Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոխան Դամբանականի*

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի, 1952-53-ի անդրանիկ շրջանաւարտներու 9 հոգինոց խմբակէն, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն ալ անդարձ շիջեցաւ։

Անցեալի կիսամութ ու փայլուն յիշատակներ կը խուժեն, վերականգնելով դասընկերոջս անմոռանալի կերպարը։

Ուսանողական այդ տարիներուն արդէն փիլիսոփայական վերլուծումներ կ՚ընէր։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի առաջին տարիէն ետք անցաւ ֆրանսական Université St. Joseph համալսարան, ուրկէ վկայուեցաւ իբրեւ իրաւաբան։ Կը տիրապետէր հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։

Իր մտածողութիւնը կլանուած էր Մարքս-Էնկելսի փիլիսոփայութեամբ։ Հայկական, անգլիական, ֆրանսական եւ արաբական գրականութեանց գլուխ գործոց ստեղծագործութիւնները ծանօթ էին իրեն։ Կը վերլուծէր այլազան երեւոյթներ, կը վիճաբանէր, ու ճարտասանօրէն կը մեկնաբանէր այլազան քաղաքականութիւններ։


1915 Ապրիլ 24-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ու տարագրութեանց, Պէյրութի Պուրճի  հրապարակի Մայիս 6-ի կախաղաններու, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Մերճէի, ու Պաղտատի հրապարակներուն վրայ կախաղաններու միջեւ, տեսած է ճակատագրակցութիւն, կոչ ուղղելով արաբական ժողովուրդին, հայութեան հետ միասնաբար պայքարելու փանթուրքիզմին դէմ։

Մեթր Գ. Տէրտէրեան հրապարակագրութեամբ, բազմաթիւ յօդուածներով, Գրական Շրջանակի օրացոյց-ուղեցոյցով, արծարծեց եւ հետապնդեց կազմակերպումը տարագիր արեւմտահայութեան, ներկայացուցչական Կեդրոնական Մարմինի մը, որ լիազօր միակ մարմինի մը հանգամանքով, պիտի հետապնդէր Տարագիր Արեւմտահայութեան միջազգային կարգավիճակը, տէր կանգնելով մեր հողային դատին, ընդդէմ զայն լուծարել փորձող թուրք թշնամի պետութեան։

Անիկա կոչ կ՚ուղղէր անյապաղ ձեռնարկելու, վերակազմակերպումին վերածնունդի նուիրական գործին, ազատագրուելով սնամէջ ինքնասիրահարուածութենէն ու խստանման կենսաձեւէն։

Արդարեւ, 20 Նոյեմբեր 2010-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ կառոյցի մը նուիրուած գիտաժողով։ Նման հանդիպում մըն ալ կայացաւ Փարիզի մէջ, 10 Դեկտեմբեր 2011-ին, կազմակերպութեամբ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարին։ Այս վերջին խորհրդաժողովին Մեթր Գ. Տէրտէրեան մասնակցելով խօսք առաւ։ Վերոյիշեալ օգտակար ծրագիրները դժբախտաբար չիրականացան, ներկայացուցչական մարմին մը եւ անոր անհրաժեշտ պիւտճէն կարելի չըլլալով գոյացնել։


Շուրջ տարի առաջ, երկու նշանակելի յօդուածներով 2020 Նոյեմբերին ու Դեկտեմբերին, Գ. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրին։ Հարաւային Կովկասը ու Կեդրոնական Ասիան Ռուսական Դաշնութեան անվտանգութեան գօտին ըլլալով, Փութին միջամտեց իր երկրին խաղաղապահ զօրքերը Արցախ ուղարկելով ա՛յն ատեն միայն, երբ ազերի բանակը գրաւած էր 1988-1994-ին կորսնցուցած իր հողամասերը, Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ բանակը ծանր կորուստներու ենթարկելով։ Զուգահեռաբար, Մինսքի խմբակի մնացեալ երկու համանախագահներն ալ (Մ. Նահանգներու եւ Ֆրանսայի) զօրաշարժի ենթարկուեցան Փութինի կողմէ, որպէսզի Ռուսաստանի կողմէ պարտադրուած հրադադարը միջազգային պահանջք դառնայ։ Մէկ խօսքով, Ռուսաստան ամէն գնով պիտի պաշտպանէր Արցախը եւ Հայաստանը, որովհետեւ անոնք երաշխիք կը նկատուէին փանթուրքիզմի դէմ, գէթ որոշ ժամանակի մը համար։

Զուգահեռաբար, Գ. Տէրտէրեան կը մատնանշէր նաեւ, թէ միջազգային հանրային իրաւունքը կը պահանջէ, որ ժողովուրդին անկախութեան հռչակումը ճանչցուի ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ։ Միջազգային Արդարադատ Ատեանին իրաւախոհական դրական կարծիքն ալ մեծապէս պիտի նպաստէր Արցախի միջազգային ճանաչումի աշխատանքին։

Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը անկապտելի, անառարկելի, անժամանցելի եւ անհրաժարելի էր։ Անիկա կարեւոր կը նկատէր ժողովրդահայրենասիրական համակարգի մը ստեղծումը։


Համակրելի էր Գասպարին ընկերութիւնը։ Դժբախտաբար, Լիբանանի քաղաքացիական 15 տարիներու պատերազմը (1975-90) անկայուն գոյավիճակ ու ժխտական ազդեցութիւն եւ հետեւանք ունեցան իր վրայ։

Միայնակ, ամփոփուած իր աշխարհին մէջ, անցնող ժամանակին հետ հետզհետէ հիւծեցաւ, մարելով փափախումը իր սրտին, հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան ճակատագրին հետ տագնապող փիլիսոփայ-տեսաբան մեր հայուն։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 3, 2021
Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ լսարան
 * ՅԳ. Շրջանաւարտ դասարանի սաներն էին Այվազեան Վաչէ, Թորոսեան Լեւոն, Խապայեան Կարապետ, Կարապետեան Սենեքերիմ, Մինասեան Սարգիս, Սահակեան Յակոբ, Պահատրեան Միսաք, Տէրտէրեան Գասպար ու Տեմիրճեան Արսէն։ 
 Գրասէր յիշեալ տղոցմէ 4 հոգի, խորհրդական ունենալով Պրն. Օննիկ Սարգիսեանը, խմորատիպ տպագրութեամբ, հրատարակեցին «Նուիրում» ամսաթերթ-պարբերականը։ 
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ