Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ-ը Համաժողով Մը Կը Կազմակերպէ Ցեղասպանութեան Մասին՝ Մշակութային Իրաւունքներու Ոսպնեակին Ընդմէջէն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ, Լիբանան) համագործակցութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային  Քաղաքականութեան ու Միջազգային Հարցերու Հաստատութեան (IFI-AUB) եւ Պոտսթամի Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութիւններու Լէփսիւս Հաուսին (Lepsuis Haus) հետ, առցանց գիտաժողով մը կազմակերպեց «Ցեղասպանութիւնը՝ Մշակոյթի Ոսպնեակին Ընդմէջէն» պիտակին տակ:

Լայնօրէն դիտուած այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ին, «Ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին ու արժանապատուութեան եւ յանձագործութեան կանխարգելման միջազգային օր» ուան առիթով, որ ամէն տարի կը նշուի 9 Դեկտեմբերին: ՀԲԸՄ Լիբանանը եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Հարցերու Հաստատութիւնը երկարամեայ գործընկերներ են,  որոնք ամէն տարի կը համագործակցին այս առիթով, հիւրընկալելով ականաւոր բանախօսներ  Ցեղասպանութեան կանխարգելման հետ առնչուող հարցերը քննարկելու նպատակով: Աւելին, փոխ-ըմբռնման յուշագիր մը կը միացնէ ՀԲԸՄ-ն ու Լէփսիւս Հաուսը (Lepsuis Haus), որոնք 2016-էն ի վեր կը համագործակցին իրարու հետ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ կապուած տարբեր ոլորտներու շուրջ:

Համաժողովը բաղկացած էր երկու մասերէ եւ  տեւեց մէկ ու կէս ժամ, զոր վարեց  Իսամ Ֆարէս Հաստատութեան ներկայացուցիչ Պրն. Եղիա Թաշճեանը:

ՀԲԸՄիութեան Վարիչ Տնօրէնուհի Օրդ. Արին Ղազարեան ու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Հարցերու Տնօրէն Դոկտ. Ժոզէֆ Պահութ հանդէս եկան բացման խօսքով ու շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն այս հետաքրքրական ձեռնարկին մասնակցելուն առիթով:

«Այսօրուան համաժողովը պիտի կեդրոնանայ Ցեղասպանութեան վրայ՝ մշակոյթնե-ներու ոչնչացման լոյսին ներքեւ ու պատմուածքներու եւ յիշողութիւններու կառուցման մասին» հաստատեց Օրդ. Ղազարեան:

«Հակառակ շատերու մտածելակերպին, մշակոյթը,  ժառանգութիւնը,  յիշողութեան հաւաքական ինքնութեան խնդիրները կողմնակի ցուցադրութիւններ չեն: Անոնք կողմնակի ցուցադրութիւն չեն, անոնք ճարտարութիւն չեն դժուարին քաղաքականութեան դէմ: Անոնք ազգային կառուցման,  հաւաքական յիշողութեան եւ ինքնութեան հիմքերն են: Բազմաթիւ անգամներ առնչուած են նաեւ տնտեսութեան հետ: Այսպիսով՝ անոնք իսկապէս կայունութեան հիմքերուն մէջ են» շեշտեց Դոկտ.  Պահութ:

Լեփսիւս Հաուս Փօթստամի (Lepsius Haus Potsdam) փոխտնօրէն Դոկտ. Ռօյ Քնօք լուսարձակեց բարոյական չարիքի եւ մշակութային ժառանգութեան կորուստի միջեւ փոխյարաբերութիւններուն վրայ, մշակութային ուսումնասիրութիւններու եւ փիլիսոփայական տեսանկիւններէն դիտուած: Դոկտ. Քնօք նշեց որ թէեւ Միջազգային Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ)ի 1948-ի Համագումարին մէջ, մշակութային ցեղասպանութեան ոչ մէկ երեւոյթ չէ յիշուած, սակայն, մշակութային ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, պատմական ու ժամանակակից հասկացողութիւններ կը գտնուին:

Ապա Դոկտ. Քնօք հարցադրեց թէ ինչու մշակութային բազմազանութիւնը պէտք է ցանկալի նպատակ ըլլայ,  երկու հիմնական փաստեր ներկայացնելով: Նախ ան քննարկեց արժէքային բազմակարծիքութեան փաստարկը՝ որ արձագանք է բարոյական միականութեան, ուր բոլոր հարցերը կը նուազին հասնելու մէկ հնարաւոր պասախանի՝ գնահատելու համար մէկ արժէք օգտագործելով: Արժէքային բազմակարծութեան փաստարկը  մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր մշակութային աշխարհներ ընտրելու: «Եթէ մշակոյթներ կազմող խումբերն ու հաւաքականութիւնները ոչնչացուին, ապա մարդկային ազատ ընտրութեան հիմնական եղանակը կը սահմանափակուի»: Երկրորդ կէտը յիշողութիւնն ու բազմակարծութիւնն է ուր անցեալի յիշողութիւնները, խօսքերը, գործերը, ուրախութիւններն ու վիշտերը մշտական տեղ կը գրաւեն աշխարհին մէջ, պարզապէս այն պատճառով որ մարդիկ կրնան յիշել այդ բոլորը:

«Յիշողութեան, մշակութային իրականութեան եւ դատողութեան ոչնչացումը ցեղասպանական պայմաններուն մէջ ձեռք ձեռքի կու տան» յայտարարեց Դոկտ. Քնօք, միաժամանակ հաստատելով որ Ցեղասպանութեան զոհերը արդէն յիշողութիւն են:

Առաջին բաժին:  Մշակութային միջամտութիւնները որպէս  կանխարգելում՝

Դոկտ. Հեղնար Ուաթէնփօն, արուեստի ու ճարտարապետութեան Դասախօս UC DAVIS-ի մէջ, ուսումնասիրեց մշակութային ժառանգութեան եւ  մարդկանց իրաւունքներու միջեւ  կապերը, արուեստի պատմութեան տեսանկիւնէն դիտուած: Ան պնդեց որ սերտ կապեր կան մէկ կողմէն մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու միւս կողմէն՝ խտրականութեան, ազգագրական զտումներու եւ ցեղասպանութեան միջեւ: Մշակութային ոչնչացումը միչեւ օրս տեսնուած է իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան ընդմէջէն, եւ այդ կը կատարուի, երբ յանձագործները կ՛ոչնչացնեն ու կը գողնան զոհերուն մշակոյթն ու արուեստը: Ցարդ հաստատուած է որ ոչնչացումը ցեղասպանութեան գործընթացի հիմնական տարրն է»:

Անցնող դարրաշրջանի մարդկանց իրաւունքներու մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը՝ համայնքներու անունով արդարադատութեան հաստատումը եղած է, որոնց մշակոյթները ոչնչացուած ու գողցուած են, եւ կարենալ կանխել մշակոյթի վրայ առաջին հերթին ոտնձգութիւնները» ըսաւ Դոկտ. Ուաթէնփօն. Աւելին, «Համաշխարհային ժառանգութեան» իտէալը յառաջացած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ տեղի ունեցած սարսափներու արդիւնքով եւ ենթադրուած է որ մշակոյթի յատուկ գործերը կը պատկանին ողջ մարդկութեան: Այս տեսակէտն  է որ կը պաշտպանէ Եունէսքօն (UNESCO) ժառանգութեան ոչնչացումը կանխարգելու եւ զսպելու ձախողութեան համար՝ եւ որ քննադատութեան ենթարկուած է: Այսպիսով, ցոյց կը տրուի պետութիւններու առաջնահերթութիւնը, երբ խօսքը կը վերաբերի առնուելիք որոշումներուն: Այդ ալ ցոյց տալու համար Դոկտ. Ուաթէնփօն Լեռնային Ղարաբաղի Երկրորդ պատերազմին օրինակները տուաւ, ուր յստակ է որ դիտումնաւոր մշակութային  ոչնչացում էր տեղի ունեցածը:  Ատրպէյճանը թոյլ չի տար որ Եունէսքօյին կամ մշակութային դէտեր այցելեն Ղարաբաղի մէջ գտնուող Հայկական մշակութային ու կրօնական վայրերը: Հետեւաբար, կ՛երեւի թէ մշակութային ժառանգութիւնը քաղաքականացուած է: Մշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ ըլլայ ոչ զէնք եւ ոչ ալ թիրախ, այլ՝ խաղաղութեան հիմք», եզրափակեց Դոկտ. Ոեաթէնփօն իր զրոյցը, շեշտը դնելով մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ համընդհանուր եւ ներառական մօտեցման անհրաժեշտութեան:

Երկրորդ բաժին: Թանգարաններ եւ Յիշատակում. Շարունակական արդարադատութեան բանաձեւ

Գալիֆորնիոյ Համալսարանէն, (Պերքլի), Դոկտ. Ահմէտ Ռաշիտ Սալիմը, ազդեցիկ ներկայացումով բացատրեց Աֆղանիստանի մէջ լեզուի ու բանաստեղծութեան կարեւորութեան ու անոնց ոչնչացման մասին, յատկապէս երկրին մէջ Թալիպաններու իշխանութեան վերադարձին լոյսին տակ: Չնայած այն իրողութեան, որ Աֆղանիստանը փոքրամասնութիւններու ազգ է, գոյութիւն ունի Պարսկերէնը՝ որ մեծամասնութեան լեզուն է: Ֆարսին, մինչեւ վերջերս պաշտօնական լեզուն էր: Աւելին, Թալիպանները, կը զսպեն, կը նուազեցնեն ու կը փոխարինեն Պարսկերէնը Փուշթու լեզուով: Սա կը հանգեցնէ «Լեզուն զէնքի վերածելու, որպէս ջնջման ճնշումներու, ժխտման ու կանխարգելման գործիք, որպէսզի համայնքներու մէջ անհատները չյաջողին պահպանել եւ յիշել թէ պատմութիւնը եւ թէ մշակոյթը, շարունակեց Դոկտ. Սալիմը: Ան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Թալիպանները կ՛ոչնչացնեն ժառանգութիւնն ու արուեստը եւ թէ ինչպէս եզակի է երբ կ՛ոչնչացնեն ամէն ինչ բացի իրենցինը:

Ի վերջոյ, ան հարց տուաւ թէ ինչպէս կրնանք ուրուագծել մշակոյթը եւ որտեղ կրնանք կանգ առնել մշակութային ոչնչացման ու բռնութեան ազդեցութիւնները քննարկելով, որոնք անխուսափելիօրէն կը վերածուին բռնութեան այլ ձեւերու:

Դոկտ. Սալիմը կ՛եզրակացնէ Աֆղանիստանցի բանաստեղծ Ուասէֆ Պախթարի մէկ բանաստեղծութեամբ, ուր ՄԻՒՍԻՆ ոչնչացման մասին կը խօսի:

Երկրորդ մասը բաժնուած է երկու հիմնական բաժանումներու, որոնք կը վերաբերին փոխանակելի թէմաներու.-

Ա) Պարակտուած հասարակութիւններու Մշակութային միջամտութիւն՝ Ատրպէյճանէն ու Հայաստանէն Պատմութիւններ.

. Հետազոտող, քննիչ Պրն. Սիմոն Մաղաքեանը ներկայացուց եւ ցոյց տուաւ 15 տարիներու մշակութային աւերուածութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Նախիջեւանի մէջ, Ատրպէյճանցիներուն ձեռամբ: Նախիջեւանը հարուստ է իր բնիկ հայկական ժառանգութեամբ եւ կը պարունակէ 28.000 մշակութային արժէքներ: Պրն. Մաղաքեան աւերուած ժառանգութիւնները ցոյց տալու համար օգտագործեց չորս տեսակի ապացոյցներ.-

Արբանեակային նկարներ, ականատեսներու վկայութիւններ, հանրային հրամանագրեր, պետական արխիւներու եւ անհատներու աղբիւրներէ լուսանկարներ: Այս շատ հետաքրքիր ներկայացումը ցոյց տուաւ թէ որքան կարեւոր յուշարձաններ ու վայրեր կան, ինչպիսին է Նախիջեւանի ամենամեծ Հայկական գերեզմանատունը՝ Ջուլֆայի գերեզմանատունը, որ, այժմ ամբողջութեամբ աւերուած ու քանդուած է: Պրն. Մաղաքեան իր ներդրումը աւարտեց՝ զգուշացնելով որ կան այլ վայրեր եւս, որոնք վտանգուած են ու պայման չէ որ անոնց ոչնչացումը անմիջապէս իրագործուի. Երբեմն քանի մը տարիներ կ՛առնէ որ կառավարութիւնը ոչնչացնէ ՄԻՒՍԻՆ ժառանգութիւնը:

. Politics First ամսագրի հրատարակիչ ու Ռուսաստանի փորձագէտ Դոկտ. Մարքըս Փափատոփուլոս իր խօսքը սկսաւ ընդգծելով համաշխարհային անտարբերութիւնը եւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Հայ ժողովուրդին նկատմամբ եղած մեծ անարդարութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենաանտեսուած զանգուածային սպաննութիւններէն մէկն է» շեշտեց ան: Այդ միայն չի սահմանափակուիր այդ ժամանակամիջոցի միջազգային արձագանքի բացակայութեամբ, այլեւ Մեծն Փրիտանիոյ եւ Իսրայէլի նման հզօր պետութիւններու կողմէ ցեղասպանութեան բուռն ժխտումով, հիմնականին մէջ՝ քաղաքական ու տնտեսական շահերու պատճառով:

Դոկտ. Փափատոփուլոսը շարունակեց իր զեկուցումը, տարբեր ջարդեր ու զանգուածային վայրագութիւններ նկարագրելով, ուր Ատրպէյճանցիները գործադրեցին Հայերուն դէմ, պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, հիմնականին մէջ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման ու Արցախեան Առաջին պատերազմի տարիներուն: Աւելին, ակնյայտ է, որ Հայերուն նկատմամբ, Ատրպէյճանի պետութեան հիմնական յատկանիշը՝ իրենց ատելութիւնը՝ շատ յաճախ Հայերուն անուանելով «Անհաւատներ» եւ «Կենդանիներ»: Բաց աստի, Դոկտ. Փափատոփուլոսը շեշտեց որ « Ողորմելի եւ ողբալի մակարդակը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկումն է աշխարհի մէջ» առանցքային գործօն է թէ համաշխարհային հասարակութիւններու կողմէ պատերազմի նկատմամբ քիչ հետաքրքրութիւն կար:

Բ) Իրաքի եւ Սուրիոյ Մշակութային ոչնչացման իրաւական հետեւանքները

Դոկտ. Ալի Ալ Նաշմին, Իրաքցի հետազոտող եւ  պատմաբան, քննարկեց մշաքոյթին սկիզբը եւ թէ ինչպէս համայնքները նպաստած են տարբեր մշակոյթներու ստեղծման գործընթացին: Մշակոյթները կը ստեղծուին մէկ կողմէն հասարակութեան եւ հողի միջեւ երկարատեւ յարաբերութիւններով, միւս կողմէ, հասարակութեան եւ տարածաշրջանային միջավայրերու յարաբերութիւններուն միջեւ: Այդ հաստատուելու համար անհրաժեշտ է հարիւրաւոր եւ հազարաւոր տարիներ: Հետեւաբար,  երբ մշակոյթի մէկ կողմը կը թիրախաւորուի, ամբողջ մշակոյթը կը փոխուի կամ կ՛ոչնչանայ:

Դոկտ. Ալի Նաշմին ուսումնասիրած է Իրաքեան մշակոյթը եւ ինչպէս տարբեր «բնօրինակ համայնքները» իրենց մշակոյթը կը կազմեն: Ան շեշտեց որ «Փոքրամասնութիւն» բառը նուաստացուցիչ է,  եւ անոր փոխարէն պէտք է «Բնօրինակ Համայնք» օգտագործուի: Աւելին, ան շեշտեց որ այդ համայնքներէն մի քանին, ինչպիսի են քրիստոնեաները, Շիաները, Եզիտիները, Քիւրտերն ու Հայերը կարեւոր տեր ունեցած են ու թերեւս ունին Իրաքեան մշակոյթի ձեւաւորման գործին մէջ՝

Հետեւաբար, Տայէշի կողմէն անոնցմէ որեւէ մէկուն թիրախաւորումը ողջ Իրաքեան մշակոյթին Թիրախ է: Տայէշի կողմէ վայրերու, մարդկանց ու խորհրդանիշներու ոչնչացումը կը յանգեցնէ Իրաքեան մշակոյթին ամբողջական ցնցումը՝ զոր կախեալ է այս բնօրինակ համայնքներէն:

Վերջին բանախօսը եղաւ Պրն. Աալաա Ալ Սայէտ՝ Սուրիացի փաստաբան եւ հասարակական գործիչ Պրն. Ալ Սայէտ ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Հալէպի մէջ զանազան մշակութային կեդրոններ՝ պատմական տաճառներ, շէնքեր, արձաններ, եկեղեցիներ եւ մզկիթներ նպատակաուղղուած կերպով ոչնչացուած են Սուրիակա վերջին պատերազմին ընթացքին: Ոչ միայն այդ, այլ 400 ամեայ վարժարաններ ու հին գրադարաններ եւս թիրախ դարձած են: Մշակութային այս քանդումները ցոյց կու տան թէ յանձագործը աշխատանք կը տանի պատմութեան, մշակոյթի, կրթութեան ու կրօնի եւ գիտելիքի ոչնչացման:

Այս մշակութային ցեղասպանութիւնը մասնաւորապէս մարդիկը չթիրախաւորեց, այլ անոնց  ժառանգութեան  խորքն ու գոյութիւնը: Պրն. Ալ Սայէտ աւարտեց քննարկելով Հալէպի մէջ մեկնարկուած նախաձեռնութիւնը, զոր կը վերաբերի մշակոյթի, կրօնի եւ պատմութեան տեղեկատուութեան թվանցումը, զանոնք այս կամ այլ նպատակով պաշտպանելու մտահոգութեամբ:

Քննարկումներէն ետք, հարց պատասխանի համար քանի մը վայրկեան տրամադրուեցաւ մասնակիցներուն, դասախօսներուն եւ հանդիսատէսներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ