Հայկական իրականութեան մէջ կան վէրքեր, որոնք երկար տարիներ չեն դարմանուիր։ Անոնց պատճառները շատ են՝ ֆիզիքական, բարոյական, նիւթական։ Կան իրադարձութիւններ, որոնք ֆիզիքապէս թերեւս կարելի է վերականգնել, բայց բարոյական կորուստը նիւթական ոչ մէկ ձեռք բերումով չի վերականգնուիր։
Մեր կեանքի մէջ այդ օրերէն է 1988 թուականի երկրաշարժի օրը: Ճիշդ 33 տարի անցեր է, բայց թարմ են թէ՛ վէրքերը, թէ՛ յիշողութիւնները։
Ժամանակի ընթացքին ՀՀ կառավարութիւնը միջոցներով եւ սփիւռքի ու բարեկամ երկիրներու նուիրատուութիւններով որոշ շտկումներ կատարուեցան, տնաւեր ընտանիքներու հանապազօրեայ խնդիրները ձեւով մը լուծուեցան։
Երիտասարդ սերունդի մէջ, թերեւս, զուտ նկարագրութեամբ եւ պատմածներով, ձեւաւորած ըլլայ յիշողութիւն մը, բայց աւագ սերունդը լաւ կը յիշէ այն թշուառութիւնը, որուն մէջ յայտնուեցաւ Հայաստանը 90-ականներու սկիզբը, որ աւելի ծայրայեղ էր այն շրջաններու մէջ, ուր ամէն տեղ աւերակի վերածուած էր: Երկրաշարժի պատճառած կործանումէն ետք աւերակներ, պատերազմ, տնտեսական շրջափակում, լոյսի եւ ջեռուցման բացակայութիւն, հացի պակասութիւն…
Այն ինչի մէջէն անցաւ հայն ու Հայաստանը , ծանր հետեւանքներ ունեցան ու երկար դեռ երկար պիտի յիշուի:
7 Դեկտեմբերը Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի օրն է։ Խունկ ու աղօթք անոնց յիշատակին, իսկ իրենց ընտանիքներուն՝ մխիթարութիւն, ուժ եւ համբերանք։