Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոսկեդարեան Հայ Եկեղեցին Կանգուն Մինչեւ Այսօր

Ներկայի Ամենալուրջ Յանձնառութեամբ

 Դոկտ.ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ         

«Մեսրոպ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝ Դուն ադամանդեայ ապառաժ»

ՍԻԱՄԱԱՆԹՕ

Նշանակալի Գնահատանք

Գերմանացի յայտնի հայագէտ գիտնական Եոսէֆ Մարկվարդի գնահատանքը որպէս նախաբան կ՛արձանագրեմ այստեղ երբ համեմատութեան մէջ դնելով Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի գործունէութիւնը գերման յայտնի մտքի լուսաւորիչներ Պիպինի եւ Վինֆրիդի հետ, ըսած է.

«Եթէ նկատի ունենանք այն պայմանները որոնց ընթացքին Մեսրոպն ու Սահակ մտքի եւ հոգիի լուսաւորութիւն ներգործեցին Հայաստան, կը տեսնենք որ Պիպինը  եւ իր զինակից Վինֆրիդը խեղճ թզուկներ կ՛երեւին այդ երկու հսկաներու համեմատութեամբ», եւ կ՛աւելցնէ.

«Ժողովուրդ մը որ իր ծոցէն այսպիսի մարդիկ ծնած է ու կը յարգէ զանոնք որպէս դիւցազներ, անկարելի է որ ի սպառ ջնջուի, որքան ատեն որ այդ ժողովուրդը կը հետեւի անոնց օրինակին»։ Վերջին բառը մեզի կը պատկանի, եւ միայն մերօրեայ հայ ժողովուրդին գերագոյն պարտքը կը նկատուի՝ «հետեւիլ անոնց օրինակին»։

Բանաստեղծին  Սխրանքը     

            Սիամանթօ իր բանաստեղծական թռիչքէն շատ աւելի անդին խոյացող իր այս սխրանքով հայոց վաւերական ամբողջ պատմութիւնն  է որ կը խտացնէ հոյակապ կերպով։ Այստեղ ամէն մէկ բառ յետադարձ մարգարէութիւն չէ, այլ շատ աւելին, բանաստեղծօրէն գրուած հայոց դարերու կեանքն է եւ իրագործում։ Իւրաքանչիւր բառ այստեղ ունի իր պատմական լիաբուռն բովանդակութիւնը, դարեր անցան, որոնց դիմացաւ Ս. Մեսրոպ որպէս ապառաժ ադամանդեայ, ու այդ ադամանդի պրիսմակէն բազմահարիւր ճառագայթներով, գիրով, դպրութեամբ, արուեստներով,  հայն ու Հայաստան մնացին աշխարհի երեսին պատուով եւ արգասիքներով ծաղկուն։

            Բանաստեղծին հիացումը սակայն ներկայ մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դէմ կը պարտաւորեցնէ ամենալուրջ նկատողութիւն ներկայ սերունդի յանձնառութեանց մէջ։ Ո՞ւր է այսօր բանաստեղծին սրբացուցած Մեսրոպեան շունչն ու գիրը, ո՞ւր են մեր անգին մատենագիրներուն ադամանդեայ աւանդը, մասնաւորաբար մեր հայրենի իրականութեան մէջ մեր ջինջ լեզուն կը հետեւի՞ արդեօք բանաստեղծին սխրանքին, լեզուն որ վաղուց կորսնցուցեր է ադամանդեայ փայլը զոր եթէ ինք Սիամանթօ չմարգարէացաւ, ուրիշ սրտցաւ իշխան մը Վահան Թէքէեան մարգարէացաւ յայտնելով դար մը առաջ թէ արդեօք իր գրած գոհարները կարդացող պիտի ունենա՞ր։ 

 Հայոց Ոսկեդարը

            Հայ ժողովուրդի Ոսկեդարը 5-րդ դարուն՝ եղաւ հիմն ու հիմնաքարը յետագայ դարերուն, շրջանցելով ամէն քաղաքական փոթորիկ։ Անոր մեծագոյն շնորհն էր որ զարգացուց Հայ Եկեղեցին եւ մշտնջենաւորեց մեր ժողովուրդին համար թէ՛ մշակոյթի եւ թէ՛ քաղաքակրթութեան թաքուն եւ զգայուն ճանապարհներով, հակառակ այն իրողութեան որ Ոսկեդարէն 150  տարիներ առաջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուած էր Հայաստանի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ առանց մէկ գիրի   եւ համար մը հայերէն Աստուածաշունչի։ Լեզուն կար եւ սակայն միջոցը չկար։ Քրիստոնէութեան հիմնադրութիւնը, որ սկիզբ առած էր Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալներու կողմէ  իրենց իսկ նահատակութեամբ, հարկ էր հասկնալի  եւ ընդունելի դարձնել, տալով  անոր հայեցի նկարագիր եւ ինքնատիպ ներգործութիւն։

Քաղաքական Անկում

Այդ առաջին 400 տարիները թագաւորական տարիներ եղան իրենց սովորական իմաստով, այսինքն Արշակունեաց Թագաւորութիւնը տէրն էր Հայաստանի մինչեւ 428 թուականը։ Սակայն այս եւս այնքան խախուտ որքան 387 թուին Հայաստանի երկուքի բաժանումը Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ, մեծ մասը Պարսից ձեռքին տակ, ուր պիտի աշխատէին մեր Սուրբերն ու Թարգմանիչները։ Սահմանագիծը հիւսիսէն Կարին քաղաքն էր եւ հարաւէն Մծբին, առաջինը Բիւզանդիոնի ներքեւ եւ երկրորդը ճիշդ սահմանին վրայ, Հայոց Խոսրով 4-րդ թագաւորը ենթակայ Բիւզանդիոնի, եւ Արշակ 3-րդն ալ՝ Պարսկաստանի։

Մեսրոպ Մաշտոց

Իսկական հրաշքը հասաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտով  որ մեր բերանացի բարբառին եւ ձայներուն գիրերը հնարեց, եւ իսկոյն Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գլխաւորութեամբ Թարգմանիչ Վարդապետներ թարգմանեցին Աստուածաշունչը Յունարէն Եօթանասնից կոչուած լաւագոյն բնագիրէն զոր անձամբ Կ. Պոլսէն Հայաստան բերին առաջին թարգմանիչ վարդապետներէն «երկու հոգեւոր եղբայրները՝ Յովսէփ Եկեղեցացի եւ Եզնիկ Կողբացի»։

Կարեւոր է նկատի ունենալ Հայաստանի քաղաքական դիրքը՝ հաս-կնալու համար Հայ Եկեղեցւոյ կազմաւորման սկիզբը որ երկու Առաքեալներու քարոզութեամբ սկսաւ առաջին դարուն։ Այդ կազմաւորման առնչակից եղան Հայաստանի Արշակունեաց թագաւորութեան շրջանի  երեք մայրաքաղաքները, Արտաշատը՝ կառուցուած Տրդատ Ա Թագաւորի ձեռքով, Մծուրքը` Սանատրուկի ձեռքով, եւ Վաղարշապատը (Էջմիածին) Վաղարշ թագաւորի ձեռքով։ Երեքն ալ միջազգային յարաբերութեանց գօտիներ ըլլալով կարելի դարձուցին քրիստոնէութեան թափանցումը Հայաստան։

Գիրն ու Գրականութիւնը

Իսկապէս նախախնամական եւ ճակատագրական եղան այդ տասն¬ ամեակներուն ծաղկած հայոց գիրն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թարգմանիչ Վարդապետներու պատրաստութիւնը, որոնք եղան մեր առաջին պատմիչները եւ հայ մշակոյթի ջահակիրները, որոնք ջահը թէ՛ վառեցին, եւ թէ՛ վառ պահեցին յաջորդող հազարամեակին։ Ներքին եւ արտաքին բոլոր ապացոյցներով հզօրագոյն պատնէշն ու պատուարը քաղաքական անկումին դիմաց հայերէն գիրը եղաւ, քաղաքական թագաւորութեան փոխարէն մտքի եւ հոգիի թագաւորութիւնը տիրեց, որ իր երրեակ առաքելութեան մէջ գոյութիւնը ապահովեց մեր ազգին եւ եկեղեցիին։

ԳԻՐԸ իր երեք տառերով եղաւ նախ ՏԱՌ, շուտով եղաւ ԳԻՐՔ, եւ իսկոյն՝ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Գիր, գիրք, եւ գրականութիւն։ Ահա երրեակ կառոյցները մեր ազգային, եկեղեցական, եւ մշակութային գոյատեւման որմէ ծլարձակուեցան քաղաքակրթութեան հարազատ արգասիքը եղող ճարտարապետութիւնն ու ձեռագրագիտութիւնը, վանական եւ համալսարանական առաջին կեդրոնները հայոց աշխարհի չորս ծագերուն, շարականագրութիւնն ու երաժշտութիւնը, բանահիւսութիւնն ու քանդակագործութիւնը, վանքերու ուսումնական բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, Ս. Գրական մեկնաբանութիւնը, իրենց ճարտասանական, գիտական, իմաստասիրական եւ մանաւանդ պատմագրական ճիւղերով։ Այս բոլորին վկաներն են այսօր Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանի տասնեակ հազարաւոր ձեռագիրները, բազմաթիւ խաչքարերն ու տաճարները։

Ո՛չ Զէնք եւ Ո՛չ Մական, միայն 36 Զինակիցներ

            Թուականները երբ ճշդենք կը տեսնենք թէ որքան հակընդդէմ կացութիւններու մէջ Հայ Եկեղեցին կրօնական հալածանքներու  դէմ  վերապրեցաւ երբ չկար պետական նեցուկ։ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումին հետեւանքով, դրացի ազգեր անհաշտ էին հայերու նկատմամբ, եւ սակայն կար հայոց ինքնութիւնը ապառաժի նման հաստատ եւ ադամանդի նման փայլուն, այլեւս ո՛չ զէնքի եւ ո՛չ ալ թագաւորի մականին ներքեւ, հակառակ սպառնալիքներուն՝ որոնց յոռեգոյն ապացոյցը Պարսից կրակապաշտ կրօնի սպառնալիքը եղաւ քրիստոնեայ Հայաստանի վրայ, եւ որուն Հայ Ժողովուրդն ու Հայաստան, առաջին պաշտպանն ըլլալով ազգերու պատմութեան մէջ, 451 թուի Վարդանանց Պատերազմով ու 484 թուի Վահանեանց Նուարսակի դաշնագրով տուին արժանի պատասխանը։

Պատմագրութիւնն ու Հայ Եկեղեցին

            Հայ եկեղեցւոյ կողքին հայ պատմագրութեան ծաղկումը արագընթաց եղաւ, երկուքին հրաշալի լծակցութեամբը։ Եկեղեցի եւ պատմագրութիւն, մէկը միւսով զօրացած մեր ժողովուրդին ճակատագիրը ճշդեցին երբ պատմագիրները, մինչեւ Բագրատունեաց շրջանը, ամէն դար մէկ կամ երկու գրիչով, առանց քաղաքական նեցուկի, պարսիկին ու արաբին, բիւզանդիոնին եւ խաչակիրներուն սպառնալիքներուն ներքեւ նոյնիսկ, առանց զիջելու,  յառաջ  տարին հայ ժողովուրդին  հոգեւոր  եւ մտաւոր  թագաւորութիւնը։ Աւելի ուշ՝ եկան Մոնկոլներն ու Թաթարները, Սելճուքներն ու Թուրքերը, եւ սակայն հայ մատենագրութիւնը իր ընթացքը պահեց ամրակուռ մինչեւ 17-րդ դար Առաքել Դաւրիժեցի պատմիչը, որ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Էջմիածնի պաշտպաններէն վերջինը որպէս դասական պատմիչ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ