Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Այվազեան Արմէն, «Հայ զինուորականութեան պատուոյ վարքականոնը», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, «Մատենադարան» հրատարակչութիւն, «Մուսալեռ տպագրատուն» Երեւան, 2021 (պատմագիտական այժմէական ու յոյժ կարեւոր ուսումնասիրութիւն, ուր կը ներկայացուին ու կը վերլուծուին հայոց բանակի մարտիկներու գաղափարական եւ բարոյահոգեբանական յատկանիշները): Հրատարակութիւնը տպագրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ նուիրուած է «հայոց հերոսների անմար յիշատակին»:

– Գալայճեան-Պօղոսեան Զարմինէ, «Ազէզէն Ամերիկա», հրատարակիչ՝ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, Երեւան, 2021, 440 էջ (հայոց լեզուի եւ գրականութեան երկարամեայ ուսուցչուհիի հրատարակուած ու անտիպ յօդուածները, խոհագրութիւնները, գրախօսութիւնները եւ այլ գրութիւնները):

– Երանոսեան Նարինէ, «Հայկական հարցը Եգիպտոսի արաբալեզու մամուլում (1870-1890-ական թուականներ)», խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 186, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018 [լոյս տեսած է 2020-ի վերջին], 233 էջ (14,4 x 20,4 սմ.) (յառաջաբան, երեք գլուխներ, վերջաբան, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, ծաղրանկարներու լուսանկարներ): Հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:

– Զայաս Ալֆրետ տը, «Հայոց նկատմամբ գործադրուած 1915-1923 թուականներու ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութեան վերաբերեալ 1948-ի համաձայնագիրի լոյսին տակ», անգլերէնէ թարգմանեց Էվա Սաուքեւիչ-Մաններլին, Վարշաւա, 2021, փոքր չափի127 էջ (լեհերէն):

– Հրանդ Ք. Արմէն (Քիւթիւկեան), «Մարզպանը եւ սպարապետը – Հայկական գերագոյն ատեան. Վասակ Սիւնի (ամբաստանեալ)», վերահրատարակութիւն, կազմեց ու խմբագրեց Յովսէփ Նալպանտեան, Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշար թիւ 55-56, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2021, 628 էջ (17 x 24 սմ.) (վերատպութիւնը հեղինակի՝ 1952 եւ 1969 թուականներուն լոյս տեսած աղմկայարոյց գիրքերուն, էջ 525-620՝ ուրիշ հեղինակներու գրութիւններ Վարդանանց պատերազմի մասին, էջ 621-626՝ նշուած մատենաշարով լոյս տեսած հրատարակութեանց ցուցակը):

– Մաղալեան Վահան, «Դաղէթ-Խաչէն», խմբագիր՝ Արտակ Մաղալեան, «ՎՄՎ -փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019 [լոյս տեսած է 2020-ին], 476 էջ + 1 մամուլ ներդիր (14,7 x 20,8 սմ.) (Վրաստանի Թեթրի-Ծղարօ շրջանին մէջ՝ Արցախէն գաղթածներու Դաղեթ-Խաչէն հայաբնակ գիւղի ամբողջական պատմութիւնը՝ 9 գլուխ ու վերջաբան, կենսագրութիւններ, գունաւոր եւ ճերմակ լուսանկարներ, 4 յաւելուած-աղիւսակներ): Տպագրուած է ՀՀ Բժշկական գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալպերթ Վանեանի հովանաւորութեամբ:

– «Սասունցի Դաւիթ. Հայոց ժողովրդային դիւցազնավէպը», թարգմանիչ՝ Կէորկիոս Մոլեսկիս, յառաջաբանը՝ Մարիամ Սուխանովա-Ֆուքարայի, «Վաքխիքոն» հրատարակչութիւն, Աթէնք, 2021, 190 էջ (յունարէն):

– Վարդիվառեան Յակոբ, «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան – Դ. հատոր – Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն (1921-1931)», Նիւ Ճըրզի, 2021:

– Տէր Մկրտչեան Պարլոու, Քուրթ Իւմիթ եւ Սարաֆեան Արա (խմբագիրներ), «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէն – Հիմնադիրները, գաղափարախօսութիւնը եւ կառուցուածքը», ներածութիւնը՝ Իւմիթ Քուրթի, Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի Հայկական մատենաշար թիւ 13, Ֆրեզնօ, 2021, 176 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (նշուած համալսարանին մէջ 12-13 հոկտեմբեր 2018-ին կայացած գիտաժողովին Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի, Հանս-Լուքաս Քիզըրի, Տիգրան Գալիկեանի, Իւմիթ Քուրթի եւ Տույկու Ճոշքունթունայի զեկուցումներու ժողովածուն, լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած եւ գործող «Սոֆեն» հրատարակչութիւնը (Sophene Books) իր «Երկլեզու հրատարակութիւններ» մատենաշարով (Dual Language Series) առ այսօր լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը Ռոպերթ Պետրոսեանի թարգմանութեամբ՝ բացի մէկէն: Հրատարակութիւնները ունին միեւնոյն չափը՝ 15,1 x 22,7 սմ.: Հանդիպակաց էջերու վրայ տպագրուած են հայերէն բնագիրներն ու անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները: Հրատարակութեանց մեծ մասը կը բովանդակէ նախաբան, հեղինակին հակիրճ կենսագրութիւնը, քարտէսներ, հայերէն եզրերու ցանկ, առարկայացանկ, միջնադարեան մանրանկարներու լուսանկարներ:

2020 թուականին՝

– Արիստակէս Լաստիվերտցի, «Պատմութիւն»

– Գրիգոր Ակներցի, «Նետողաց ազգի պատմութիւն», 158 էջ

– Մատթէոս Ուռհայեցի, «Ժամանակագրութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ, Բ. հատորը՝ 306 էջ

– Մովսէս Դասխուրանցի, «Աղուանից պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ, Ա. հատորը՝ 226 էջ

– Սմբատ Սպարապետ, «Ժամանակագրութիւն»:

2021 թուականին, առ այսօր՝

– Եղիշէ, «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին», Ա. հատոր, թարգմանիչ՝ Պեյոն Միլոյեան:

– Թովմա Մեծոփեցի, «Պատմութիւն Լանկթամուրայ եւ յաջորդաց իւրոց»

– Հեթում Պատմիչ, «Թաթարաց պատմութիւն՝ Արեւելքի պատմութեանց ծաղիկը», 168 էջ

– Ղազար Փարպեցի, «Հայոց պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ

– Ղեւոնդ, «Պատմութիւն»

– Սեբէոս, «Պատմութիւն», Ա. հատոր

– Փաւստոս Բիւզանդ, «Հայոց պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ