Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանգուցեալ Արամ Սեփեթճեանի Տարելիցին Առիթով

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Եօթանասուն տարուան հեռաւորութենէ մը, հազիւ աղօտ կերպով կը վերյիշեմ, հայրենակցական կապերու մասին հօրս կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւնները՝ Արամի ծնողաց եւ ընտանիքի մասին։

Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներէն բռնագաղթուած հայութիւնը, որ ափ առած էր նաեւ Սուրիա – Լիբանան, չարքաշ կեանքէ մը ետք, սկսած էր տնտեսապէս վերականգնիլ։ Մինչ Արամի հայրն ու անդրանիկ եղբայրը լծուած էին ընտանիքին նիւթականը ապահովելու, Արամը պիտի յագեցնէր ուսումնական իր ծարաւն ու գրական հետաքրքրութիւնները, միաժամանակ 1965-69 տարիներուն հետեւելով Հ.Բ.Ը.Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի դասընթացքներուն իբրեւ ազատ ունկնդիր։

Պէյրութի ընկերային – մշակութային եռուն կեանքը լրացուցիչը դարձաւ մեր առօրեային, ու մենք յաճախ միասին գտնուեցանք վերոյիշեալ միջոցառումներուն։ Արդէն, ներգրաւուած Հ.Ե.Ընկերակցութենէն ներս, 1954-56 Արամ մաս կը կազմէր Երիտասարդաց Մշակութային Յանձնախումբին, զուգահեռաբար անդամակցելով միանգամայն Թ.Մ.Միութեան ու Ռ.Ա.Կուսակցութեան։

Հ.Բ.Ը.Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանէն ներս, Արամը աւելի ընթերցասէր էր քան մեր դասարանի ընկերներուն մեծամասնութիւնը։ Հիմա, չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ էին գրական իր նախասիրութիւնները, բայց գիտեմ, թէ անյագուրդ կը կարդար, քանի որ առիթներով ալ իր կշռադատ կարծիքներն ու մեկնաբանութիւնները կու տար, եւ աւելի յաճախ՝ կը գրէր։

Եւ օր մըն ալ, Արամ զատուեցաւ մեզմէ անաղմուկ, հետեւելու համար surveying-ի դասընթացքներու, վկայուելով Beirut Technical Institute-էն։ Մինչ մեզմէ շատեր կը դիմագրաւէին անորոշ վաղուան հեռանկարները,Արամ արդէն ապահոված էր տնտեսական խարիսխը։ Surveyor-ի մասնագիտութիւնը զինք փոխադրեց Արաբական Թերակղզիի մէկէ աւելի երկիրները, ինչպէս նաեւ՝ Ափրիկէ։

Տարագրի տառապանքը ժառանգած, ինքնապահպանութեան բազմաթիւ դժուարութիւններով բեռնաւոր, սփիւռքահային մայր հողին հանդէպ խոր սէրը հետզհետէ աճեցաւ, որքան տնտեսական պայմանները աստիճանաբար բարելաւուեցան։

Պայմաններու բերումով, եւ իր ընտանիքի ապրուստին համար, եթէ Արամ մէկէ աւելի Արաբական եւ Ափրիկեան երկիրներ շրջեցաւ, փոխանակ կորսուելու անծանօթ ճանապարհներու վրայ, աստանդական հայորդիին մէջ դարբնուեցաւ հայկական ոգին, ու զօրացաւ հայրենիքի տեսլականը։

1960-64-ին մաս կազմեց Քուէյթի Հայ Ազգային Վարժարանի հիմնադիր հոգաբարձութեան, ատենապետութեամբ բանաստեղծ-արձակագիր ճարտ. Երուանդ Պարսումեանի։

Երկրէ երկիր վերոյիշեալ տեղափոխութիւնները յոյժ բարերար ազդեցութիւն ունեցան մտաւորական իր զարգացումին վրայ։ Երրորդ աշխարհի ժողովուրդներուն աննախանձելի գոյավիճակը, այդ ցամաքամասերու կոյս բնութեանց անդիմադրելի ոյժը ներշնչեցին զինք, փոթորկեցին գաղութային արդէն խռովայոյզ իր ներաշխարհը։ Իր մտահորիզոնին լայնօրէն ընդարձակումը՝ բնութեան հանդէպ, ու մարդկային ընկերութեան մասին, իր մէջ խթանեցին գրաւոր արտայայտուելու ներքին ցանկութիւնը։ Տարիներու ընթացքին ամբարած մտաւորական պաշարը, խմորումի ենթարկուելով սկսաւ յայտնագործուիլ։ Առօրեայ աշխատանքէն ետք, ու շաբաթավերջերուն, առատօրէն հայթայթուած ոսկի ժամանակը չուշացաւ բեղմնաւորուելու, ստեղծագործելու։

Ալեքսանտրէթ ծնած, 1938-էն իվեր Պէյրութաբնակ Արամ Սեփեթճեան գրական ասպարէզ մուտք գործած է 1951-ին, «Պայքար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսնելով «Մեղա՜յ քեզ հայրենիք»՝ իր առաջին պատմուածքը։ Այնուհետեւ, բազմաթիւ գրութիւններով անիկա կ՚աշխատակցի «Նոր Օր»ին, «Զարթօնք»ին, «Սփիւռք», «Նոր Կեանք» թերթերուն, եւ 1956-էն սկսեալ «Շիրակ» ամսագրին, որուն ընդմիջումներով, խմբագրութեան մաս կը կազմէ 1967-էն 1997։ Ստորագրած է նաեւ Արմէն Հրաչ եւ Արամ Արմէնեան գրչանուններով։

1986-ին կազմակերպիչ անդամներէն է Չորք Մարզպանի Հերոսամարտի 75 Ամեակի Յոբելեանական Հանդիսութեան Պէյրութի մէջ։ 1987-ին կը մասնակցի 9-րդ Համագումարին Հայաստանի Գրողներու Միութեան, որուն մէկ անդամը կը դառնայ 1996-էն սկսեալ։

1989-92 հիմնադիր անդամը ու մղիչ ուժը եղած է Ապու Տապիի 9 հոգինոց Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան։

1991-2004 խմբագիրը եղած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին։

1991-ին, Պէյրութի մէջ հիմնած է իր սեփական «Սիփան» հրատարակչութիւնը, որ անհրաւէր հանդիպման մնայուն վայր դարձած է գրողներուն ու մտաւորականներուն համար։

1997-ին արժանացած է «Զարթօնք» օրաթերթի «Հայկազուն Վարդիվառեան» մամլոյ մրցանակին։

2002-ին եւ 2004-ին մասնակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան Ա. եւ Բ. Խորհրդաժողովներուն, իսկ 2003-ին՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Վահան Թէքէեանի ծննդեան 125 ամեակին նուիրուած գիտաժողովին։

2003-ին, Պէյրութի մէջ, Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումը գոյութեան կոչող եռանդամ խորհուրդի անդամներէն է, Պէպօ Սիմոնեանի ու Սարգիս Կիրակոսեանի հետ։ Այս նոյն խորհուրդը, 2004 տարուան Մարտին, կազմակերպած էր նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Համահայկական Ա. Խորհրդաժողովը։

Հայ Գրողներու Միութեան 70 Ամեակին առիթով, Գրական Բ. Համաժողովի ընթացքին, 2004 Յունիս 30-ին, հայրենի կառավարութիւնը, հայ գրականութեան զարգացման գործին բերած Արամի ներդրումին համար, կը պարգեւատրէ զինք Հայ Մշակոյթի Հիմնադրամի Ոսկեայ շքանշանով։

Իրմէ լոյս տեսած են պատմուածքներու երկու հատորներ, 1964-ին՝ «Անլոյս Գիշերներ» եւ 1969-ին՝ «Կեանքի Կարօտով»։ Նաեւ ունի երկու վիպակներ, 1978-ին՝ «Ողջակէզ», որ նաեւ արաբերէնի թարգմանուելով Նիզար Խալիլիի կողմէ, հրատարակուցաւ 2004-ին։ 1985-ին լոյս տեսած է «Ես Սեւ Եմ… Բայց Գեղեցիկ», վերջին երկուքը արժանանալով «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակներուն։ Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը իրմէ հրատարակած է, 2001-ին, ժողովածու մը՝ «Հող եւ Մորմոք» վերնագրով։ 2005-ին հրատարակած է «Ժամանակայոյզ Խոհեր», 2009-ին՝ «Բանաստեղծութիւնը Տագնապի Ընդմէջէն», իսկ 2014-ին՝ «Ձայներ Լռութեան Մէջ» ու «Գրական Հանդիպումներ»։

Որպէս Չորքմարզպանցի, Արամ Սեփեթճեան գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայրենակցական Միութեան աշխատանքներուն, մնայուն շաղկապ հանդիսանալով հայրենակից մտաւորականներու միջեւ։ Իր հետեւողական ջանքերով ստեղծած է «Չորք Մարզպանք» մատենաշարի հրատարակչական մարմինը, որուն հրատարակութիւններէն մէկն է Թորոս Թորանեանի «Չորք Մարզպանի Հայ Գիրի ու Մամուլի Դէմքեր»ը։

Փորձեցինք ներկայացնել միջակազմ, հանդարտ թուացող, բայց այլապէս աշխոյժ հասարակական գործիչի,  ներհուն մտաւորականի ու բեղմնաւոր գրողի՝ Արամ Սեփեթճեանի որակաւոր վաստակը։ Արդարեւ, իր ընդհանրութեանը մէջ բազմարդիւնաւէտ իրագործում մը, որ արժանի է անվերապահ գնահատանքի։

Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր, 2021
Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ Լսարան
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Արժան եւ իրաւ։ Արամ Սեփեթճեանի տարելիցին գրուած ներբողը Սարգիս Մինասեանի գրիչէն գեղեցկագոյն եւ արդար տուրք մըն է համեստ եւ բարձր մտաւորականին համար, որուն հետ իմ բարեկամութիւնը սկսաւ դպրեվանքեան տարիներուն երբ Անթիլիաս կ՛այցելէր ու հազիւ կը տեսակցէինք կը վերադառնար գործին։ Վերջին անգամ Փասատինա եկած էր եւ պատարագի սւարտին զգեստներս տակաւին վրաս յանկարծ Արամ իր սեփական ժպիտով փայլատակեց։ Չճանչցայ եւ սակայն անմիջապէս յիշողութիւնս փարատեց ամէն ինչ Արամին մէկ երկու դրուագներով։ Իր որդին Հրաչը վկայութիւնն է մեր բոլորին իր հօր հանդէպ մեր հիացումին եւ գրական մեծ վաստակին։

    Տէր ԶաւէնԱ Քհնյ Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ