Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Հրատարակութիւններ

– Թեքէեան Վահան, « «Արեւ»ի խմբագրականներ (1915-1945)», կազմողներ՝ Պետրոս Թորոսեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան, հրատարակութիւն Թեքէեան մշակութային միութեան Հիմնադիրներու մարմնի եւ Ա. Մ. Ն.ի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2022:

– «Հերոսներու ճանապարհը – Զօրավար Անդրանիկ, Վաղարշակ Շահինեան», հայերէնէ թարգմանեցին Հեղինար Մելքոմ Մելքոմեան (Զօր. Անդրանիկի հատուածը) եւ Փոլ Շահինեան (Վ. Շահինեանի հատուածը), խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոն, Նիւ Ճըրզի – ԱՄՆ, 2021, 264 էջ (Զօրավար Անդրանիկի քարտուղարներէն Եղիշէ Քաջունիի «Զօրավար Անդրանիկ – Հայկական առանձին հարուածող զօրամասը» յուշագիրքը եւ Առաջին աշխարհամարտի մասնակից վանեցի կամաւորական Վաղարշակ Շահինեանի յուշերը) (անգլերէն):

– «Հոգիներու աճուրդը – Յօշոտուած Հայաստան – Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Վարդան Մատթէոսեան, աշխատասիրեց եւ յառաջաբանը հեղինակեց Եդուարդ Գոզանլեան, «Էտիար» հրատարակչութիւն, Պուէնոս Այրես, 2022 (Մեծ Եղեռնի ականատես Արշալոյս Մարտիկեանի վկայութիւնը, նոյնանուն շարժանկարէն 16 լուսանկար, առնչակից նիւթեր) (սպաներէն): Լոյս տեսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ:

– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Մարդասիրութեան վկաներ – Զուիցերիոյ մարդասիրական գործունէութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին 1894-1923», հրատարակիչ՝ գրատուն «Անթուան», Պէյրութ, յունուար 2022, 606 էջ (15,5 x 23 սմ.) (զուիցերական անտիպ փաստաթուղթերու հսկայական հիմքով պատմագիտական արժէքաւոր աշխատութիւն, 82 լուսանկարներ, 7 քարտէս, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, առարկայացանկ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր) (ֆրանսերէն):

– Նակ Ալաքանանտա, «Կալկաթայի հայերը», Քալքոթա-Հնդկաստան, փետրուար 2021, 127 էջ (10 տարուայ աշխատանքի շնորհիւ՝ Կալկաթայի հայոց պատմութիւնը լուսանկարներու միջոցով. հազուագիւտ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ նիւթեր):

– Չարենց (Սողոմոնեան) Եղիշէ, «Հրավառ հոգիներ – Souls on Fire», հայերէնէ անգլերէնի թարգմանիչ՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան, խմբագիր՝ Վիգէն Թիւֆենքեան, հրատարակութիւն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութեան, Գանատա, 4 յունուար 2022, 177 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) («Ամբոխները խելագարուած», «Մահուան տեսիլ» [իր տարբերակներով], «Պատգամ» պոէմ-բանաստեղծութիւնները, երեք յաւելուած, խմբագրի ծանօթագրութիւններ) (երկլեզու՝ հայերէն-անգլերէն):

– Տեուըլֆ Իվ (Dewulf Yves), «Հայաստան-Պրըթանեը – Հանդիպումներու պատումներ», «Մոնթանեը նուար» (Montagnes noires) հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, նոյեմբեր 2021, 224 էջ (14 x 21 սմ.) (France-3 հեռատեսիլի կայանի պրըթոն վաղեմի թղթակիցը պատմական զուգահեռներ եւ համընկնումներ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմտեան Պրըթանեը տարածաշրջանին միջեւ) (ֆրանսերէն):

– Տօնիկեան Տենիս, «Հայոց ցեղասպանութեան փոքր հանրագիտարան – Մեծ Եղեռն», «Կէօթներ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021, 662 էջ (21 x 28 սմ.) (ֆրանսերէն):

– «Քեսապի Տային», խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2021 (Հայկական Լեգէոնի մարտիկ եւ 1919-1922-ին Քեսապի գաւառակի հայութեան զինուորական գործի կազմակերպիչ Ովսիա Սաղտըճեանի (1887-1953) կեանքն ու գործունէութիւնը): Լոյս տեսած է Սեւակ ու Յակոբ Փանոսեաններու մեկենասութեամբ:

Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ