Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անկեղծ Զինուոր

                 Տոքթ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ 

Վերջին հարիւր տարիին,ողջ աշխարհի ,լրատուական մեքենան աշխուժացաւ: Բնական էր,որ նոր լրատուական դարը,իր ապագայ զարգացումները պիտի ունենար եւ ապա ,անոր կիրառումը, ոչ միայն լրատուական ,այլ նաեւ իբր կակուղ պատերազմի զէնք:

Այժմ, մե՛նք կապրինք,այդ դարը,կամայ թէ ակամայ , գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ եւ ազգովին ներքաշուած ենք այդ մարտի մէջ:

Դիմատետրի Facebookի, Twitter ի եւ այլ հաղորդման կայքէջերն ու Internet-ի, կապը, ու այդպիսի միջոցները, կրցան մուտք գործել ամէն բնակարան, աշխարհի չորս ծագերուն:

Այդ նորաստեղծ միջոցներով ողբերգական հետեւանքներու ականատեսը եղած ենք:

Ինչպէս է, փրկութիւնը 

Չօգտագործել չըլլար, ստիպուած ենք օգտագործել:

Զգուշանալը, կարեւոր է,բայց ոչ բաւարար:

Անցեալին, պարզ էր, թշնամին երեւելի, իսկ այսօր, աներեւելի:

Ամէն լեզուներով կայքեր,բազմահազար գովազդներ ,որը կը յայտնուի օգտագործած ձեռքիդ, բջջայինիդ :

Այսօր,այդ քու օգտագործած բջջայինով ,կրնան տեղդ որոշել, եւ

Նոյնիսկ վնաս հասցնել:

Աշխարհը մէկդին դնենք,ու դիտենք մեր աշխարհի,(Հայաստանի)

Համայնապատկերը:

Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն երկու ճակատներ:

Ամէն ինչ մինչեւ օրս,հսկման մէջ է, բայց, արդեօք ապագային պիտի չգնանք, դէպի աղետալի արդիւնքներու,որը կործանիչ հետեւանքներու պիտի տանի մեր

Հանրութեանը:

Այսօր ամաչելի գրութիւններ կը կարդանք, ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ էջերուն: 

Չափ ու սահմանը անցող գրութիւններ:

Իրարամերժ ու վերջաւորութեան, Հայամերժ :

Աստուած չընէ, որ այդպէս շարունակուի:

Հայաստան աշխարհի, վիճակը մէկ պայմանագրով չվերջացաւ, ոչ ալ կը վերջանայ: Կը պահանջուի, Երկարաշունչ, Դիմակայող քաղաքականութիւն եւ 

պատրաստակամութիւն, որեւէ վտանք դիմակայելու ապա դիմադրելու ու ձախողեցնելու:

Նկատի առնելով որ թշնամին մինչեւ ատամները զինուած է, ու կսպասէ հարմար առիթին,որ շարունակէ, իր  օձաթոյնով վնաս հասցնել:

Մենք, ազգովին ներքաշուած ենք, այդ մարտադաշտին:

Եթէ համոզուած ենք, որ ունինք  նենգ, վայրագ թշնամի կամ հակառակորդ, ուրեմն պէտք է,զարթնած մնալ, ու պատրաստ:

Մենք կարող ենք շարունակել մեր գոյատեւման պայքարը:

Դիմակայել եւ յառաջ անցնիլ:

Մեր ազգի պայքարը, դարերու ընթացքին, եղած է, գոյատեւման պայքար:

Քանզի վայրագ ոսոխը, զարմացել է, հայոց խիզախութեան առջեւ:

Թշնամիին չէ օգնած նաեւ երկարաժամկէտ պատերազմը,ու ստիպուած,վերջ է, դրել իր արշաւանքներուն:

Պէ՛տք է,ազգովին պատրաստ ըլլանք:

Համազգային միասնութեամբ, հիմնել անպարտելի համակարգ, կիրառելով պաշտպանութեան ամէն տեսակի դիմադրութիւն եւ հակահարուածող ուժ, որ թշնամին երբեք չմտածէ, որ կրնայ մեզ վնաս հասցնել:

Համազգային միասնութիւն:

Բոլորը հայրենիքի համար:

Հայրենիքը բոլորի համար:

Պէտք է զինուիլ արդիական դիմադրող եւ հակահարուածող համակարգերով:Ու քաջօրէն կիրառել Ճիշտ ու ճակատագրական պահին:

Մեր գիտնականները կրնան  առաջատար համակարգ ստեղծել եւ կը ստեղծէն:

Արդիական եւ դասական ինքնապաշտպանութիւնը իր լայն հասկացողութեամբ պէտք է գործի դնենք:

Հարիւր տարի է,մեզ չկրցաւ թշնամին յաղթել,ու ասկէ ետք էլ,չի կրնար յաղթել,մենք պէտք է,օգտուինք արդիական կակուղ ուժի

Կիրառումէն, զայն վերածելով անպարտելի համակարգի:

Ինչպէս,ըսուած է, «Հայը մարսող ստամոքս է,կրցաւ մարսել ու գնալ առաջ»

Մեզ չի վախցնէր, ոչ մէկ ,նոր համակարգ եւ ոչ մէկ թշնամական ծրագրեր, մենք սփռուած ենք, բայց ոչ ցրուած:

Պէտք է, արդիականալ ու արդիականացնել , բոլոր ասպարէզներու մէջ,

զարգացնելով եւ ոչ թէ, վերացնելով մեր նախորդներէն ժառանգուածը:

Բարձր ինքնավստահութեամբ, լիցքաւորուած, շարժինք առաջ:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ