Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատմաբան Յովսէփ Նալպանտեանի «Միջազգային Պատմութիւն» Հատորը

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ

   Սեպտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ  լոյս տեսաւ Յովսէփ Նալպանտեանի «Միջազգային Պատմութիւն» խորագիրով հատորը, որուն մակագրուած օրինակը ստացայ Սեպտեմբեր 2021-ին: Հատորը կը բաղկանայ 719 էջերէ, ուր միջազգային այլազան դէպքեր տեղադրուած են սկսեալ 1789 թուականէն մինչեւ 2015 թ. ընդգրկելով իւրաքանչիւր տարուայ կարեւորագոյն դէպքերը, որոնք պատահեցան՝ Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկաներ, Արաբական երկիրներ եւ Հայ ժողովուրդին առնչուող եղելութիւններ:

   Կոթողային գլուխգործոց մըն է այս հատորը, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ, մանաւանդ անոր համար որ երկար տարիներու աշխատանք է, եւ բծախնդիր ճշգրտութեամբ:

   Յ. Նալպանտեան կը պատկանի պատմաբաններու այն հոյլին, որոնք անկողմնակալօրէն կը ներկայացնեն եղելութիւնները: Հմուտ գրականագէտ-մատենագէտ ըլլալով (հեղինակ 27 գիրքերու) անոր տեղադրած, ուսումնասիրած տեղեկութիւնները դիւրասահ ոճով շարադրուած են: Ան լաւագոյնս կ’օգտագործէ «գիրի» քաշողականութիւնը որ յաճախ կ’անմահացնէ դէպք կամ դէմք:

   Հնագոյն ժամանակներէ սկսեալ «գիրը, գրութիւնը» օգտագործուած է, որպէս կատարուած իրողութիւնները անմահացնելու միջոց: Հին Եգիպտացիք ճանչցած են գիրի զօրութիւնը ու փարաւոններու դամբանի պատերը գիրով զարդարելով՝ անմահացուցած են զանոնք: Բաբելոնի Համուրապի թագաւորը (Մ.Թ.Ա. 1810-1750 թթ.) անմահացուցած է ինք-զինք՝ իր «Օրէնքներու ժողովածուն» քանդակելով քարերու վրայ: Աշխարհի առաջին խաղաղութեան դաշինքը անմահացած է փորագրուած ժայռի վրայ, երբ թշնամի կողմեր՝ Հիթիթ եւ Եգիպտոսի Ռամսիս երկրորդ հաշտուեցան Մ.Թ.ա. 1258-ին, Գատեշի պատերազմէն վերջ:

    Հիացմունքի արժանի է գրականութեան եւ գիրքի սիրահար Յովսէփ Նալպանտեանը երբ կը տեսնէք զինք հանդէս է եկեր որպէս պատմաբան: Ժամանակին ճիշդ հակառակը կը պատահէր: Պատմաբանն էր, որ կը ներշնչուէր քերթողական դիւցազներգութիւն գրելու, ինչպէս Կիլկա-մմաշի (Gilgammash) դիւցազներգութիւնը շումարական երկրի մէջ, Մ.Թ. Ա. 2900-2350 թթ. եւ անշուշտ Հոմերի (Homer) Մ.Թ.Ա. 750 թուականի հրաշալի զոյգ դիւցազներգութիւնները Իլէատի եւ Օտիսէի:

    Գիրը, մերօրեայ գիրը, ունեցեր է իր նախահայրը՝ Սեպագիրը, որ ստեղծուած է Շումերներու օրով 5000 տարի առաջ: Սեպագիր գրութիւններ արձանագրուած են կոթողային ժայռերու վրայ, յղկուած մարմար սալիկներու վրայ եւ կամ կաւէ սալիկներու վրայ: Լեզուաբան մատենագիրներ այս արձանագրութիւններով կարողացեր են վերկանգնել Հին Ազգերու պատմութիւնը:

    Որպէս պատմաբան՝ նշանաւոր եղած է լեզուագէտ Մար Աբաս Կատինա. Ան Ասորի էր, քարտուղարը Վաղարշակ Ա. Արքայի (Մ.Թ.Ա. 247-225) եւ որու հրահանգով սերտած է ասորի արխիւները, զանազան սեպագիր արձանագրութիւնները եւ գրած հայ ժողովուրդի առաջին «Հայոց պատմութիւն» գիրքը նշելով թագաւորներու անուններ մինչեւ Տիգրան Առաջինի օրերը: Մովսէս Խորենացի մեծապէս օգտուած է Մար Աբաս Կատինայի գրութիւններէն:

    Հայ գիրերու գիւտը 405 թուականին՝ հիմնաքարը դրաւ Հայ մատենագրութեան ոսկեդարին: Համբաւաւոր պատմաբաններ էին Փաւստոս Բիւզանդ, Եղիշէ վարդապետ, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի՝ պատմահայրը Հայոց պատմութեան, որ վերակազմեց եւ վերակենդանացուց Հայոց Պատմութիւնը սկսեալ Հայկ Նահապետէն մինչեւ Արշակունի թագաւորութեան անկումը:

     Հպարտօրէն կ’արձանագրենք այստեղ որ 2019-ին հրատարակուեցաւ Յովսէփ Նալպանտեանի կազմած եւ խմբագրած հատորը «Զօրավար Անդրանիկ եւ իր պատերազմները» խորագրով, որուն առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած էր Պոլսոյ մէջ 1920-ին, Արսէն Մարմարեան անունով, հեղինակները երկուքն էին՝ Լեւոն Թիւթիւնճեան եւ Վահան Թոթովենց:

   «Միջազգային պատմութիւն» հատորին մէջ կան բազմաթիւ նորութիւններ, որոնց կը հանդիպինք առաջին անգամ: Էջ 275-276 գերմաներէն եւ ֆրանսերէն փաստաթուղթ, որտեղ զուիցերիացի ժողովուրդի բողոքի ստորագրութիւններն են, մենք երախտապարտ եղա՞ծ ենք այդ ազգին իրենց նախնիներուն կատարած մեծ մարդասիրական գործողութեան համար: Կէս եւ քառորդ էջեր որպէսզի դատարկ չմնան Նալպանտեանը խելացի գաղափարը ունեցած է զանոնք լեցնելու պատմական փաստերով, որոնք մենք կարդալու եւ գտնելու համար պիտի փնտռէինք տասնեակ հատորներ. այդ էջերէն մի քանին՝ 23, 27, 29, 35, 37, 45, 51, 57, 59, 61, 69, 71, 80, 86, 92, 98, 101, 106, 113, 118, 121, 124, 126, 129, 131, 137, եւ այլն:

     Ահա կարգ մը հետաքրքրական տուեալներ հատորէն.

               – 1876-ին կը ծնի Ալֆրետ Եարրօ Էռնեստ, կը մահանայ 1939-ին: Ամերիկացի միսիոնար: Ան 1916-ին մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ շուրջ 300 հազար անօթեւան, խեղճ հայ գաղթականներ ապահով կերպով Արեւելեան Հայաստան հասցնելու գործին մէջ: 1920-ին կը դառնայ Near East Foundation-ի տնօրէն: (Էջ 210):

               – 1876-ին կը ծնի Քարէն Եփփէ, կը մահանայ 1935-ին: Դանիացի միսիոնարուհի, հայասէր մեծ գործիչ: Ան մեծապէս օգնած է հայ որբերուն եւ կարօտեալներուն: Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի մէջ իր հիմնած որբանոցը կը կտակէ Ազգ. Առաջնորդարանին: 1947-էն ի վեր այդ նոյն տեղը կը հիմնուի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը, կը գործէ մինչեւ այսօր: (Էջ 210):

               – 1880-ին կը ծնի Հարոլտ Պիւքսթոն, կը մահանայ 1976-ին: Անգլիացի հոգեւորական եւ հաս. գործիչ: Ցեղասպանութենէն ետք մեծապէս օգնած է հայերուն: 1914-ին եղբօրը հետ կը հրատարակէ «Ճանապարհորդութիւն եւ քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ» գիրքը: (Էջ 222):

               – 1882-ին կը ծնի Մարիա Ճէյքըպսըն, կը մահանայ 1960-ին: Դանիացի բժիշկ, միսիոնարուհի: Խարբերդի մէջ ականատես եղած է 1915-ի ջարդերուն: Կը հաստատուի Լիբանան եւ 1922-ին Սայտայի մէջ կը հիմնէ «Թռչնոց բոյն» որբանոցը (յետոյ կը տեղափոխուի Պէյրութ): Հազարաւոր հայուհիներու հոգ տարած է: Շատ սիրուած եւ յարգուած նուիրեալ դանիացիին կոչած են «մամա»: (Էջ 228):

               – 1883-ին կը ծնի Ֆայէզ Էլ Ղուսէյն, կը մահանայ 1968-ին: Սուրիացի արաբ, եղած է օսմանցի պաշտօնեայ: Ջարդերու ականատեսն էր: Կը հրատարակէ «Ջարդերը Հայաստանի մէջ» շատ կարեւոր վկայութիւններու գիրքը: (Էջ 232):

               – 1886-ին կը ծնի Արմին Վեկնէր, կը մահանայ 1978-ին: Գերմանացի բանակային բժիշկ: Առանց արտօնութիւն ունենալու լուսանկարած է բազմաթիւ վաւերական նկարներ հայոց ցեղասպանութեան հետ առընչուած: Այդ նկարները շատ մեծ արժէք ունին մեր դէմ կատարուած ցեղասպանութեան որպէս օտարի գործ-վկայութիւն: Կը հրատարակէ «Անվերադարձ ճամբան» գիրքը 1919-ին: (Էջ 242):

               – 1887-ին կը ծնի օր. Հետվիկ Պիւլ (Միս Պիւլ Մայրիկ) Էսթոնիոյ Հափսալ քաղաքը, կը մահանայ 1981-ին: Ան մեծապէս օգնած է հարիւրաւոր հայ որբերը պահելու եւ խնամելու մէջ: 40 տարի ծառայած է հայ ժողովուրդին: (Էջ 245):

               – Կը ծնի Քաթէ Էհրհօլտ, մահուան թ.ը անյայտ է: Գերմանացի միսիոնար եւ դաստիարակ: Ան աշխատած է Վանի շրջակայ գիւղերուն մէջ եւ մեծապէս օգնած հայերուն: Իր գործերէն կը յիշենք՝ «Ապրածներս եւ տեսածներս» 1937 թ., յուշերու կարեւոր գիրքը: (էջ 253):

               – Անգլիացի աշխարհագրագէտ, ճանապարհորդ Հենրի Լինչը 1893-94-ին եւ 1898-ին կ’այցելէ Հայաստան եւ իր հաւաքած բազմաթիւ նիւթերու հիման վրայ կը հրատարակէ «Armenia» գիրքը: (էջ 264):

   Հատորը ունի նաեւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ: Անձնանուններու հսկայ ցանկ (էջ 645-713) աւելի քան 5000 անուն:

   Ժրաջան, ողջամիտ եւ լայնախոհ անձ է Յովսէփ Նալպանտեանը: Ան իր հատորներով, գրութիւններով կը հարստացնէ Արեւմտահայ պատմաբաններու վարկը, ինչպէս Վահագն Տատրեան, Յակոբ Չոլաքեան եւ Ռիչարտ Յովհաննէսեան: Յիշեալ պատմաբանները մեծապէս կը գնահատեն ու կը մեծարեն իրենց արդարադատ բարեկամ՝ թուրք պատմաբան Դաներ Աքչամը, որ պատմական փաստերով կը մեղադրէ Օսմանեան թուրքիան որ ծրագրեց եւ գործադրեց ցեղասպանութիւնը, հայոց ջարդերը: Նոյն պատմաբանները կը զգուշացնեն ողջ աշխարհը որ չխաբուի կաշառակեր օտար պատմաբաններէ որոնք կը փորձեն «մաքուր դէմքով նոր ազգային պատմութիւն» ստեղծել Ազերի ժողովուրդին համար:

   Իսկապէս վաւերական պատմաբան է գրականագէտ-մատենագէտ Պրն. Յովսէփ Նալպանտեանը: Մեծ յարգանք ու պատիւ անոր վաստակին:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ