Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ո՞ւր Են Անձնական Տեղեկութիւններս

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Բնաւ հետաքրքրուա՞ծ էք թէ ձեր անհատական տեղեկութիւնները ինչպէ՞ս կը տեղաւորուին համացանցի եթերին մէջ եւ ո՞վ կ՝օգտուի անոնցմէ:

Դիմատետրը (Facebook)-ը հնարուեցաւ 2004-ին եւ դարձաւ հանրային ծառայութեան ամենակարեւոր եւ ամենատարածուն ընկերային համացանցը 2006-էն սկսեալ: Դիմատետրի հիմնադիրները՝ Էտուարտօ Սաւէրին, Էնտրիւ Մըք Քալըմ, Տասթըն Մօսքօվիթց, Քրիս Հիիւզ եւ Մարք Զաքըրպըրկ, դպրոցական ընկերներ էին որոնք միասնաբար ստեղծեցին համացանցի այս ընկերային կայքը, միակ նպատակ ունենալով՝ նիւթական հարստութիւն, որուն տիրացան շնորհիւ իրենց տաղանդին: Սակայն այժմ միայն Մարք Զաքըրպըրկն է որ պատասխանատու եւ տէր տիրական է դիմատետրին, դիզելով միլիառաւոր տոլարի հարստութիւն, հակառակ անոր որ միլիառաւոր տոլարներու նուիրատուութիւններ ըրած է «պէտք եղած կարիքաւոր» կայքերու:

Դիմատետրը այսօր ունի մօտ 90 միլիոն հետեւորդ, որոնց անհատական տեղեկութիւնները, բոլորը, ի պահ դրուած են կամ՝ կը գործածուին դիմատետրին կողմէ, վաճառքի համար այլ կազմակերպութիւններու, վաճառականներու կամ՝ գաղտնի սպասարկութեանց, որոնք կը գործածուին վատ կամ բարի նպատակներով:  Սակայն դիմատետրը այսօր կը դիմագրաւէ հազարաւոր մեղադրանքներու դատավարութիւններ, ներառեալ պետական մակարդակի, որոնք ո՛չ մէկ, այո՛, ո՛չ մէկ արդիւնքի հասած են: Զարմանալիօրէն՝ դիմատետրը միշտ մնացած է անսասան եւ անպատիժ: Հարցականը այնտեղ կը կայանայ թէ՝ ինչո՞ւ:

Դիմատետրը առանձինը չէ անշուշտ ընկերային համացանցի այս մարզին մէջ: Կան՝ Կուկըլը, Եու Թիւպը, Եահուն, Րէտիթը, Ինսթակրամը, Ուաթսափը, Մէսէնճըրը, Թիք Թոքը եւ այլ համացանցային գիտազօտական, գրական, պատմական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ կայքեր, որոնց  հեռարձակած  համացանցին նպատակը նիւթական շահն է իր բոլոր օրինաւոր կամ անօրէն միջոցներով: Այնուհետեւ՝ իրենց հետամտութիւնն է գործածել  համացանցը տեղեկութիւններ հաւաքելու այդ անհատներուն մասին, որոնք կը մասնակցին կամ կը հետեւին այդ կայքէջերուն, անոնց առօրեայ պէտքերու գործածութիւնէն սկսեալ մինչեւ հաճոյքի եւ ընտանեկան տեղեկութիւններու մասին:

Կրնա՞ք երեւակայել տարբերութիւնը 30 տարի առաջ ոճրագործութիւններու բերման եւ ստուգման համակարգի կարելիութեանց եւ ներկայիս պետական կառոյցներու ունեցած կարելիութիւններն ու տեղեկութիւնները ոճրագործերու ստուգման, բերման, դատավարութեան եւ այլ հարցերով:

Անհատական տեղեկութիւններու հաւաքման համակարգը սկիզբ առաւ նախկին նախագահ Օպամայի առաջին պաշտօնէութեան ժամանակաշրջանէն սկսեալ մինչեւ այսօր եւ գործածութեան անցաւ զանազան պաշտօնական, պետական, առեւտուրի, առողջապահական եւ այլ հաստատութիւններու կողմէ, ներառեալ նաեւ՝ քուէարկութիւններու  արդիւնքներու խեղաթիւրման, փոփոխման կամ՝ ազդեցութեան, զանազան միջոցներով՝ նոյնիսկ արտերկրի ազդեցութիւններով:

Վերոյիշեալ ընկերային համացանցերը, գործակցելով լրատուական աղբիւրներու հետ,  դարձան երկիրներու տիրապետող տարր, աւելի ուժեղ քան ինքն՝ պետութիւնը: Սակայն պրպտելով այդ ընկերային համացանցերու էութեան զարկ տուած աներեւոյթ  աղբիւրները, պիտի ընկրկինք անոնց կարելիութիւններուն եւ կարողութիւններուն դէմ: Վասնզի՝ յորձանուտներու արարիչները իրենք են եւ հասարակ ժողովուրդը կամայ թէ ակամայ պարտի հետեւիլ այն ուղեգիծին որ բացուած է իր առաջ:

Ժամանակին, երբ «ուսուցիչ մը», Տէյվիտ Քէրրօլ անունով, դիմատետրէն եւ պետութիւնէն պահանջեց  իր անհատական տեղեկութիւնները, որոնք կը գործածուէին առանց իր գիտութեան, դուռ բացաւ մեծամեծ խնդիրներու, հարցը հասցնելով մինչեւ Անգլիոյ խորհրդարան: Զանազան հսկայ արուեստագիտական ընկերութիւններ ներառուեցան հսկայական դատավարութիւններու մէջ, որոնց հետեւանքով հարիւրաւոր մեղսակից անձիք պաշտօններէ հեռացուեցան եւ պատժուեցան: Իսկ ընկերութիւններ՝ փակուեցան: Սակայն հարցը մնաց առանց լուծումի:

Այստեղ չենք փափաքիր նշել պետական շրջանակի անուններ որոնք մեղսակից էին կամ մասնակից «Բրօճէքթ Ալամօ» կոչուած համացանցային գործունէութեան, որ մաս կը կազմէր «Քէմպրիճ Անալիթիքա» հաստատութեան ծրագրային մէկ գործունէութեան:

Անհատական տեղեկութիւններու գործածութիւնը նոյն անհատներուն դէմ կամ իրենց համար, կարծէք բաւարար չէին, սակայն անոնց յարատեւ թելադրանքներն ու ցուցադրուած ուղիներու պարտադրանքները անընդունելի եւ վրդովեցուցիչ սկսան դառնալ ժողովուրդի զանգուածին մօտ, ուր իր անհատական ազատութիւնը յափշտակուած եւ կորսնցուցած կը համարէր, (ըստ սահմանադրութեան): Ժողովուրդի եւ ընկերային համացանցի կայքերու միջեւ զարգացած ընդհարումի մեղմացման աշխատանքով, ընկերային համացանցերը այսօր, պարտաւոր են քննարկումի ենթարկել իրենց տրամադրուած եւ սփռուած բոլոր եթերային արձակումները ճշգրտութեան, արդարութեան եւ մաքրութեան նպատակներով:

Բայց սպրդումները տակաւին առկայ են:

Սիրելի ընթերցող, յաջորդ անգամ երբ կ՝այցելես ընկերային որեւէ համացանց, յիշէ թէ առանձին չես այս աշխարհի մէջ քու անհատական տեղեկութիւններով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ