Մեր թանկագին քրոջ՝ Տոքթ. Ալիս-Լենա Տապպաղեանի մահուան տխուր առիթով, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեանին, մեր ազգականներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն, Իրաքի ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան, Միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանի, հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, Լոս Անճելըսի Արարատ Հիմնարկի անդամներուն, Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնի եւ Pan Armenia Մարմնի անդամներուն, որոնք իրենց հեռաձայնով, E-mail-ներով, անձամբ հոգեհանգիստին եւ հոգեճաշին ներկայ ըլլալով եւ փոխան ծաղկեպսակի իրենց նիւթականով մասնակից եղան մեր սուգին եւ մեր ցաւին դեղ ու բալասան եղան։
Մեր շնորհակալութեան հետ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, բոլորին կը մաղթենք քաջառողջութիւն, անվիշտ եւ անցաւ տարի մը։ Թող գալիք տարին եւ Քրիստոսի Ծննդեան տօները մեր հայրենիքին, Արցախ Աշխարհին եւ աշխարհատարած հայութեան խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։