Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մշակութային Արձագանգ

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

– «Արեւելքի ռազմաճակատէն 100 տարի ետք – Հայաստանն ու Արաբական Արեւելքը պատերազմներու եւ խաղաղութեան միջեւ. Միջազգային համաժողովի նիւթեր, Լիոն, 9-10 նոյեմբեր 2018», «Թատէ» (Thaddée) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 264 էջ (նշուած միջազգային համաժողովի ելոյթներու ժողովածուն) (ֆրանսերէն):

– Բախչինեան Արծուի եւ Ասատրեան Յակոբ, «Հայերը Չեխիայում եւ Սլովակիայում (սկզբից մինչև մեր օրերը)», ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 247 էջ:

– Բախչինեան Հենրիկ, «Հայ միջնադարեան բանաստեղծութիւնը», Ա. հատոր՝ «Ոսկեդարից՝ Նարեկացի», «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 391 էջ։

– Բախչինեան Հենրիկ, «Շարականներ. 12-14-րդ դարեր. գրաբար եւ աշխարհաբար», «Սարգիս Խաչենց – Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 431 էջ։

– Բախչինեան Հենրիկ, «Ֆրիկի բանաստեղծական ժառանգութիւնը. Բնագրեր եւ քննութիւնը», հրատարակիչ՝ Թեքէեան մշակութային միութիւն, «ՎՄՎ- փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 444 էջ։

– Գրիգորեան Արմինէ, «Թերթապատում (1910-1911 թթ. – Մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս վարդապետի մասին)», «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (1910-ի յունիս-1911-ի վերջ ժամանակաշրջանին Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Եգիպտոսի մէջ Կոմիտասի գործունէութեան մասին լրատուական ու հեղինակային բնոյթի 272 միաւոր մամուլային հրապարակումներ արեւմտահայ թերթերէ, լուսանկարներ): Հրատարակուած է «Վերածնունդ» մշակութային եւ ինթելեքթուալ հիմնադրամի աջակցութեամբ:

– Եկաւեան Տիգրան, «Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւնը», յառաջաբանը՝ Ժերար Շալիանի, «Աշխարհաքաղաքականութիւն» մատենաշար թիւ 3, «Պիպլիոմոնտ» հրատարակչութիւն, տպարան «Սմիլքով փրինթ», Փարիզ, դեկտեմբեր 2021, 176 էջ (14,9 x 21 սմ.) (Հայաստանի պատմութիւնը, ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութիւնն ու անոր վերլուծումը յետանկախական ժամանակաշրջանին, բազմաթիւ գունաւոր քարտէսներ եւ լուսանկարներ, համառօտ ժամանակագրութիւն, առարկայացանկ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (ֆրանսերէն):

– Լիպարիտեան Ժիրայր, «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն», խմբագիրներ՝ Կարինէ Յարութիւնեան եւ Սեդա Հաքիմեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 432 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակին՝ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հարցազրոյցներու, հրատարակուած եւ անտիպ յօդուածներու եւ նիւթերու ժողովածուն):

– «Ձայն արցախական», կազմող եւ խմբագիր՝ դոկտոր Հրանդ Մարգարեան, «XX դարի հայ գրականութիւն» մատենաշար թիւ 1, խմբագրական կազմ՝ Դաւիթ Միքայէլեան, Ամալիա Գրիգորեան եւ Հերմինէ Աւագեան, ներածականի հեղինակ՝ Ամալիա Գրիգորեան, ծրագրի համադրող՝ դոկտոր Հրանդ Մարգարեան, «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, դեկտեմբեր 2021, 500 էջ (արցախցի 49 գրողներու ստեղծագործութիւններու ընտրանի-ժողովածու): Լոյս տեսած է հայ գրականութիւնը սիրող մեկենասներու նիւթական միջոցներով: «Գիրքի վաճառքին եկամուտը պիտի յատկացուի Արցախի գրողներուն»: Դիմել hamazkayinny@yahoo.com:

– Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան, «Մարգարէն», վերահրատարակութիւնը՝ «Ապրիլ» գրատան (Լոս Անճելոս), անգլերէնէ արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը՝ Վահէ-Վահեանի, կողքի գծագրութիւնը՝ Փոլ Կիրակոսեանի, նախաբանը՝ Արփի Սարաֆեանի, Լոս Անճելոս, 160 էջ (15 x 22 սմ.) (յառաջաբան-ուսումնասիրութիւն գիրքին ու անոր հեղինակի մասին, Ճըպրանի վրձինին պատկանող 12 կտաւներու լուսանկարներ):

– Նժդեհ (Տէր Յարութիւնեան) Գարեգին, «Չխրատուող ժողովուրդը», կազմող, խմբագիր եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ գրականագէտ Արմէն Սարգսեան, «Անհատներ» մատենաշար, «Վերնատուն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 248 էջ (16 x 23 սմ.) (Նժդեհի՝ մեր յաղթանակներու եւ պարտութիւններու պատճառները քննարկող եւ ռազմարդիւնաբերութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող գրքոյկներու ու յօդուածներու վերահրատարակութիւն-ժողովածու՝ վերածուած գրական արեւելահայերէնի, ծանօթագրութիւններ):

– Շիրինեան Լեւոն Ղ., «Հայաստանը իրավաքաղաքական իրողությունների չափումներում (XX-XXI դդ.)», խմբագիր՝ Տ. Տ, Քոչարեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2020, 448 էջ (15,3 x 21 սմ.) (Հայկական հարցը 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն՝ իրաւական ու քաղաքական դիտանկիւններէ, երեք քարտէս): «Հրատարակութեան է ներկայացրել ՀՀ ԳԱԱ փիլիսոփայութեան, սոցիոլոկիայի եւ իրաւունքի ինսթիթութի քաղաքական հետազօտութիւնների բաժինը»: Տպագրուած է Լոս Անճելոսէն Լեւոն Թորոսի եւ ընկերներու նիւթական աջակցութեամբ:

– «Վան-Վասպուրականի հերոսամարտը», երկրորդ՝ լրամշակուած հրատարակութիւն, կազմող՝ Ռոմիկ Յովնանեան, հեղինակային հրատարակութիւն, «Մեկնարկ» ՍՊԸ-ի տպարան, Երեւան, 2021, 178 էջ (18 x 25,1 սմ.) (գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ, անձնանուններու ցանկ):

– Քահհալէ Ժոզեֆ, «Քարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքներու կենսագործունէութիւնը», «Մեծեր մեր յիշողութեան մէջ» մատենաշար թիւ 1, «Նաաման» հրատարակչութիւն, Ճիւնի-Լիբանան, դեկտեմբեր 2021 (փարիզաբնակ հալէպցի հեղինակը կը ներկայացնէ ոչ միայն քարտինալ Աղաճանեանի, այլեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին հանրագիտարանային բնոյթի տեղեկութիւններ) (արաբերէն): Լոյս տեսած է քարտինալ Աղաճանեանի վախճանման 50-րդ տարելիցին առթիւ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ