Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Ծնունդ Եւ Աստուածայայտնութիւն

Դեկտեմբեր 25 եւ Յունուար 6

Անուանակոչութիւն Յունուար 13

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ի՛նչ է Տարբերութիւնը

     Քրիստոնեայ աշխարհը Փրկչին Սուրբ Ծննդեան տօնը յիշատակեց, մեծագոյն մասամբ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Հայ Եկեղեցին աւանդական թուականին՝ Յունուար 6-էն մինչեւ Ութօրէք երբ ամսուն 13¬ին անշարժ կերպով պիտի տօնէ Տիրոջ Անուանակոչութիւնը։ Սկիզբէն ըսած ըլլամ որ թուականները շատ երկրորդական հարցեր են, իսկ կենսականը՝ Փրկչին Մարդեղութիւնը։

     Սովորական մտածողութեամբ ամէն տարի մակերեսային նոյն հարցը կը լսենք թէ ինչու թուականին երկուութիւնը, առանց անդրադառնալու Աստուծոյ որպէս Մարդ (Incarnation) յայտնուելու ամենէն հիմնական իրողութեան, որուն պէտք է ուղղուած ըլլան հետաքրքրութիւնները քան թէ պարզ թուանշաններուն։ Մերօրեայ հասարակ ծննդեան տարեդարձներու արձագանքն է անշուշտ որ բոլորովին կը նսեմացնէ Փրկչին Ս. Ծննդեան խորհուրդը։ Կանուխէն նաեւ գիտնալու ենք որ երկու թուականներն ալ ստուգուած չեն Աւետարաններէն որ ինքնին կը հաստատէ թիւին անկարեւոր ըլլալը։ Աւետարանիչներ որոնք աւելի ուշ գրեցին, ինչպէս բոլոր եղելութեանց մասին, նոյնպէս նաեւ Փրկչի ծննդեան մասին, իրենք իսկ չէին գիտեր որքան ատեն որ չեն նշած որեւէ թուական, զանոնք գուշակելով դէպքերու եւ կամ տարուան չորս եղանակներու յարաբերութեամբ։

Յունուար 6

     Սկզբնական եւ աւանդական թուականը Յունուար 6-ը եղած է զոր նախնագոյն եկեղեցին մինչեւ Նիկիոյ Տիեզերական Ա Ժողովը (325) ճանչցած է որպէս Աստուածայայտնութիւն եւ ոչ որպէս Ծնունդ, եւ իբր այդ փոխանցուած մինչեւ 381 թուի Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բ Ժողովը։ Մինչդեռ Հայ Եկեղեցին որ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած էր աւելի կանուխէն 301 թուականին, աւանդական Յունուար 6-ը որպէս Յայտնութիւն կը տօնէր անոր անմիջապէս կցելով նաեւ Ծնունդը Յիսուսի՝ Աւետարանական շատ պարզորոշ տուեալներուն հիմամբ։

     Հռոմէական Կայսրութիւնը չէր ընդունած Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, այլ միայն Կոստոնդիանոս Մեծ Կայսեր (288-337) օրով Միլանի Դաշնագրով «որպէս թոյլատրեալ կրօն» յայտարարուած էր կայսրութեան մէջ այլ կրօններու շարքին։ Հռոմէական Կայսրութեան Բիւզանդիոնի (Նոր Հռոմի) Գահն էր կշիռ ունեցողը քան թէ Իտալիոյ Հին Հռոմի գահը,  երբ Թէոդոսիոս Ա Բիւզանդիոնի Կայսեր (379-395) կողմէ որպէս միահեծան կայսր, Քրիսոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուեցաւ Հայաստանէն ութսունամեակ մը ետք, երբ այն ատեն միայն պիտի մտածէին Ս. Ծննդեան թուականի մասին, հետեւելով կա՛մ աւանդական Յունուարին եւ կա՛մ յարմարցնելով նոր թուական մը ինչպէս որ ըրին։

Դեկտեմբեր 25

     Հռոմէական Կայսրութեան համար Քրիստոնէութեան «թոյլատրեալ կրօն» ըլլալը վերածուեցաւ պետական կրօնի Թէոդոսիոս Ա Կայսեր հրովարտակով, երբ Տիեզերական Բ Ժողովն ալ ինք հրաւիրեց 381 թուականին, բոլոր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մասնակցութեամբ՝ հաստատելով նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւնը։  Կարելի է ստուգապէս ընդունիլ որ այդ ժողովը հաստատեց Քրիստոնէութեան որպէս կայսերական պետական կրօն հռչակումը Կայսեր հրովարտակով, որ իր կարգին հռչակեց Դեկտեմբեր 25-ի Ծննդեան թուականը, յարմարցնելով զայն որպէս Քրիստոնէութեան գլխաւոր յիշատակ։ Կարեւոր էր այդ թուականը այն իմաստով որ ան պիտի փոխարինէր նոյն օրուայ Սադուրնել չաստուածի պաշտամունքը, վստահ ըլլալով որ կարելի պիտի ըլլար խափանել հինը եւ նորը հաստատել։

     Ուրեմն յայտնի կը դառնայ Յունուար 6-ի աւանդական եւ աւելի ընդունելի թուականը քան թէ բռնազբօսիկ կերպով յարմարցուած Դեկտեմբերի 25-ի օրը, երբ նկատի ունենանք նաեւ որ Աստուածայայտնութիւնն ալ չմիացնելով Ծննդեան տօնին, զայն յետաձգեցին Յունուարի 6-ին։ Հայեր անխախտ մնացին աւանդական թուականին վրայ Ծննդեան միացնելով նաեւ Փրկչին Մկրտութիւնը նոյն Յունուար 6-ին։

Յիսուսի Մկրտութիւնը

     Հայ Եկեղեցին միակն է որ Յիսուսի Մկրտութիւնը կը տօնէ Իր Ծննդեան օրը՝ Ջրօրհնէքի  յատուկ ծիսակատարութեամբ, յաւարտ Ս. Պատարագի։ Սա չի նշանակեր որ Յիսուս որպէս նորածին մանուկ մկրտուեցաւ։ Անշուշտ ոչ։ Աւետարանները կը գրեն թէ   իր երեսուն տարիքին Յիսուս Յորդանան գետ եկաւ մկրտուելու Յովհաննէս Մկրտիչէն որուն ծանօթ էր եւ տարեկից։ Յովհաննէս խոնարհեցաւ Յիսուսի առաջ եւ ինքզինք արժանի չնկատեց զինք մկրտելու, եւ սակայն Յիսուսի կրկնակի առաջարկին վրայ Մկրտիչն Յովհաննէս մկրտեց Յիսուսը իր հասուն տարիքին, որմէ ետք 40 օրեր անապատ քաշուեցաւ ապաշխարելու, փորձուելու, եւ ապա վերադառնալու իր առաքելութեան։

     Դարձեալ թուականի չգոյութեան պատճառաւ, Հայ Եկեղեցին Ս. Ծննդեան տօնին վրայ Մկրտութեան պահուն Ասուածայայտնութեան կնիքը դրաւ, ըստ Աւետարաններուն, երբ Հայրը ի վերուստ ուղարկեց աղաւնակերպ Ս. Հոգին ձայնելով որ «սա է իմ սիրելի Որդին որուն ես հաճեցայ»։ Առաջին անգամն ըլլալով Սուրբ Երրորդութիւնը միասնաբար կը յայտնուէր աշխարհին։ Որպէս լրումն Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան դրոշմը կը դրուէր այս անգամ Յիսուսի Մկրտութեան պահուն ու Հայ Եկեղեցին իրաւամբ զոյգ տօները կը միացնէր Յիսուսի Մարդեղութեան պատմական իրողութեամբ։

Մարգարէութեանց Նախատեսութիւնը

     Հին Կտակարանէն կ՛աւանդուէր Յիսուսի ծննդեան պարագաները անունով եւ Բեթղեհէմի յիշատակութեամբ։ Մարգարէներ կ՛աւետէին Կոյսին ծնունդը եւ Որդւոյն Էմմանուէլ կոչումը իր ծնունդէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, որ եղաւ առաջին անունը Յիսուսի որ կը նշանակէր «Աստուած մեզ հետ» (Եսայի 7։14, 8:8)։ Աւետարանիչներ մէջբերելով մարգարէներուն նախատեսածը Յիսուսի ծննդեան առիթով կրկնեցին Էմմանուէլ անունը, որ ինքնին «ծնունդ» կը նախատեսէր, այսինքն «Աստուած մեզ հետ պիտի ըլլար», ինչպէս որ եղաւ Բեթղէհէմի մսուրին մէջ։ Յաւիտենական պատգամ մըն էր տրուածը այդ առաջին կոչումով, որուն պիտի պատասխանէին սերունդներ արդե՞օք անոնք ալ Աստուծոյ հետ պիտի ըլլային։ Երանի թէ ըլլային։ Աշխարհն այսօր մոռցած է Էմմանուէլը եւ յարած ամէն բանի բացի Աստուծոյ։

     Բարեբախտաբար Եկեղեցին ընդհանրապէս տակաւին կուտայ նոյն հարցումին դրական պատասխանը, հոգ չէ թէ նուաղած ձայնով աշխարհի ժխորին ընդմէջէն։ Դռները բաց են միշտ եւ հաւատացեալներ կը մտնեն ներս հաղորդուելու Էմմանուէլին հետ եւ իր անունով Աստուծոյ պատախանելու թէ «մենք ալ քեզ հետ ենք», ինչպէս Յայտնութեան Գիրքին մէջ ալ ըսուած է, «կը բաղխեմ դուռդ եւ կ՛ուզեմ ընթրել քեզ հետ», սակայն դուռը ներսէն կը բացուի, դուն պիտի բանաս զայն որ Տէրը մտնէ եւ բաժնեկից ըլլայ ընթրիքիդ։

Անուանակոչութիւն Տեառն

     Ծննդեան տօնը Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ ութ օրեր, եւ լրման կը հասցնէ Յունուար 13¬ի Անուանակոչութեամբ՝ անշարժ թուականով։ Էմմանուէլ մարգարէաշունչ անունը Նոր Կտակարանով հրեշտակային իսկական ՅԻՍՈՒՍ անունով կը փոխարինուի երբ «Յիսուս պիտի կոչես զինք» ըսաւ հրեշտակը, որ կը նշանակէ ան որ մարդիկ պիտի մաքրէ իրենց մեղքերէն։ Ծննդեան օրն իսկ Աւետարանը կ՛ըսէ թէ նաեւ Օծեալը (Մեսիան) պիտի ըլլայ Ան, որուն յունարէն թարգմանութիւնն է ՔՐԻՍՏՈՍ։ Նաեւ Ան «Որդի Աստուծոյ» պիտի կոչուի, քանզի «Փրկիչ ծնաւ մեզ»։ Կը տեսնենք անուններ՝ Յիսուս, Քրիստոս, Փրկիչ, Որդի Աստուծոյ,  որոնք Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ճշգրիտ արտայայտութիւնները կը հանդիսանան։

     Իր Մկրտութենէն եւ փորձութիւններէն ետք Յիսուս իր յիշեալ հինգ անուններուն տէրը կանգնեցաւ ու ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Երբ կը քարոզէր ու հրաշքներ կը գործէր, Յիսուս այս անգամ «ինքզինք» անունով մը եւս կոչեց՝ «Որդի Մարդոյ», վստահեցնելով   որ ինք մարդացեալ Աստուածն էր որ երկիր իջաւ, ծնաւ որպէս մարդ ու Հայր Աստուծոյ ներկայութիւնը հաստատեց մարդոց մէջ, այդ անունը յատկացնելով իրեն գալիք չարչարանքներուն ու խաչելութեան։ Ի վերջոյ եօթներորդ անուն մը եւս տրուեցաւ իրեն իր Համբարձումէն ետք ըստ Պօղոս Առաքեալի Փիլիպեցւոց Թուղթին, ուր Քրիստոս ստացաւ անուն մը որ «բոլոր անուններէն վեր եղաւ եւ բոլորը ծունկի եկան այդ անունին առջեւ»։ Վասնզի ինք ՏԷՐ կոչուեցաւ բոլորէն, «եւ ամէն լեզու թող խոստովանի թէ Տէր է Յիսուս Քրիստոս՝ ի փառս Հայր Աստուծոյ» (Փիլ 2:11):     

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ