Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Արցախի Հոգեւոր-պատմական Յուշարձանները» Խորագիրով Քարտէզ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը, համագործակցելով Հայաստանի քարտէզներու հրատարակութեան գործին մասնագիտացած «Քոլաժ» հրատարակչութեան հետ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նիւթական աջակցութեամբ լոյս ընծայած է «Արցախի հոգեւոր-պատմական յուշարձանները» խորագիրով քարտէզ (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն)։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Ակօս»-էն։

Ասիկա Մայր Աթոռի հրատարակչութեան առաջին փորձառութիւնն է առանձին քարտէզ հրատարակելու, սակայն վանքերու եւ եկեղեցիներու տեղագրման խտութեան տեսան-կիւնէն նախադէպը չունի։


Քարտէզները բացառիկ են նաեւ սահմանագծման տեսանկիւնէն, քանի որ երեք տարբեր գծագրումով նշուած են Արցախի, ԼՂԻՄ եւ ներկայիս ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ 2020-ին բռնագրաւուած տարածքներուն սահմանները, որուն միջոցով հնարաւոր է յստակ տեղորոշումով տեսնել այն վանքերը, եկեղեցիները եւ պատմա-կրօնական նշանակութիւն ունեցող յուշարձանները, որոնք մնացած են գերութեան մէջ։ Քարտէզը, վստահաբար, օգտակար կ՚ըլլայ թէ՛ պատմաբաններու, թէ՛ յուշարձանագէտներու, թէ՛ միջազգայնագէտներու եւ թէ՛ թեմայով հետաքրքրուող այլ անձերու։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ