Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞ւ․ Հարցեր՝ Որոնք Անպատասխան Կը Մնան

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Սպառազինուիլ, Վասն Ինչի՞ ….

Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք որ ռազմավարական փորձեր կը կատարուին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեամբ։ Վերջերս Չինաստան բարձր որակի եւ կատարելագործուած հրթիռներ արձակեց դէպի անջրպետ։ Իսկ Հիւսիսային Քորիան նման հրթիռներ արձակեց ծովին յատակէն ․․․

Ի՞նչ իմաստ ունին այս գործողութիւնները, չեմ հասկնար։ Ես նկատի ունիմ անոնց համար ծախսուած անհատնում գումարները, որոնք կրնան գործածուիլ աւելի անհրաժեշտ եւ մարդասիրական նպատակներու։

Բոլորս ալ քաջ տեղեակ ենք որ հիւլէական զէնքերը երբեք պիտի չգործածուին, որովհետեւ եթէ երկիր մը սխալմամբ գործածէ՝ անոր պիտի յաջորդէ ուրիշ երկրի մը հակադարձ գործածութիւնը այդ մահացու զէնքին եւ այսպէս յաջորդաբար պիտի ստեղծուի շղթայական հակամարտութիւն մը (chain reaction), որուն զոհ պիտի երթայ ամբողջ աշխարհը, չէ՞ք խորհիր!

Միացեալ Նահանգները, Չինաստանն ու Ռուսիան՝ որոնք աշխարհի հզօրագոյն երկիրներն են, հաւանաբար կրնան արդարացնել սպառազինման համար իրենց ծախսած գումարները, որովհետեւ կ՛ուզեն գերադասել միւսները։

Սակայն Ինչո՞ւ Հիւսիսային Քորիան կ՛ուզէ մրցիլ այդ հզօր պետութիւններուն հետ։ Եղբայր, դուն նախ քու բնակչութիւնդ կշտացուր եւ անոնց բնական կարիքներում գոհացում տուր ու ապա հրթիռներ պատրաստէ ու անջրպետ արձակէ զանոնք, վասն ցուցամոլութեան։

Անտեղի սպառազինման ուրիշ օրինակ մըն ալ Իրանն է։ Ինչո՞ւ անպայման կ՛ուզէ հիւլէական զէնք ունենալ, երբ շատ լաւ գիտէ թէ պիտի չկարենայ օգտագործել։ Նայեցէք Հնդկաստանին,  Փաքիստանին եւ Հրէաստանին, անոնք ալ հիւլէական զէնք ունին՝ սակայն այդ կը ծառայէ միայն ու միայն դրացի երկիրները վախցնելու, ուրիշ ոչինչ։

Կորսուա՞ծ էիր ․․․

Կիրակի, 14 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, աշխարհահռչակ Անգլիացի երգչուհի Ատել (տես նկարը) ելոյթ մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի Կրիֆիթ զբօսայգիի աստղադիտարանի բացօթեայ դաշտին վրայ։ Այդ ելոյթին առընթեր, ան հարցազրոյց մըն ալ ունեցաւ հեռատեսիլի հիւրընկալ դարձած՝ սինեմայի նշանաւոր աստղերէն Օփրա Ուինֆրիի հետ։

Հարցազրոյցի նիւթն էր Ատելի կեանքի ելեւէջներն ու յայտագրի առաջին երգի «Helo»-ի ստեղծագործութիւնը։ Առ ի գիտութիւն ըսեմ որ այդ երգը հրապարակ իջած է 2015-ին եւ առաջին տարուան ընթացքին ծախուած է 17.4 միլիոն օրինակ։

Հարցազրոյցի ընթացքին ի յայտ եկաւ որ այդ երգի ստեղծագործութեան դրդապատճառը հետեւեալն է։ Օփրայի հարցումին պատասխանելով՝ Ատել ըսաւ որ «Ես կ՛ուզէի ինքզինքս գտնել։»  I wanted to find myself.

Զարմանալի չէ՞, ես ալ պիտի պատասխանէի թէ «Ինչո՞ւ կորսուած էիր մինչեւ հիմա։» Դժբախտաբար այս հարցը համատարած է գէթ ամերիկայի մէջ։ Մարդիկ փոքր տարիքէն կ՛ամուսնանան եւ մի քանի տասնամեակ ետք՝ կ՛երեւի թէ կը ձանձրանան այդ միօրինակ կեանքէն եւ կը դիմեն ամուսնալուծման, պատճառաբանելով թէ «Կ՛ուզեմ գիտնալ թէ ո՞վ եմ ես։» I want to know who I am.

Է՜հ, մինչեւ հիմա չէի՞ր գիտէր թէ ով ես դուն .․․ Կատակի համար ըսենք թէ «Եթէ գիտցար որ չորքոտանի կենդանի մըն ես՝ ի՞նչ պիտի ընես, անտառ պիտի երթաս եւ անոնց նմա՞ն ապրիս։» Բայց դժբախտութիւնը այն է թէ մարդիկ ինչ որ ալ ըսեն կամ ինչ արտասովոր քայլ որ առնեն, կ՛ընդունուին հասարակութեան կողմէ։ Վայ է եկել մեզի՝ որ այսպիսի բաներու չենք հաւատար!

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ