ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ժամանակին, սեւին սեւ, ճերմակին ճերմակ եւ այլ զանազան գոյները կը կոչուէին իրենց գոյնով առանց նկատի առնելու որեւէ խտրականութիւն կամ յետին նպատակ, մինչեւ այն ատեն երբ Միացեալ Նահանգներու սպիտակամորթները, 1600-ական թուականներէն սկսեալ, Ափրիկէէն բերին սեւամորթ մարդիկ, իրենց արտերուն մէջ ստրկաբար ծառայեցնելու համար եւ զանոնք կոչեցին արհամարհական անուններով: Պատմութիւնը ծանօթ է բոլորիս թէ այդ սպիտակամորթ ամերիկացները, որոնք ընդհանրապէս կը պատկանին Անկլօ Սաքսոն ցեղին, ինչպէս կեղեքեցին եւ հարստահարեցին այդ ստրուկները մինչեւ նախագահ Աբրահամ Լինքընի պաշտօնավարութեան ժամանակ, երբ ան ազատութիւն եւ հաւասարութիւն շնորհեց բոլոր սեւամորթ բնակիչներուն, որոնք արդէն հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր հաստատուած էին Ամերիկա: Այդ ազատութիւնը տակաւ քաշ տուաւ երկար ժամանակ մինչեւ իսկական եւ ամբողջական իրագործում, Մարթին Լուտըր Քինկի օրով եւ անկէ ետք:
Այսօր, սեւամորթ ժողովուրդը, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վայելէ առանձնայատուկ եւ մասնաւոր շնորհումներ որոնք շատ յաճախ կը գերազանցեն նոյնիսկ սպիտակամորթերու առանձնաշնորհումները, կշիռի թեքումի վարկածով: Կարծէք սեւամորթ բնակչութիւնը իր դարերու ստրկութեան վրէժը պիտի լուծէր այն սպիտակամորթէն, որոնցմէ շատերը տակաւին կը յամառին պահել իրենց գերակայութիւնը այս երկրին մէջ, հրեայ համայնքին հետ: Բայց Միացեալ Նահանգներու բնակիչներու նոր սերունդը, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, ընդհանրապէս կորսնցուցած էր այդ խտրական վարմունքն ու շաղուած իր առօրեայ կեանքի վազքին մէջ, առանց անպայմանօրէն նկատի առնելու ցեղային խտրականութիւններ:
Մինչեւ նախագահ Ճօզէֆ Պայտընի ընտրութիւնը, ընդհանրապէս որեւէ մեծ հարց չէր ծագած Միացեալ Նահանգներու մէջ, խտրականութեան պատրուակով: Անշուշտ այդպիսի կարգ մը դէպքեր եւ պատահարներ միշտ ներկայ եղած էին եւ դատարաններու մէջ լուծելի խնդիրներ էին, սակայն մամուլի հաղորդումները եւ մանաւա՛նդ պետական համակարգը բնաւ չէին անդրադառնար այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ պատահարներու մեծամասնութիւնը անհատական եղած էին եւ սեռային կամ ցեղային զանգուածային հանգամանքներով խտրական չէին նկատուած ընդհանրապէս:
2021-ը եղաւ արտառոց բացայայտումներու, փոփոխութիւններու եւ կարգաւորումներու տարի, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին, Քորոնա ժահրի արգելափակումներէն սկսեալ, մինչեւ պատուաստներու սրսկումներու պարտադրումները, Միացեալ նահանգներու բոլոր շրջաններու մէջ ժողովրդային ցոյցերու անհամար պարագաները, կողոպուտներու օրինականացումները մինչեւ $950.00 տոլար արժողութեամբ, գաղթականական արտասովոր օրէնքներու կիրարկումներ, միլիառաւոր տոլարներու առատ բաշխումներ աջին ու ձախին, օրէնքներու փոփոխութիւններ, նկատի առնելու համար «գոյնի մարդիկ», չմոռնալով յիշելու նաեւ՝ միասեռականներն ու անոնց նման «անորոշ» սեռի արարածներ, որոնք մինչեւ այսօր «զրկուած» էին իրենց «օրինական» իրաւունքներէն: Այսօր, տարօրինակ, չըսելու համար զազրելի կամ զզուելի օրէնքներ կը հարկադրուին հասարակ եւ «պարզ» ժողովուրդին վրայ, ստիպելով զանոնք ճանչնալ, յարգել եւ հետեւիլ տարօրինակ եւ անտրամաբանական օրէնքներու, վարժարաններու մէջ ուսուցանելու եւ արտաքին աշխարհի մէջ խստիւ պատժելու համար այն մարդիկ, որոնք սխալմամբ «կ՝անարգեն» զիրենք, գիտակցաբար կամ ոչ:
Այս բոլոր «զարգացումները» կ՝ընթանան անշուշտ շնորհիւ մարդկային բարոյականութիւնը խափանած անհատներու կողմէ, որոնք կը հետապնդեն «կլոպալիզմ եւ կլոպալ քաղաքացի» գաղափարախօսութիւնը ի հեճուկս բոլոր մարդկային բարոյական եւ տարրական բնականոն կենցաղին:
Իսկ այս բոլորը կը շարունակուին կիրարկուիլ պարտադրաբար, զանց առնելով քաղաքական եւ այլ արտաքին թէ ներքին իրողութիւններ:
Կար ժամանակ երբ ցասումով կը դիտէինք փողոցներու մէջ դիմակաւոր ամբոխներ, «տարբեր գոյներու», որոնք գրաւած էին քաղաքներու փողոցները իրենց ցոյցերով, խափանած երթեւեկ եւ առեւտուր, պահանջելով «հաւասարութիւն, առանձնաշնորհումներ, իրաւունքներու ճանաչումներ եւ այլ անհատնում պահանջքներ»:
Ժողովրդային առածը կ՝ըսէ՝ « քու ազատութիւնդ կը վերջանայ երբ իմ ազատութիւնս կը սկսի»:
Սակայն վերեւը նշուած ցուցարարները չէին իմացած այդ առածը եւ անսահման ու սանձարձակ ման եկան քաղաքէ քաղաք, կողոպտելու, ապա հրկիզելու եւ կործանելու համար գործարաններ, խանութներ եւ գրասենեակներ, որոնց բացատրութիւնը կը մակադրուէր որպէս՝ «մենք զրկուած ենք այսպիսի առաւելութիւններէ» կամ՝ «անոնք ապահովագրութիւն ունին, թող դիմեն հոն»:
Եղան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ, որոնց արդիւնքները նպաստաւոր չեղան ոստիկանութեան համար, կրճատելով անոնց օրինական գերակայութիւնն ու նիւթական վարձատրութիւնը: Որպէս սանձարձակ իրաւունք, պատահեցաւ ընդհակառակը՝ կարգ մը պատմական յուշարձաններ կոտորուեցան, անոնց տեղ ոճրագործներու եւ թմրամոլներու արձաններ կանգնեցան այդ ամբոխները գոհացնելու սիրոյն: Դատարաններու եւ պետական գրասենեակներու դարպասներու մուտքին վերացան այն ինչ որ դարերէ ի վեր կրօնական սուրբ եւ ազգային երեւոյթի կոնդակներ էին, փոխարինուելու համար ապակրօն եւ ապազգային յայտարարութիւններով: Երկրին ապահովութիւնը պահպանող ոյժը անելի մատնուեցաւ իր վրայ պարտադրուած արգելքներով, տեղի տալով առաւել մեծ անկարգութիւններու, որոնց միայն մէկ հարիւրերորդ մասնիկը կը լսենք այսօր մեր հեռուստատեսիլի կայաններէն, ի բաց առեալ այն տեղեկութիւններէն որոնք իրենց ծրագրի գործադրումին ծառայող տեղեկութիւններ կը կազմեն: Ինչպէս կը տեսնենք հեռուստատեսիլի կայաններէն միասեռականներու եւ «գոյնի» մարդոց երեւոյթներու բազմացումը:
Նման «միջոցառումներ» սկսան թափ առնել ո՛չ միայն սեւամորթ համայնքին մօտ, այլ նաեւ՝ Լատին, Ասիական եւ այլ համայնքներու մօտ, ստեղծելով անտանելի կացութիւն, երբ բոլորը կը պահանջէին հաւասարութիւն, խտրականութեան վերացում, իրենց համայնքներուն արդար վերաբերմունք, հատուցում եւ այլ հազար ու մէկ պահանջքներ, որոնք արդէն գոյութիւն ունէին պետական մակարդակով, եթէ անշուշտ բնակած էք Միացեալ Նահանգներ կամ տեղեակ անոր ներքին օրէնքներուն, վերջին տասնամեակներուն:
4 տասնամեակէ աւելի առաջ, երբ պետական գաղթականական գրասենեակ կը դիմէի Լոս Անճելըսի մէջ, այնտեղ կը նշմարէի պաշտօնեաներու մեծամասնութեան քանակը որ «գոյնի մարդիկ» էին եւ ո՛չ սպիտակ: Իսկ այսօր, բնաւ կը նշմարէ՞ք տեղի ունեցած փոփոխութիւնները ձեր ապրած շրջանակներուն մէջ, այն ինչ կը վերաբերի բնակչութեան վարմունքներուն, հեռուստատեսիլի գովազդներուն, տեսաժապաւէններուն, մրցոյթներու մրցանակներու բաշխման, իրաւաբաններու գրասենեակներու խճողման, փողոցներու մէջ այդ «փոքր» համայնքներու արտասովոր, ցուցամոլ, ճոխ եւ գոռոզ երեւոյթներուն, որոնք կարծես դիմացինին «բան» ըսել կ՝ուզեն, «հիմա՛, կարգը մերն է»:
Կ՝ապրինք այնպիսի զգայուն ժամանակաշրջան, որտեղ զգուշութիւնը չափազանց հարկաւոր է բոլորիս ֆիզիքական, խօսքի, վարմունքի եւ նոյնիսկ նայուածքի կշռոյթի չափանիշերով, չտարուելու համար մարմնական, ժամանակի եւ նիւթական վնասներու:
Օ՛ն յառաջ աշխարհ, դէպի «կլոպալիզմ»: