Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մշակութային Արձագանգ

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ալ-Թանի Ապտալլահ Պըն Ճասեմ Ալի, «Քաղաքական յարաբերութիւնները մոնկոլներու եւ Փոքր Հայքի Թագաւորութեան միջեւ (1236-1277 Ք. Ե.) եւ անոնց ազդեցութիւնը համաշխարհային պատմութեան վրայ», «Տար էլ-ուլում ալ-արապիյյա» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2020 (անգլերէն):

– Կիւզելեան Ասատուր, «Խօսում են նամակները – Յուշ-նամականի», «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 420 էջ:

– «Հայ ռազմավարական միտքը», խմբագիր՝ Վարուժան Սիրապեան, «Սիժեսթ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, սեպտեմբեր 2021, 164 էջ (15 x 24 սմ.) (4 հայ եւ 2 յոյն հեղինակներու յօդուածներու ժողովածու) (ֆրանսերէն):

– «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԽԱ. տարի, հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի, Պէյրութ, 2021:

– Մատթէոսեան Վարդան, « «Հայոց ցեղասպանութիւնը» անուանելու քաղաքականութիւնը – Լեզու, պատմութիւն եւ «Մեծ Եղեռն» », «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար թիւ 1, Լոնտոն, 2021, 296 էջ (15,5 x 23,2 սմ.) (ներածութիւն, 2 մաս՝ 8 գլուխներով, 2 յաւելուած՝ « «Եղեռն» բառին իմաստը գիրքերու եւ յօդուածներու խորագիրներուն մէջ», « «Եղեռն»ը եւ «ցեղասպանութիւն»ը յուշագրական արձանագրութեանց մէջ», օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (անգլերէն):

– Շթայներ Փամելա, «Հաւաքական հոգեխոցը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները 1839-էն սկսեալ», «Հարթ» հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., փետրուար 2021, 368 էջ (15,5 x 23,2 սմ.) (Հենրի Մորկընթաուի ծոռնուհի հեղինակը Հայոց ցեղասպանութիւնը կը քննարկէ պատմութեան, մարդու իրաւանց, հակամարտութեանց լուծման եւ հոգեբանութեան դիտանկիւններէն) (անգլերէն): [Հեղինակը «մոռցած է», թէ մինչեւ 1918 Ատրպէյճան, իսկ մինչեւ 1936՝ ատրպէյճանցի գոյութիւն չունէին…]:

– Պապեան Յասմիկ (կազմող), «Կոմիտաս – Գերմաներէն երգեր», էլեքթրոնային հրատարակություն, 2021, 34 էջ (Մեծն Կոմիտասէն 9 երգեր՝ իրենց նօթաներով, նոյն երգերու խտասալիկը) (գերմաներէն):

– «Պարսկաստան/Իրանի հայկական համայնքները – Պատմութիւն, վաճառականութիւն, մշակոյթ», խմբագիր՝ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Եու Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մատենաշար թիւ 15, «Մազտա» հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 2021, 672 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (Նոր Ջուղայի եւ Իրանի միւս հայկական գաղութներու վերաբերեալ Եու Սի. Էլ. Էյ. համալսարանին մէջ կայացած երկու գիտաժողովներուն նիւթերը, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Ռիէք Հայտէ եւ Օրտուխանեան Ազատ (խմբագիրներ), «Արմարտներ օդին մէջ – Ցեղասպանութեան եւ կեանքի հետքեր», «Փրոյեքթ» հրատարակչութիւն, Պոխում – Գերմանիա, 2021 (ցեղասպանութենէն վերապրած կամ ցեղասպանութեան մասին հայ, յոյն, ասորի, արամէացի եւ թուրք անձերու 27 պատումներ ու վկայութիւններ) (գերմաներէն):

– «Սեւ այգին բոցերու մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խորհրդային եւ ռուսական մամուլին մէջ», կազմող, խմբագիր եւ ռուսերէնէ թարգմանիչ՝ Արտեոմ Հ. Տոնոյեան, հրատարակիչ՝ East View Information Services Incorporated, 2021 (յօդուածներու եւ նիւթերու ընտրանի) (անգլերէն):

– Վարդանեան Էդդա եւ Պօղոսեան Զարուհի, «Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին», «Պրիլ» հրատարակչութիւն, Ամսթերտամ, 2019 (Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ 2014-ին կայացած միջազգային գիտաժողովին նիւթերը, Ս. Խաչի՝ Փանոս Թերլեմեզեանի հեղինակած գծանկարները) (անգլերէն եւ ֆրանսերէն):

– Րաֆֆի, «Խենթը – Հայաստանի մէջ ռուս-թրքական վերջին պատերազմի ընթացքին արկածախնդրութիւններ», հայերէնէ թարգմանեցին Պեյոն Միլոյեանը եւ Քիմպըրլի ՄըքՖարլեյնը, «Սոֆեն» հրատարակչութիւն, 2020, 396 էջ (12,6 x 20,2 սմ.) (անգլերէն):

– Րաֆֆի, «Հարեմ», հայերէնէ թարգմանեցին Պեյոն Միլոյեանը եւ Քիմպըրլի ՄըքՖարլեյնը, «Սոֆեն» հրատարակչութիւն, 2020, 134 էջ (12,6 x 20,2 սմ.) (անգլերէն):

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ