Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը

Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս ան կեդրոնացաւ յատկապէս Կաթողիկոսարանի մշակութային առաքելութեան՝ անդրադառնալով զանազան բնագաւառներուն: Շխրտմեան նաեւ յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն նախաձեռնողն է կարեւոր աշխատանքներուն ու եզակի իրագործումներուն, այլ նաեւ գնահատողը անոնց իրագործման մասնակից դարձող մտաւորականներուն: Ներկայ հաւաքը, պատուելու համար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ:

Բացման խօսքին յաջորդեց Նորին Սրբութեան պատգամը: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մարդը արժէք կը դառնայ ոչ թէ իր ունեցածով, այլ ծառայութեան ճամբով իր տուածով՝ նախ Աստուծոյ ապա իր եկեղեցւոյ ու ազգին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեց, որ նահանջի ու անտարբերութեան մթնոլորտը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել հայ կեանքէն ներս, ամէն տեղ: Որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայողներուն՝ մեր հաւաքական կեանքին իրենց նուիրեալ ու գործօն մասնակցութեամբ: Խօսելով Հրայր Ճէպէճեանի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ան իր ծառայութիւնը բերաւ գիրի ու գրականութեան ճամբով: Ան Աստուածաշունչը հասանելի դարձուց թէ՛ մտաւորականին եւ թէ՛ մանուկին ու պատանիին: Իր ծաւալուն աշխատանքներուն կողքին մնայուն ներկայութիւն դարձաւ հայ մամուլին մէջ՝ մտաւորական վաստակ ձեռք բերելով այդ բնագաւառէն ներս: Այսպէ՛ս արժեւորեց ան իր կեանքը եւ այսօր արժանի է Մեր գնահատանքին:

Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք ընթերցուեցաւ Հայրապետական սրբատառ Կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէր դոկտ. Ճէպէճեանի երկար տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն ետք Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կուրծքը:

Հանդիսութեան աւարտին, դոկտ. Ճէպէճեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին՝ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իբրեւ փարոս հայ մշակութային կեանքի ու հաւատքի առաքելութեան, միշտ կը մնայ բոլորին տունը: Հետեւաբար, այսօրուան պարգեւատրումը ինծի համար վերանորոգող մղիչ ոյժ մը դարձաւ իմ ծառայութիւնս աւելիով կատարելու հայ կեանքէն ներս:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ