Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տարին՝ Սպեղանի

Ինքնութիւն Եւ Իրագործում Քրիստոնէական Կեանքի Մէջ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Անցեալ մէկ եւ աւելի տարին մղձաւանջային եւ կործանիչ տարի   մը եղաւ հայաշխարհին համար, 44-օրեայ ահռելի պատերազմին հետեւանքով։ Երեսուն տարիներու համբերատար մեր կեանքն ու տեսիլքը խամրեցան, ինչպէս նաեւ պոռթկաց հակառակորդին համբերութիւնը, չդիմանալով Արցախի Հանրապետութեան իրաւական գոյատեւման իր ոճրապարտ աչքին առջեւ։ Աշխարհն ամբողջ միայն դիտեց մինչեւ այն ատեն երբ նահատակներ ինկան, նահատակուելով նաեւ արդարութիւնն ու իրաւունքը։ Սխալն ու ճիշդը այսօր տակաւին զիրար կը հալածեն կործանարար պատերազմին որպէս հետեւանք, ու մասնաւորաբար կը վտանգուի Հայրենի Հողը։ Այո՛, անցաւ այդ մէկ տարին եւ հիմա կը դիմաւորենք Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։      

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով հարկ է պահ մը խոնարհիլ մեր աննման հայ նահատակներու յիշատակին, եւ իսկոյն մտածել մեր ինքնութեան մասին որմէ կ՛ակնկալենք իրագործում մեր կեանքի ընթացքին, փոխան յուսալքութեան, երկուքն ըլլալով մեր անմիջական հեռանկարներու յաջողութիւններուն զիրար ամբողջացնող լրացուցիչները։

Տարին արագ կը թաւալի եւ Սուրբ Ծնունդը կը վերանորոգէ մեր, շնորհընկալներուս ջանքերը լարելու դէպի դրական իրագործում։ Որքան ատեն որ մարդուս ինքնութիւնը կը զարգանայ ժամանակի ընթացքին, յոյս կայ որ այդ ընթացքը դէպի Աստուած առաջնորդէ զինք բարի ծրագիրներու իրագործումով, այսինքն իրակա՛ն եւ ոչ թէական կամ ըղձական տեսիլքներով։

Ինքնութիւնը ինքնահնար եւ յայտարարուած որակում մը չէ, այլ Աստուծմէ տրուած պարգեւ մը, յանձնառութիւն մը եւ ապրելակերպ մը  որ մարդս կը մղէ յարաբերելու եւ գործելու իր նմանին հետ՝ հակակշիռը միշտ յարգելով եւ պահելով որպէս բարենիշ երկուքին միջեւ։

Եթէ ոմանք անցնող տարիներու արժէքն ու ազդեցութիւնը մոռնալով չեն պահեր ինքնութեան զարգացումի այդ ընթացքը, հեռացած կ՛ըլլան թէ՛ անցնող տարւոյն ընծայած բարիքներէն եւ թէ՛ զրկուած կ՛ըլլան հաւատքի ու հաւատարմութեան վերանորոգ զօրութենէն։ Սակայն ի՛նչ ըսել այս անցնող տարւոյն նկատմամբ, ի՛նչ բարիք եւ ի՛նչ ներշնչում։ Հոս հայոց պատմութիւնն է որ վկայ կը կանգնի իր անցեալի անկման ու հերոսական վերանորոգման խորհրդաւոր ընթացքով։       

Ինքնութեան ճանաչումը լաւապէս կը հասկնանք երբ կարդանք Յիսուսի ներթափանց խօսքերը իր տասներկու աշակերտներու ընտրութեան մէջ, քանզի անոնք պատահաբար չեկան միանալու խմբակին, այլ Տէրը ինք կանչեց իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը ճանչնալով, նոյնիսկ մատնիչ աշակերտին ինչ ըլլալը գիտնալով՝ կանչեց զինք յանուն նախախնամութեան, քաջ գիտակցելով անոր բաժինը Իր Տիրախնամ առաքելութեան նկատմամբ։

Երբ Նաթանայէլ, օրինակի համար, թզենիի ծառին տակ կը նստէր, գիտնալով անոր ինքնութիւնը, Փիլիպպոսի միջոցաւ Յիսուս զինք իր քով կանչեց, ըսելով «Ահա մարդ մը որուն մէջ նենգութիւն չկայ»։ Նաթանայէլ որուն անունն էր նաեւ Բարթողիմէոս, դարձաւ Հայաստան աշխարհի Առաջին Լուսաւորիչը՝ Թադէոս Առաքեալի հետ, որոնց յիշատակը Հայ Եկեղեցին տօնեց անցեալ շաբաթ օր։

Փորձութեան մէջ կ՛իյնանք այն ատեն  երբ կամովին կ՛անգի-տանանք «Աստուծոյ Պատկերը» որով սկիզբէն շնորհազարդարուեցանք, անգիտանալով միաժամանակ Աստուծոյ բարերար առաջնորդութիւնը, վստահելով միայն  մեր ուժերուն` մնալով առանձին։ Այս իրողութիւնը պարզ հարցումի մը ետին Յիսուս հաստատեց, ըսելով եթէ իր աշակերտները կ՛ուզէին իրեն հետեւիլ կամ ոչ։ Պետրոս Առաքեալ իսկոյն պատասխանեց, ըսելով թէ որո՞ւ կրնային հետեւիլ բացի իրմէ որ ունի յոյսի եւ լոյսի կեանքը որպէս Աստուծոյ Որդին։

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան հրաւէրն է զգաստ ըլլալ եւ լրջօրէն հասկնալ Քրիստոսի կատարած գործին հոգեկան ոլորտը ուր մարդ կրնայ տեսնել եւ գնահատել միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գոյութենական փորձառութեան լիութիւնը։ Եւ այդ լիութիւնը հիմքը կը կազմէ մեր վերեւ կրկնած ինքնութեան եւ իրագործման լիիրաւ դրսեւորման։ Միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գործի հրաշագործ հանդիպման խաչմերուկին է    որ մարդ պիտի տեսնէ Տիրոջ ճշմարիտ սէրն ու գուրգուրանքը` կեանքի  եւ յարատեւ նուիրումի վերածուած։ Չմոռնանք Աստուածադիր պատգամը՝ «Մարդ է որ գործէ զերկիր», յիրաւի անկրկնելի եւ անշրջելի պատգամ։

Նոր Տարուան սեմին մեր ականջին թող հնչէ այն պատգամը թէ Քրիստոնէական հաւատքը երբեք դիւրահաւան կամ «կախարդական» ճամբայ չի քարոզեր կեանքի դժուարութեանց դէմ, այլ Խաչի նուիրական խորհուրդով հիմնական հաւատքի ապահովութիւնը կը շնորհէ օգնելու մարդուն որ գիտակից որոշումներ առնէ, ճանչնալով Մարդացեալ  Փրկչին միջամտութիւնը մարդոց կեանքին մէջ։

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մէկ խօսուն օրինակն է այս մեծ պատկերին, Աստուծոյ ուղղակի յարաբերութեանը ընդմէջ հայ աշխարհի, սկսեալ առաջին մէկ օրէն։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը Խաչին պատգամն իսկ է, որմէ ճառագայթեց մարտիրոսութիւնն ու փրկագործութիւնը։ Կը մնայ մեզի մեր ինքնութիւնը ճշդել Խաչի զօրութեամբ եւ իրագործել ա՛յն ինչ որ կը պահանջէ նժարին միւս կողմը։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ