Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Գիրքեր

Վահէ Վահեանին Թարգմանութիւնը Ժպրան Խալիլ Ժպրանի Գլուխ Գործոցը Վերահրատարակուած Է

Բանաստեղծ, խորունկ տեսանող Ժպրան Խալիլ Ժպրանի աշխարհահռչակ  գրական ստեղծագործութիւնը՝ ՄԱՐԳԱՐԷՆ հայերէնի թարգմանուած էր բանաստեղծ ՎԱՀԷՎԱՀԵԱՆի կողմէ 1984ին: Ներկայ թղթակազմ եկրորդ  հրատարակութիւնը կը պարունկէ գրական քննադատ Արփի Սարաֆեանի Նախաբանը եւ կ’ընգրկէ ամբողջական բնագիրը եւ Ներածականը սկզբնաղբիւրին՝  առանց փոփոխութեան: Թէեւ գիրքը պաշտօնապէս հանրութեան պիտի  ներկայացուի գալիք ամիսներուն՝ սակայն կարելի է տօնական օրերու առթիւ օրինակներ գնել ԱՊՐԻԼ ԳՐԱՏՈՒՆի նոր հասցէէն՝ 1022 E. Chevy Chase Dr., Suite C, Glendale, CA, կամ առցանց՝ www/abrilbooks.com/margaren-5869.html կախպով:

ՄԱՐԳԱՐԷՆ, գիրք մը որ ժողովրդականութիւն շահած էր իր 1923-ի առաջին հրատարակութենէն արդէն, հայերէն այս թարգմանութիւնը, որ շատերու կողմէ նկատուած է լաւագոյնը թարգմանութիւններուն՝ երեսունըհինգ տարիէ ի վեր անհասանելի է հայ ընթերցողին: Այս երկրորդ հրատարակութիւնը արձագանգ մըն է հայ մամուլին մէջ երեւցած զանազան յօդուածներէն եկած խնդրանքին:

Քնարերգական արուեստով մը՝ ՄԱՐԳԱՐԷՆ կու տայ մեզի հիմնական գիծերը  Ժպրանի փիլիսոփայութեան, որ իբր խորք ունի մարդասիրութիւնը էապէս: Այս մատեանը աւետարանումն է Մեծ Մտածողին թէ մարդ պիտի հանգի  վախճանական ամենագիտութեան, ամենազօրութեան, տիեզերականութեան: 

Սէրը, գեղեցիկին պաշտամունքը, կարեկցութիւնը, ներողամտութիւնը կը հանդիսանան բացարձակ պայմաններ՝ ուղիղ եւ արդար կենսավարութեան:

Գիրքին կողքին վրայ վերարտադրուած է Փոլ Կիրակոսեանի գունանկարը  նաւավարի մը կանգնած նաւուն արագաստներուն միջեւ: Գիրքը օժտուած է  նաեւ Ժպրանի տասներկու լրիւ էջ գրաւող գծանկարներով:

Այս գողտրիկ «տարօրինակ փոքր գիրքը» կատարեալ տօնական նուէր մը կրնայ ըլլալ անոնց որոնք գիտութիւն եւ ներշնչում կը փնտրեն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ