Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոթորիկին Մէջէն…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Մեծ փոթորիկ մը ելաւ»

(ՄԱՐԿՈՍ 4:37)

«Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով`կ՛աղաչենք, որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք»

(Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:1)

Աստուածաշունչի մէջ իւրաքանչիւր դրուագ եւ պատմութիւն ընթերցողին կողմէ ունի տարբեր հասկացողութիւն եւ ընկալում: Իւրաքանչիւր անհատ կը հասկնայ եւ կ՛ընկալէ` մեկնելով իր մտաւոր, բայց նաեւ ապրած ընտանեկան, ազգային, ընկերային-մշակութային ու պատմական ենթահողերէն եւ իրավիճակներէն: Այս նոյն հասկացողութեան ընդմէջէն պէտք է անդրադառնալ Աստուածաշունչի պատգամի ընկալումին` մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան ապրած կեանքի ու միջավայրի տուեալներէն:

Մարկոսի Աւետարանի մէջ յիշուած Յիսուսի եւ աշակերտներուն  փոթորիկի մէջէն անցնելու պատմութիւնը եւ փորձառութիւնը արժէ վեր առնել այս դիտանկիւնէն: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ «փոթորիկ»-ի դրուագի հասկացողութիւնն ու անոր իրավիճակը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ: Իւրաքանչիւր անհատ եւ հաւաքականութիւն պիտի ունենայ իր պատկերացումը: Իբրեւ հայ անհատներ` երեւի պիտի կամրջենք մեր ներկայ օրերու ապրած տագնապները` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, յատկապէս Միջին Արեւելքի գաղութները` որպէս մեր ներկայ ժամանակներու ազգային-հաւաքական ու, տակաւին, անհատական կեանքերու «փոթորիկները»:

Մարդկային կեանքի մէջ, դարձեալ ընդհանրական հասկացողութեամբ, փոթորիկը նկատուած է անխուսափելի, եւ այս փորձուած իրավիճակ է, որ կարելի չէ անտեսել:

Փոթորիկը կը ստեղծէ վախ: Աշակերտներուն արտայայտութիւնը` «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞, որ կը կորսուինք» (Մատթէոս 4:38)», լաւագոյն արտացոլացումն է փոթորիկին յառաջացուցած վախին: Բայց հետաքրքրական է տեսնել, թէ անոնք մէկ կողմէ վախցան փոթորիկէն, բայց նոյնքան նաեւ վախցան Քրիստոսի ունեցած ուժէն, երբ խաղաղեցուց զայն: «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին» (Մատթէոս 4:41): Այս կը նշանակէ, որ կայ փոթորիկէն` իմա վախէն, աւելի մեծ ուժը, որ կրնայ խաղաղեցնել:

Վախը հետեւանք է վատ, գէշ արարքին: Այսպէս ըսած` մեղքին: Մեղքն է վատը, որ կը յառաջացնէ վախը: Բարին ուժ է եւ զօրութիւն, որ կրնայ տոկալ եւ յաղթել մեղքին` չարին, եւ կերտել նորը, որ պիտանի է եւ կը շնորհէ հանգստութիւն: Քրիստոսի ուժը` բարին, յաղթեց վախին` գէշին, երբ խաղաղեցուց փոթորիկը:

Այս իմաստով փոթորիկին աստուածաշնչական-աստուածաբանական բացատրութիւնը պիտի ներառէ այն «հաւատքը», զոր անհատը-հաւաքականութիւնը կրնայ ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, երբ կեանքի մէջ դէմ յանդիման կը գտնուի փոթորիկի` իր-իրենց կեանքերուն մէջ: Արդեօք Աստուած բա՞րի է, թէ՞ չար, որ առիթը կու տայ այս փոթորիկներուն, որ անցնին մեր կեանքերուն մէջէն: Փոթորիկը կեանքի մէջ դուրս կը հանէ մարդուն-հաւաքականութեան ներաշխարհին մէջ պահուած ու թաքնուած հաւատամքները: Նաեւ պէտք է յիշել, որ  չարը` մեղքը,  աշխարհէն չէ վերացած: Քրիստոս ինք պատերազմեցաւ մեղքին դէմ, երբ մահանալէ ետք գերեզման դրուեցաւ` յարութիւն առնելէ առաջ: Քրիստոս երեք օր պատերազմեցաւ մեղքին դէմ եւ յաղթեց անոր, երբ գերեզմանէն դուրս գալով` յարութիւն առաւ: Քրիստոսի այս յաղթանակն ալ մեզի շնորհեց նոր կեանք: Մարդկային մեր կեանքէն մեղքը չէ վերացած, եւ իւրաքանչիւր օր մարդ կը պատերազմի փոթորիկներու դէմ:

Այս իմաստով փոթորիկը պէտք է դիտել որպէս փորձ-փորձաքար: Քրիստոս ամբողջ օրը ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ պատգամը տալէ ետք ըսաւ. «Եկէք` ծովուն միւս կողմը անցնինք» (Մարկոս 4:35): Քրիստոսի այս ըրածը պէտք է բացատրել որպէս փորձ-փորձաքար աշակերտներուն, թէ ի՛նչ սորված էին ամբողջ օրը, եւ թէ իրենց սորվածը ինչպէ՛ս գործնականի պիտի վերածէին: Գիտելիքը-գիտութիւնը իրական կեանքի մէջ կիրարկելը փորձ է: Քննութի՞ւն…

Բայց նոյնքան իրական է այն, որ փոթորիկը չունի անպայմանօրէն ճշդուած ժամանակ ու ժամանակացոյց: Փոթորիկները կրնան գալ որեւէ ատեն` սպասուած/չսպասուած ժամերու: «Մեծ փոթորիկ մը ելաւ» (Մարկոս 4:37): Այս իմաստով փոթորիկին-փոթորիկներուն դէմ կենալու համար չկայ նախազգուշացում: Ապահովութիւնը կը կայանայ այն «ուժին» մէջ, զոր մարդը-հաւաքականութիւնը ամբարած է իր դաստիարակութեան եւ անոր ստեղծած հաւատամքի մէջէն եւ ժամանակի ընթացքին:

Հաւատամքը նոյնպէս կրնայ յառաջացնել կասկածները: Կասկածներու հետ կան վերլուծումները եւ (չ)հաւատալու պայքարը: Կասկածը նոյնքան փորձաքար է չարին, իմա վատին, եւ անոր յարձակումներուն, որոնք մարդուն մտքին մէջ տարակուսանք կը ստեղծեն: Արդեօք  բարիին հաւատամքը իսկապէ՞ս կրնայ խափանել  չարին ստեղծած իրավիճակը: «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞, որ կը կորսուինք» (Մարկոս 4:38): Եւ կը մնայ մեծ իրագործումը: Ինչպէ՞ս կողմնորոշուիլ, անտեսել կասկածը եւ մնալ հաստատ:

Փոթորիկները կեանքի առանցքին շատ բան կը սորվեցնեն, թէ ո՛վ է Աստուած: Քրիստոս «սաստեց» հովն ու ծովը եւ ըսաւ. «Դադրէ՛, լո՛ւռ կեցիր» (Մարկոս 4:39): Եւ հոս մէջտեղ կու գայ Քրիստոսի, իմա բարիին, ուժին գերակայութիւնը փոթորիկին, իմա չարին վրայ: Աստուածաշունչը իր Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջէն կը յստակացնէ Աստուծոյ` Քրիստոսի նկարագիրը` իր ուժականութեամբ-հեղինակութեամբ, բայց նաեւ` ողորմութեամբ եւ գթութեամբ: Այս իմաստով Հին կտակարանի  պատմութեան մէջ դիպուկ է Աստուծոյ պատասխանը Յոբին. «Ո՞ւր էիր, երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի» (Յոբ 38:4): Տակաւին. «Ո՞վ դրաւ անոր չափերը, անոր անկիւնի քարը ո՞վ դրաւ» (Յոբ 38:5-6): Հոս մէջտեղ կու գայ Աստուած մը, որուն հեղինակութիւնը` ուժը, գերազանց է: «Ե՛ս եմ»-ը, որ յստակ կերպով կ՛արտացոլայ:  Աստուածաշունչի մէջ երեք հարիւր անգամներ Աստուած-Քրիսոտոս կը յիշատակէ, թէ Ինք`«Ե՛ս եմ»-ն է: Իրականութիւն մը, որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ` բարիին հեղինակութիւնը: Աստուած Իր հեղինակութիւնը կ՛ուզէ ներկայացնել ոչ թէ մեզ ստրկացնելու, այլ` խոնարհեցնելու, որպէսզի կարենանք ընդունիլ բարին մեր կեանքերուն մէջ: Բարին շնորհք է, զոր Քրիստոս կու տայ «ձրի», եւ որ կը փրկէ ու կ՛առաջնորդէ մարդը-հաւաքականութիւնը փոթորիկներէն: Աստուած կ՛ուզէ ըսել մարդուն-հաւաքականութեան, որ  ամենակարող չեն եւ չեն կրնար ըլլալ, եւ որ պէտք ունին «ուժին», որպէսզի կարենան ապրիլ բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Աստուած կը շնորհէ այս ուժը, որ «բարի է» (Սաղմոս 107:1), եւ որ Ինք` Աստուած, մեզ «փրկեց թշնամիին ձեռքէն»: Թշնամին պէտք է հասկնալ իբրեւ փոթորիկ (սաղմոս 107:2): Ու տակաւին, Աստուած ողորմած է եւ «անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» (սաղմոս 107:1): Քրիստոս կերտեց յաւիտենականութիւնը մարդուն եւ աշխարհին համար, երբ յաղթեց մահուան` մեղքին, երբ Ինք յարեաւ: Ու Իր յարութեամբ մենք դուրս կու գանք յաղթական:

Հոս արժէ բանալ մէկ փակագիծ եւ ընդլայնել Աստուծոյ-Քրիստոսի ինքնութիւն-նկարագիրը: Եթէ Ան ուժի եւ հզօր Աստուած է`«Ե՛ս եմ»-ի հետեւողականութեամբ, բայց Ան նոյնքան «Բարին» է`«փրկիչ» եւ «ողորմած»:

Փոթորիկ-փոթորիկները մարդկային կեանքի մէջ մարդուն-հաւաքականութեան կու տան առիթը` արժեւորելու-վերարժեւորելու մէկ կողմէ Աստուծոյ ուժը, գիտակցութիւնը եւ նոյնքան` այս նոյն ուժին շնորհած ապահովութիւնը, որ բարի է, ողորմած եւ փրկութիւն շնորհող:

Կեանքի մէջ փոթորիկները առիթ են մարդուն-հաւաքականութեան` զգաստանալու: «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ հաւատք չունիք» (Մարկոս 4:35): Քրիստոս ուղղեց հարցումը իր շուարած ու վախով լեցուն աշակերտներուն`  ըսելով, աւելի ճիշդ` սաստելով. «Հաւատք չունի՞ք»: Ան այսօր նոյն հարցումը կ՛ուղղէ մեզի` հայուն, աշխարհին, որ վախի ու անապահովութեան մթնոլորտի մէջ է:

Պօղոս առաքեալ քրիստոնեան կը նկատէ «գործակից» Աստուծոյ եւ Քրիստոսի, «ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով` կ՛աղաչենք, որ Աստուծոյ շնորհը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք» (Բ. Թուղթ առ Կորնթացիս 6:1): Գործակից պիտի նշանակէ գործընկեր` միասին աշխատող: Աստուած, որ բարի է, ապահովութիւն եւ ողորմութիւն ու փրկութիւն ներշնչող եւ տուող. այս պիտի նշանակէ,  որ նոյնը կրնան ըլլալ Իր գործընկեր(ներ)ը: Եթէ Քրիստոս դէմ կեցաւ փոթորիկին, այս կը նշանակէ, որ մարդը-հաւաքականութիւնը նոյնպէս պիտի կարենայ դէմ կենալ իրեն դէմ ցցուող փոթորիկներուն: Մարդը կրնայ ընել, եթէ կը մնայ Քրիստոսի հետ գործակից:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ապրեցաւ շատ մը փոթորիկներ, որոնք տարբեր ձեւերու եւ երեւոյթներու մէջէն պատահեցան իր կեանքին մէջ: Եթէ հայը «վախցաւ» այս երեւոյթներէն ու, տակաւին, «կասկածեցաւ», բայց եւ այնպէս կրցաւ դուրս գալ անկէ: Հայը նոյնքան «սորվեցաւ», որ առկայ է «Աստուծոյ հեղինակութիւնը», որուն միջոցով ալ հայը կրցաւ ապրիլ մինչեւ այսօր` իր կեանքի հանդիպած բոլոր արհաւիրքներուն եւ փոթորիկներուն: Հայը կրցաւ ընել, քանի որ միշտ ալ գիտակցեցաւ, թէ ինք Քրիստոսի գործակից է: Վերջապէս`աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետակութիւնն է,`չէ՞…

Այսօրը…

Շատ են հայուն փոթորիկները: Հայաստան աշխարհ, Արցախ եւ քիչ մը ամէն տեղ: Նաեւ կան այս փոթորիկներու մէջէն անցնելու մարտահրաւէրները:

Պատմութեան փորձը յստակ է: Պիտի մնա՞նք հաստատ մեր «հաւատացածին», որ Քրիստոսի գործակից ժողովուրդ ենք, եւ պէտք է, որ շարունակենք մնալ:

Եթէ այո՛, այն ժամանակ պիտի սկսինք կարենալ յաղթահարել մեր կեանքի փոթորիկներու այս ժամանակահատուածն ալ:

Եւ պիտի կարենանք թիավարել փոթորիկներուն մէջէն, թէկուզ անոնք շատ են եւ կնճռոտ, հասնելու մեր` հայուն «ուզած նաւահանգիստը» (սաղմոս107:30):

Այս ալ քրիստոնեային շնորհուած ապահովութիւնն է: Ապահովութիւն մը, որուն հիմքը եւ առաջնորդը Քրիստոս է: Եւ Քրիստոսի հետ մենք ունինք գործակցութիւն:

Եւ այս գործակցութեան շնորհիւ պիտի հասնինք «նաւահանգիստ»:

 22 սեպտեմբեր 2021
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ