Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Բանակը 30 Տարեկան Է

«Ես իմ կեանքիս մէջ երբեք չեմ ուզած անձնական երջանկութիւն ու բարօրութիւն։ Ես միշտ պայքարած եմ միայն իմ հարազատ ժողովուրդի ազատութեան եւ բարեկեցութեան համար։ Ես իմ վաստակիս գնահատականը չեմ ուզեր, ես միայն կը փափաքիմ,  որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես կը ծառայեմ իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին»:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՕԶԱՆԵԱՆ

Չկայ աւելի ազնիւ առաքելութիւն, քան հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ծառայելը։

Հայոց բանակի ծնունդը մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքի, ոյժի, նուիրուածութեան եւ հայրենասիրութեան արգասիքն է։ Հայոց բանակը դարձաւ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ ժողովուրդի պաշտելի զաւակը։ Իր  կազմաւորումը կը զուգադիպի 1992-1994 թուականներուն, երբ արդէն անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ կը պատերազմէր Ազրպէյճանի հետ:  Այդ շրջանին համընկնեցաւ նաեւ ազգային բանակի ստեղծումը: Հայկական բանակի ստեղծման մէջ, սակայն, վճռորոշ դեր ունեցաւ 1990-ի անկախութեան հռչակագիրը, որմով փաստացիօրէն սկիզբ առաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ իրաւական ու գործնական նոր հեռանկարներ բացուեցան ազգային բանակի ստեղծման համար: 

Այսօր կ’ամբողջանայ Հայոց բանակի 30 ամեակը։ Այս 30 տարիներու ընթացքին բանակը ծանր ժամանակահատուած դիմագրաւեց. անընդհատ լարուած սահմաններ,  պատերազմներ, որոնցմէ վերջինը՝ բոլորիս ողնաշարը կոտրեց ։ Այսուամենայնիւ, յիշելով Հայաստանի պատմութիւնը,  եւ աւելի ճիշդ՝ աշխարհի պատմութիւնը ,  կը տեսնենք, որ շատ անկումներուն մեծ վերելքներ յաջորդած են, իսկ շատ պարտութիւններուն՝ մեծ յաղթանակներ։

Այսօրուան իրավիճակով իր աւարտին չեն հասնիր ո՛չ հայոց, եւ ո՛չ ալ երկրագունդի պատմութիւնը. իրադարձութիւններուն անիւը շարունակ կը պտտուի ու կը թերթէ պատմութեան էջերը։

Հայոց բանակի 30-րդ տարեդարձը այսօր կը նշենք բարդ պայմաններու մէջ։ Արցախեան վերջին պատերազմին հայկական բանակը  ցոյց տուաւ խիզախութեան այնպիսի օրինակներ, որոնք ոչ միայն պիտի յիշուին, այլ պիտի դառնան ժամանակակից ռազմարուեստի ուսումնասիրութեան օրինակելի նմոյշներ: Մեր զինուորներու անձնազոհութիւնը եւ խիզախութիւնը կու գան փաստելու, որ կայացած բանակ ունենալու ամէնէն կարեւոր տարրերը առկայ են։

Փառք ու պատիւ Հայոց փառապանծ սպաներուն եւ զինուորներուն։

Խունկ ու աղօթք մեր նահատակուած եղբայրներու եւ որդիներու յիշատակին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ