Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Արդ Եւս». Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը՝ «Արդ եւս»ը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը: Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը:

Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան եւ կը փոփոխուին, յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը. կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու եւ փորձառութիւններու վրայ: Հիմնարկութիւնը կը փափաքի խթանել զարգացումի, նորոգումի եւ ինքնութեան (վերա)կերտումի այս հոսանքները, առիթ ընծայելով որ հայ ստեղծագործ միտքեր արտայայտուին որեւէ ձեւով, իրենց իսկ իրականութիւններուն համապատասխան առընչելի նիւթերով:

Կայ արեւմտահայերէնով ներգործուն եւ ժամանակակից մշակոյթ մը զարգացնելու անյետաձգելի պահանջքը: Վտանգուած լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու առաջին նախադրեալը անով մշակոյթ ստեղծելն է. մշակոյթ՝ որ երիտասարդներուն կապուած է եւ անո՛նց կողմէ կը ստեղծուի: Հայ լեզուն եւ մշակոյթը չեն կրնար զերծ մնալ միջազգային հոսանքներէն, մանաւանդ երբ ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք համաշխարհային ուժականութեան յարացոյցերու փոփոխութիւններուն, թեքնաբանական սրընթաց նորութիւններուն, կենսոլորտային աղէտներուն եւ ինքնութիւններու զարգացման: Լեզուն եւ մշակոյթը աշխարհին հետ շաղկապելու հրամայականը պիտի մղէ որ անոնք մնան կենսունակ եւ առընչելի:

«Արդ եւս» ծրագիրը պիտի խթանէ ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու:

Ծրագիրը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն կամ ներկայացում՝ ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է: Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային եւ դիմել արտայայտութեան զանազան միջոցներու, ներառեալ՝ գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ, նորարար հեռարձակումներ ինչպէս եւ որեւէ այլ արտայայտութեան միջոց:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը:«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունք

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ