Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ստացուած Հրատարակութիւններ

«Ազէզէն Ամերիկա»

Հեղինակ՝ Զարմինէ Պօղոսեան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր Օր» շաբաթաթերթը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանին, իր հեղինակութեամբ պատրաստուած եւ  ուղարկած գիրքին համար, շնորհաւորելով զինք իր   «Ազէզէն Ամերիկա» խորագրով գիրքի հրատարակութեան առիթով:

Գիրքը ինքնին, համապարփակ գիրքերու հաւաքածոյ պէտք է նկատի ունենալ, տարագրութիւնէն ետք ծնունդ առած սերունդի մը ներկայացուցիչին կողմէ կատարուած գրական, մշակութային, կրթական եւ ազգային աշխատասիրութիւններու ոդիսականին: «Ազէզէն Ամերիկա»-ն իր ծաւալուն 444 էջերու մէջ ամփոփուած «փոխան ինքնակենսագրութեան ներկայացուած յօդուածներ», «Կեանքս Դրոշմող Անձերու Հետ յօդուածներ», «Անմոռանալի Հանդիպումներ», «Մանկավարժի Օրագրէն Էջեր», «Գրականութեան եւ Գրողներու Հետ», «Մեր Համայնքային Կեանքէն», «Այլեւայլ», «Բանաստեղծական Ներշրջումներ», «Զարմինէ Պօղոսեանի Գործունէութեան Շուրջ Արձագանգներ» եւ որպէս վերջաբան՝« Յաւէտ Երախտապարտ» շնորհակալութեան խօսք ուղղուած բոլոր այն անձերուն, որոնք գտնուած են հեղինակին շուրջ, իր կեանքի գործունէութեանց ընթացքին, զինք քաջալերելու, օգտակար հանդիսանալու, աշխատակցելու համար իր հետ եւ վերջապէս՝ իր հետ բաժնելու, սփիւռքի տարածքին, հայ մանկավարժի մը սուրբ առաքելութեան մտահոգութիւնը որ կը ծառանայ մինչեւ այսօր բոլորիս սրտերուն եւ հոգւոյն մէջ, եւ տակաւին անյագ՝ կիսակատար աշխատանքի տպաւորութիւնը թողելով մեր մէջ,:

Զարմինէ Գալայճեան Պօղոսեանին կենսագրականը սկիզբ կ՝առնէ Սուրիոյ Ազէզ գիւղաքաղաքէն, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանին շատ մօտիկ եւ որը այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ իշխանութեան տակ, անոր ձիթաիւղի եւ ձիթապտուղի դաշտերուն հարուստ պաշարը օգտագործելով:

«Ազէզէն Ամերիկա»-ի հեղինակը անցած է նախ Հալէպէն, այնտեղ շարունակելու համար իր երկրորդական բարձրագոյն կրթութիւնը այն նոյն վարժարանին մէջ ուր յաճախած է նաեւ այս տողերուն հեղինակը: Կեանք մըն է ամբողջ որ կերտուած է ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած կամ անոր յաջորդ սերունդի ազգակերտումի աշխատանքներով տարուած նուիրեալ ծառաներու, որոնց հետ ապրած ենք յաճախ ցասումի եւ յաճախ հպարտանքի եւ ուրախութեան պահեր, որոնք դրոշմեցին մեր սերունդին մէջ ազգային ոգիի էականը, զայն փոխանցելու համար մեր յաջորդ եւ ներկայ սերունդին, այն ի՞նչ տարբերութիւն թէ ո՞ր ափին կը գտնուիս երբ հայրենիքի մէջ չես:

Զարմինէ Պօղոսեանը այն նուիրեալ անձերէն է որ կարողացաւ Ամերիկայի այս ափերուն մէջ, 30 տարիներ շարունակ,  մատաղ սերունդին մէջ սերմանել այն ոգին որ իր մէջ սերմանած էին մեր նախնիները :

Պօղոսեանին «Ազէզէն Ամերիկա» հեղինակութիւնը միայն Ազէզի կամ Հալէպի մասին չէ: Շատ հաւանաբար, այդ հատուածը գիրքին, իր կեանքի ամենապտղաբեր ժամանակաշրջանը ըլլար կատարելագործութիւններով քաջալերելի: Աւելի սպառիչ եւ պայքարելի պիտի նշենք իր աշխատանքը ՍՆԱՎ վարժարանի պաշտօնէութեան ժամանակաշրջանը որ կ՝երկարի 30 տարիներու տարածքին, նկատի ունենալով իր տարած տքնաջան եւ նուիրեալ աշխատանքը այնտեղ: Առաւել եւս, Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ հայահոծ գաղութներու գոյութիւնը պատրուակ պիտի հանդիսանար Զարմինէին, լծուելու գաղութային ընկերային-հասարակական, եկեղեցական եւ ազգային  գործունէութեան, հայ համայնքին կեանքի, ապրուստի եւ ազգային կեանքի շաղկապման համար տարած աշխատանքներով, որոնք կ՝արտացոլուին գիրքին մէջ, համարեա օրագրի կարգով:

Գրական եւ մշակութային հանդէսներ, հանդիպումներ գրողներու եւ ազգային գործիչներու հետ, թատերական ելոյթներ, այցելութիւններ հայրենիք եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաք եւ տպաւորութիւններ ու զգացական պահեր որոնք կ՝արտայայտուին «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքին մէջ, խոցելով բոլոր անոնց հոգին որոնք անցած են նոյն ճանապարհէն:

Խիստ գնահատելի է հեղինակին այս աշխատանքը: «Նոր Օր» իր համայն ընտանիքով կ՝ողջունէ հեղինակը՝ Զարմինէ Պօղոսեանը մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն:

Գրիչդ դալար սիրելի Զարմինէ եւ վարձքդ կատար:

Գիրքին մասին տեղեկութեանց համար դիմել հեղինակին՝

Zarmine Boghosian

zarminekb@yahoo.com

1495 Country Club Drive, Springfield, PA 19064

Tel; 610-543-1709

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ