Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ

Ոչ եւս է Անդրանիկ Աֆարեան

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի երկարամեայ եւ ժրաջան անդամին՝ Անդրանիկ Աֆարեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ գիշեր՝ 19 Փետրուար, 2022-ին։

Անդրանիկ Աֆարեան եւ իր հանգուցեալ տիկինը Սիրուկ, մեծ վաստակ ունեցած են մեր մասնաճիւղի բազմերանգ գործունէութեանց մէջ, այն ժամանակ երբ ամսական մեր ճաշկերոյթները գնահատանքով կ՛արձանագրուէին եւ ի մի կը հաւաքէին ոչ թէ միայն մեր անդամները, այլեւ գաղութի նորահաստատ ընտանիքներն ալ։

Առաւել, Անդրանիկ Աֆարեան տարիներ շարունակ բծախնդրօրէն վարած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան շէնքի Խնամակալ Մարմնի գանձապահութիւնը։

Մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զաւակներուն՝ Տիրանին, Ռաֆֆիին եւ Արային ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Ինչպէս նաեւ քրոջ (Վուսթըր) եւ եղբօր (Ֆրէզնօ) ընտանիքներուն։

Թող Աստուած իր հոգին լուսաւորէ եւ Սուրբ հոգիին մխիթարութիւնը պարգեւէ  բոլոր հարազատներուն։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

ԹՄՄ, Փասատինա-Կլէնտէյլ

Մասնաճիւղի Վարչութիւն

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ