որ աւելի՛ ու աւելի՛ կը խոցէ ամեն արեւմտահայու սիրտը:

«Թատերական Ճանապարհորդութիւնս. Յուշագրութիւն մը»  գեղեցիկ գիրք մըն է: Սաթամեանի անձին կամ գործին ծանօթները, շատ մը հին յուշերու կողքին, անոր հարուստ կեանքին նոր ծալքերուն պիտի ծանօթանան: Իսկ անոնք որ բոլորովին անծանօթ են անոր, պիտի կարդան բազմավաստակ ու ազնիւ արուեստագէտի մը մասին, որ վաթսուն տարի բեմերէն քաղցրացուց սփիւռքահայ կեանքը: 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ