Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարդը Կը Վերջանայ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

1966-ի աշնան Կեսարիոյ հեռաւոր սարահարթի մը վրայ մեկուսացած վերջին հայաբնակ գիւղի մէջ Գառնիկ աղայի ձայնասփիւռէն արձակուած երգը նախ պատերը կարպետով ծածկուած փոքրիկ սենեակը լեցուց, ապա ելաւ բաց պատուհանէն դուրս, դպաւ երկու բարտիներու արծաթագոյն տերեւներուն, ոլորուն ալիքներով իջաւ բանջարանոցի դիւրաթեք ազատքեղներու վրայ, սահեցաւ քանի մը սագերու մէջէն, ու մտաւ Մէրտիրոս աղայի տան պատուհանէն ներս: Տասնը վեց տարեկան Զմրուխտը  յափշտակուած լսեց այդ գեղջկական երգը: Գառնիկ աղային ձայնասփիւռը Կիկիի առաջին ձայնասփիւռն էր: Գերմանական: Մոխրագոյն: Խոշոր երկու բարդով աշխատող: Երազային գործիք: Զմրուխտը տարուած մտածեց. երգչուհիները գեղեցիկ կ’ըլլան, անոնք սպասուհիներ կ’ունենան, ամէն օր գորգ չեն հիւսեր, երեք եղբօր, երկու քրոջ շորերը չեն լուար… Երազը ընդհատուեցաւ Կիւլիզար տուտույի սաստկացած ձայնով.

– Կը (քա, աղջիկ), ոտքդ կոտրի, ի՞նչ նստեր ես, գնա ապուրը պատրաստէ, քոյր-եղբայրներուդ փորը կշտացուր:

Սթափեցաւ, վազեց ապուրը պատրաստեց, տարիքի կարգով փայտէ պուպրիկներու պէս փայտէ կլոր սեղանի շուրջ շարեց Սիմային, Յաբէթին, Մարիամին, Զատիկին, իր գիրկը առաւ նորածին Վահրամը: Բոլորը ծալապատիկ նստեցան, խմեցին: Ապա Զմրուխտը անոնց ձեռքը հացի կտորներ տուաւ, տունը սկսաւ աւլելու: Երբ Մարիամը հացի փշրանքներ թափեց գետին, զայրացաւ.

– Կը, ոտքդ կոտրի, խելօք նստէ տեղդ:

            Սիման, Յաբէթը, Մարիամը, Զատիկը եւ նորածին Վահրամը քով քովի շարուած շարունակեցին հացը կրծել, ծծակ ծամել: Ամէն անոյշ օր բաց պատուհանէն երգեր ներս մտան ու երազեց Զմրուխտը…

Բայց, օր մը թռչունները գաղթեցին, բարտիի արծաթագոյն տերեւները դեղին դարձան թափեցան, կաղ սագերը մնացին հաւնոցի մէջ, Զորդինի գագաթը ձիւնով ծածկուեցաւ ու պատուհանները գոցուեցան: Երգերուն ձայնն ալ մնաց Գառնիկ աղայի տան մէջ: Երանի Զմրուխտն ալ ունենար ձայնասփիւռ մը: Երբ գիշերները աղջիկներով գորգ հիւսելու նստէին ան ալ իրենց ծունկին քով նուագէր: Այդ երազը կատարուեցաւ, երբ Մէրտիրոս աղան օր մը Կեսարիայէն վերադարձաւ՝ … : Պէտք է, որ ընդհատեմ պատմութիւնը եւ յիշեցնեմ, թէ Դեկտեմբերին Կիկիյի մէջ ձիւն կու գայ, ցեխ կու գայ, Կաղանդ ալ կու գայ, բայց նուէրներ չեն գար: Կաղանդ պապան ճամբայ մը, լոյս մը, նշան մը չտեսնելով միշտ վրիպած էր Կեդրոնական Փոքր Ասիոյ խուլ սարաւանդի մը վրայ մեկուսացած այդ խեղճուկ բնակավայրը: Կիկիի կաղանդները սակայն յիշատակելի էին ու ջերմ: Անոնց մասին կը խոստանամ ձեզի ապագային գրել: Վերադառնանք ձայնասփիւռին:

Մէրտիրոս աղան ալ կը սիրէր ձայնասփիւռ լսել: Ինքը, Օհանէս աղան, Թօփալ Ալէքսանը, Քիւչիւք Սէրգիսը, Լութֆիկը եւ միւս այրերը արտերէն վերադարձին, «Աժանս»ի ժամուն կը նստէին փոքրիկ աղբիւրի քով ու Գառնիկ աղայի ձայնասփիւռէն կը լսէին լուրերը: Բայց օր մը ի’նքը, Մէրտիրոս աղան Կեսարիայէն տուն վերադարձաւ երեք լեցուն տոպրակներով: Կիւլիզար տուտուն դուռը բացաւ: Զիւմրիւթը գրկեց նորածին Վահրամին, տղաները ուրախ աչքերով անոր փէշին տակ մտան, աղջիկները ձգեցին հացը կրծել ու վազելով մօտեցան տոպրակներուն: Բոլորը սկսան անհամբեր սպասել… Մէկ հատէն կերպասներ ելան. կարմիր, կանանչ եւ մանիշակագոյն: Անոնք գացին մամային: Միւսը չոր ծիրան, թուզ եւ շաքար ունէր մէջը: Փոքրիկներուն թուքը վազեց: Բայց, երեխաներու յուսահատ աչքերու առջեւ անոնք գացին սենեակի պատին մէջ փորուած փոքրիկ պահարանի մէջ – յատուկ օրերու համար: Մէրտիրոս աղան լաւ մը կղպեց անոր դռնակը, բանալին դրաւ իր եէլէք-ին մէջ: (Օր մը, ինչպէ՞ս չեն յիշեր, հայրիկը մոռցեր էր պահարանը կղպել, ու Զմրուխտի առաջնորդութեամբ պզտիկները յափշտակեր էին ծիրաններն ու շաքարները: Մաման երբ նկատեր էր իրենց չարութիւնը, աւելը վեր բռնած բարկացեր էր.

էշշօղլուէշշէք-ներ, ո՞վ կերաւ ասոնք:

– Սիմա’ն, ըսեր էր Զմրուխտը,

– Յաբէ’թը, ըսեր էր Սիման,

– Մարիա’մը, ըսեր էր Յաբէթը,

– Զատի’կը, ըսեր էր Մարիամը,

– Վահրա’մը, ըսեր էր Զատիկը:

Այն ժամանակ, Վահրամին բերնէն ծծակը ինկեր էր, նորածին տղան ճչեր էր:

            Վերջի՞ն տոպրակը… Մէրտիրոս աղան, բոլորի զարմացած աչքերուն առջեւ երրորդ տոպրակէն հանեց… ձայնասփիւռ մը: Գերմանական: Դեղին: Խոշոր երկու բարդով աշխատող: Ունէր կաշի բռնակ եւ ունէր երեք կոճակ. մէկը բանալ-գոցելու, մէկը ձայնի, իսկ մէկն ալ ալիքի համար: Ամէնէն շատ Զմրուխտը ուրախացաւ: Բայց ուրախութիւնը երկար չտեւեց: Մէրտիրոս աղան ձայնասփիւռը հանդիսապէս տեղադրեց իր թախտի բարձին քով: Այնուհետեւ Մէրտիրոս աղան ամէն իրիկուն դաշտէ կամ գոմէ վերադարձին թախտին վրայ բազմած լուրերը լսեց:

– Հայրի’կ, մենք ալ բաներ մը լսենք,- երբեմն կ’աղաչէր Զմրուխտը:

– Բարդը կը վերջանայ, ձեռքդ չդնես,- կը խստանար Մէրտիրոս աղան:

Զմրուխտը չէր սիրեր վարչապետներու լուրերը: Ան կ’ուզէր երգեր լսել:

            Օր մը Մէրտիրոս աղան Պիւնեան գնաց առեւտուր ընելու, մայրը, Կիւլիզար տուտուն կենդանիներու գոմը մտաւ աշխատելու: Զմրուխտը ելաւ հօրը թախտը, չարաճճիութեան մը յաղթական ժպիտով բացաւ ձայնասփիւռը: Քոյր եղբայրներն ալ անոր շուրջը հաւաքուեցաւ ու մտիկ ըրին: Նորածին Վահրամը ծծակ մը բերանը, բարձին կրթնած կը խաղար շորի կտորով մը: Բայց, քանի մը վայրկեան յետոյ Կիւլիզար տուտույի ձայնը ընդհատեց այդ հաճոյքը.

– Կը, աղջիկներ, ո՞ւր էք, ոտքերնիդ կոտրի, ի՞նչ է, գորգը ձգեր էք ե՞րգ մտիկ կ’ընէք:

            Օր մըն ալ Օհանէս աղան, Թօփալ Ալէքսանը, Քիւչիւք Սէրգիսը, Լութֆիկը եւ միւս այրերը եկան լուրերը լսելու: Մէրտիրոս աղան հպարտութեամբ կոճակը բացաւ, բայց ձայնասփիւռը չաշխատեցաւ:

Էշշօղլուէշշէք-ներ, ո՞վ վերջացուց ասոր բարդը,- զայրացաւ հայրը:

– Սիմա’ն, ըսաւ Զմրուխտը,

– Յաբէ’թը, ըսաւ Սիման,

– Մարիա’մը, ըսաւ Յաբէթը,

– Զատի’կը, ըսաւ Մարիամը,

– Վահրա’մը, ըսաւ Զատիկը:

Այն ժամանակ, Վահրամին բերնէն ծծակը ինկաւ, նորածին տղան սկսաւ ճչալ:

            Ձմեռ գիշերներ պատէն կախուած կազի լապտեր մը կը պայքարէր մութի դէմ: Ընթրիքը կ’ըլլար ձաւար, սոխ եւ հաց, գետինը նստած՝ փայտէ կլոր սեղանի շուրջ: Յետոյ Կիւլիզար տուտուն եւ աղջիկները գորգ հիւսելու կը նստէին: Մէրտիրոս աղան երբեմն հազուագիւտ բարեսրտութեամբ մը կը ձգէր, որ անոնք քիչ մը երգ լսէին: Բաժանումը եւ կարօտը պատմող լեարդը այրած սիրային երգեր կ’ըլլային անոնք: Զմրուխտն ալ ունէր իր սիրածը, Զատիկը, Քիւչիւք Սէրգիսին տղան: Զմրուխտին եւ Զատիկին միայարկանի ցածլիկ տուները պատ պատի էին: Գիւղի հիմնադիր հայրերը, Մէրտիրոսը եւ Սէրգիսը քիչ յարդ եւ ցեխ չէին շաղախած այդ տուները շինելու համար: Զատիկը սովորութիւն մը ունէր. երբ տեսնէր, թէ Զմրուխտը պարտէզի մէջ կ’աշխատի, տանիք կ’ելլէր ու մազերը կը սանտրէր: Երբ Զատիկը օր մը Կեսարիա գացեր էր, դրկիցները եկան Զմրուխտին տունը, գիւղացիները հաւաքուեցան, Կիւլիզար տուտուն շատ լացաւ, Աւետիս աղան միջնորդեց, խաղողի օշարակ խմեցին, շնորհաւորեցին, Զատիկին ու Զմրուխտին նշանը դրին: Զմրուխտին ամէնէն մեծ երազը իրականացած էր: Մէրտիրոս աղան այդ օր բոլորին յայտարարեց.

– Հոստեղէն երթալ պէտք է: Երեխաները մեզի պէս չապրին: Ժամ չունինք, դպրոց չունինք: Այսօրուան հացն ալ վաղը մեր ձեռքէն կ’առնեն…

            1967 թուականին ամբողջ Կիկին ծախուեցաւ: Ամէն տուն քանի մը ապրանք ծրարեց. մէկը բուրդէ վերմակները, միւսը ճաշի սինիները: Մէրտիրոս աղան առաւ մէկ երկու պղինձէ աման, աղջիկներուն հիւսած կարպետները եւ… դեղին ձայնասփիւռը: Անոնց ստացած դրամը բաւեց, որ հայերը հանրաշարժով մը Պոլիս գաղթեն:

            Մէրտիրոս աղան, Օհանէս աղան, Թօփալ Ալէքսանը, Քիւչիւք Սէրգիսը, Լութֆիկը եւ միւս այրերը Պոլսոյ մէջ գործարաններու մէջ աշխատեցան, բայց չյարմարուեցան քաղաքին, ապրեցան իրենց սովորութիւններով: էլմատաղ կոչուած թաղամասի մէջ Մէրտիրոսը գնեց երկյարկանի տուն մը: Երկրորդ յարկի դուրս ցցուած վանդակաւոր պատուհանի մէջ շինեց նոր թախտ: Կիւլիզար տուտուն ծածկոցներ փռեց անոր վրայ, բարձերու գլուխը նոր ժանեակներ հիւսեց: Մէրտիրոս աղան հոն բազմեցաւ ինչպէս կայսր մը կը բազմի իր գահի վրայ ու շարունակեց ամէն գիշեր ժամը ութըկէսին վարչապետի լուրերը եւ օդի վիճակը լսել: Դեկտեմբերին Պոլսոյ մէջ յաճախ անձրեւ եւ ձիւն կը տեղար: Պալքաններէն ցուրտ օդ կու գար: Մարմարան եւ Պոսֆորը ալեկոծուած կ’ըլլային: Երբ լուրերը երբ վերջանային, ձայնասփիւռն ալ կը լռէր: Իսկ Զմրուխտը իր չարաճճիութիւնները Կիկիի մէջ ձգած, նշանած աղջիկ, կը շարունակէր երազել իր սեփական ձայնասփիւռի մասին:

            Տարի մը յետոյ Զատիկը եւ Զմրուխտը ամուսնացան: Բանկալթի կոչուած թաղի մէջ տուն մը վարձեցին: Երբ առաջին Դեկտեմբերը եկաւ, Զատիկը առեւտուրի գնաց, վերադարձաւ ժապաւէնով փաթթուած սիրունատես տուփով մը: Առաջին անգամ իր կեանքի մէջ, Զմրուխտը տեսաւ Կաղանդի նուէր: Անոր մէջէն ելաւ խոշոր ձայնասփիւռ մը, գերմանական, ելեկտրական, սրճագոյն փայլուն փայտէ մարմին ունեցող: Անոր ապակի երեսին վրայ տպուած էին «Պրաթիսլաւա», «Սոֆիա», «Մոնաքօ» եւ այլ հեռաւոր քաղաքներու անունները: (Նորապսակ ամոլը գրագէտ չէր, որ կարենար այդ անունները կարդալ) Ձայնասփիւռի սլաքը պահած «Միջին» ալիքի վրայ, առանց բարդը վերջացնելու մտահոգութեամբ, մինչեւ գիշեր երգ լսեց:

            Այդ տարի կաղանդի նուէր մըն ալ Մէրտիրոս աղան ստացաւ. հեռատեսիլ մը: Հիմա ան կրնար Տէմիրէլի, Էճէվիթի եւ Էօզալի սեւ-ճերմակ երեսները տեսնել: Բայց այդ նուէրին ամէնէն շատ ուրախացան տան պզտիկները, որովհետեւ երբ անոնք շարժանկար մը ուզէին դիտել Մերտիրոս աղան այլեւս երբեք չըսաւ «բարդը կը վերջանայ»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ