Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու 66-րդ Տօնը

Հպարտութեամբ եւ վերանորոգ յոյսով Հայկազեան համալսարանը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր Հիմնադիրներու 66-րդ տօնը` իբրեւ բանախօս հիւրընկալելով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործերու յատուկ համադրող դոկտ. Ճոաննա Ուրոնեքան։  

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքսանտր Մուրատեան, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ,  համալսարանի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, ուսանողներ եւ հիւրեր:

Օրուան հիւր բանախօս դոկտ. Ճոաննա Ուրոնեքա ներկաները հրաւիրեց մտածելու եւ տեսակէտներ փոխանակելու «Հաշուետուութիւն» նիւթին շուրջ՝ այս մէկը անժամանցելի եւ ճգնաժամային նկատելով թէ՛ անձնական, եւ թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ։ Ան պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը համարեց հիմնաքարը խաղաղ գոյակցութեան եւ ընկերային տոկուն կեանքի ստեղծման։

Ան լուսարձակի տակ առաւ տարբեր տեսակի հաշուետուութիւնները՝ անձնականէն աշխատանքային, հասնելով ազգային մակարդակի։ ՄԱԿ-ի օրինակը տալով՝ Ճոաննա Ուրոնեքա դիտել տուաւ, որ այս հասկացողութիւնը ներառուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, ըստ որուն, ՄԱԿ հաշուետու է անդամ պետութիւններուն եւ բոլոր ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ անոնք յստակ են իրենց ճշդած կառավարման միջազգային չափանիշներով եւ իրենց տուած միջազգային օրինակով:

Խօսելով Լիբանանի մասին՝ դոկտ. Ուրոնեքա նկատել տուաւ, որ հաշուետուութիւնը շատ աւելի զգայուն ու կարեւոր կը դառնայ նոր կառավարութեան կազմութեամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան նկատմամբ անոր ունեցած բարեփոխումներու պարտաւորութիւններով։ Այս առումով ան կարեւոր նկատեց յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ճշդուած ժամանակին եւ արդար ու թափանցիկ կերպով կայացումը։

Բանախօսը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ դատական համակարգին եւ օրէնքի գերակայութեան կիրարկման վրայ՝ իբրեւ պատասխանատուութեան ու հաշուետուութեան հիմնասիւն։ «Ազդու եւ անկախ դատական համակարգը մեծ կարեւորութիւն ունի վստահութեան, վստահելիութեան, գործող պետութեան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան ձեւաւորման համար», աւելցուց ան։

Իր խօսքը եզրափակելով՝ դոկտ. Ճոաննա Ուրոնեքա ըսաւ. «հաշուետուութիւնը այնպիսի արժէք է, որ ազատօրէն պէտք է հոսի մեր մէջ, ինչպէս նաեւ անիկա մտային ըմբռնում է, զոր մենք պէտք է աշխուժ կերպով սնուցենք մեր եւ մեր մշակոյթին մէջ»։

Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ, թէ կը կիսէ 66 տարիներ առաջ հիմնադիրներուն ունեցած տեսլականը, նուիրուածութիւնն ու ձգումը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սերունդներ ուսուցանելու։ «Անոնց երազը այն էր, որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ կանգնի կեանքի բարձրագոյն չափանիշներու, ճիշդ արժէքներու ուղիին վրայ, եւ ոչ թէ պարզապէս համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն ստանայ։ Երազը այն էր, որ իւրաքանչիւր սերունդ գերազանցէ նախորդները՝ մտաւոր, հոգեւոր, բարոյական, մասնագիտական չափանիշներով», ըսաւ վեր. Հայտոսթեան։ 

Համալսարանի նախագահը շեշտը դրաւ բարոյական արժէքներու կարեւորութեան վրայ, որ, լաւ ու ամուր հիմերով ուսումնական կրթութեան զուգահեռ, երիտասարդներուն համար անհրաժեշտ է ոտքի  կանգնելու՝ անյաջողութենէ եւ դժբախտութենէ ետք։ «Միւսները կրնան օգնել եւ պէտք է օգնեն, բայց մեր կարգապահութիւնը, մեր արժէքային անխախտ համակարգը, մեր քրտնաջան աշխատանքը, անձնազոհութիւնը, մեր ուսումնական կարողականութիւնն ու փորձառութիւնը ուրիշներուն տրուելիք լաւ օրինակ է, ինչպէս նաեւ մեծ ծառայութեան ուղղուածութիւնը լաւ կեանքի եւ պարկեշտ ընկերութիւններու բանալիները կը հանդիսանան», հաստատեց Հայտոսթեան։

Ան իր խօսքը եզրափակեց կեդրոնանալով ոչ թէ ձեռքբերումներուն, այլ արժէքներուն վրայ՝ ըսելով. «Մենք իսկապէս յոյս ունինք, որ ամէն մէկ ուսանող կ’ըլլայ առաջնորդ, կայացած մասնագէտ եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն։ Բայց մենք նաեւ յոյս ունինք, որ արժանապատուութիւնը, պատիւն ու ճշմարտութիւնը կը դասեն ամէն բանէ վեր, որովհետեւ այլ մակարդակներու վրայ յաջողութիւնները անպայման պիտի յաջորդեն»։

Նշենք, որ ձեռնարկը սկիզբ առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով։ Այս առիթով պատրաստուած էր կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուէր համալսարանի 66-ամեայ ուղիին։ Ուսանող Սարինէ Ռիթա Ներսէս արտասանեց խօսք մը Լիբանանի մայրիներուն մասին՝ իբրեւ տոկունութեան, անմահութեան եւ սրբութեան խորհրդանիշ, իսկ համալսարանի Երաժշտութեան ակումբէն Կարէն Գազանճեան՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Քարմէն Պոյաճեանի, ներկայացուց երգ մը։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ