Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Զինուորական Արշաւ Ուքրանիոյ Վրայ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այն վայրկեանէն սկսեալ որ Ռուսական Դաշնութեան զօրքերը ներխուժեցին Ուքրանիայէն ներս, Վլատիմիր Փութին կնքած եղաւ իր անվերադարձ անկումը։ Իսկ ներկայիս որ կը սպառնայ հիւլէական ուժի օգտագործմամբ, աւելի ամրապնդած կ՚ըլլայ իր վախճանը։

Պատմութիւնը արձանագրած է, թէ իշխանաւորի մը բռնատիրութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ, եւ որքան ալ ուշիմ ըլլայ իմացականութեամբ, ինչպէս նաեւ փորձառու՝ քաղաքական վարքագիծով, անոր տրամաբանութիւնը կը շարունակէ գործել մէկ ուղղութեամբ, աւելիին տիրանալու մարմաջով, մինչեւ ա՛յն ատեն, երբ անոր նախաձեռնութիւնը արդէն ընդհանուր ընդվզում եւ ընդդիմութիւն յառաջացուցած է աշխարհով մէկ։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Դեկտեմբեր 1991-ին, Ռուսական Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ տարակարծութիւններ ծագեցան։ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ, ռուսական ծագումով մեծամասնութիւն կազմող բնակչութիւնը, զինեալ ընդդիմութեան դիմելով կեդրոնական կառավարութեան դէմ, ռուսական զօրքերու ալ օժանդակութեամբ, ինքնավար հռչակեցին Լուկանսք ու Տոնեցք քաղաքները՝ իրենց անմիջական շրջաններով։ Միջանկեալ յայտնենք, թէ Տոնպասի  այս շրջանը հարուստ է հանքածուխով, երկաթով ու բնական կազով։ Անիկա օժտուած է հիդրա-ելեկտրակայաններով, ինչպէս նաեւ՝ ցորենի դաշտերով, շաքարեղէգով, գարիով եւ արջառով։

Այս տարուան Փետրուար 21-ին Ռուսաստան ճանչցաւ վերոյիշեալ երկու քաղաքներու առանձին հանրապետութեանց հռչակումը, ու ռուսական զօրքեր մուտք գործեցին անոնց հողամասերէն ներս։

Վլատիմիր Փութին աւելի քան 20 տարիներէ իվեր որպէս նախագահ կամ վարչապետ Դաշնակցային Ռուսիոյ, կը վարէ երկիրը։ Խրիմի թերակղզիի ինքնավար հանրապետութիւնը Մարտ 16, 2014-ին, հանրաքուէով, 96.7 առ հարիւր համեմատութեամբ, նախընտրեց մաս կազմել Ռուսական Դաշնութեան։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Պալթեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներ, որոնք նոյնպէս մաս կը կազմէին սովետական պլոքին, անջատուելով, անկախութիւն ստացան։ Անոնց մեծամասնութիւնը մաս կազմեցին Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕ-ին։

Այնպէս որ օղակը այն աստիճան սեղմուեցաւ Ռուսաստանի շուրջ, որ կարգը հասաւ Պելառուսիոյ։ 208.000 քառ. քլմ. տարածութեամբ, եւ աւելի քան 10 միլիոն բնակչութիւն հաշուող այս երկրին իշխանութիւնը ներկայիս կը գոյատեւէ շնորհիւ Ռուսական Դաշնութեան բազմակողմանի օժանդակութեանց։ Ուրեմն, Ուքրանիայէն ետք, Պելառուսն ալ իբրեւ դաշնակից կորսնցնելու վտանգին ենթակայ ըլլալով, Փութին դիմած է Ուքրանիոյ գրաւումին։

Այսուհանդերձ, ինչ որ ըլլան Փութինի մտահոգութիւնները, զինուորական արշաւը Ուքրանիոյ վրայ չարդարանար։ Օդանաւային եւ հրանօթային ռմբակոծումները սկսած են գործել լայնածիր քանդումներ եւ աւերներ, այս հանգրուանին հազարէ աւելի ուքրանացի զոհեր խլելով բնակչութենէն։ Երթալով կը բարձրանայ նաեւ կորուստը ռուս բանակայիններու, իբրեւ արդիւնք ժողովրդային ընդդիմադրութեան, առաջնորդութեամբ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի, որ նախագահ ընտրուած էր 2019 Ապրիլին։ Մասնաւորաբար մայրաքաղաք Քիեւի մէջ, անիկա կը գլխաւորէ հայդուկային ընդդիմադրութիւնը, լուրջ վնասներ հասցնելով ռուս գրաւման բանակին, որ կորսնցուցած է աւելի քան 500 զինուորներ։ Այս պատճառով, ռուսական անխնայ ռմբակոծումները սաստկացած են, լուրջ աւերներ պատճառելով մայրաքաղաքին։

Ժողովրդային աննախընթաց, զանգուածային արտագաղթը դէպի սահմանային երկիրներ, մասնաւորաբար Փոլոնիա, կ՚անցնի մէջ միլիոնը։

Արեւմտեան երկիրները, առաջնորդութեամբ Մ. Նահանգներուն, կասեցուցած են ռուս գործարարներու առեւտրական ու ճարտարարուեստական գործունէութիւնները, սառեցնելով միանգամայն դրամական եւ այլ պահեստները դրամատուներու մէջ, նոյն ատեն գրաւելով անոնց բազմատեսակ գոյքերը։ Զուգահեռաբար, կասեցուած է նաեւ բնական կազի արտահոսքը Ռուսաստանէն դէպի եւրոպական երկիրներ, ու մասնաւորաբար՝ Գերմանիա։ Մէկ խօսքով, տնտեսական ամբողջական շրջափակում գործադրութեան դրուած է։ Ջնջուած են նաեւ ռուս մարզիկներու մասնակցութիւնը միջազգային խաղերու։

ՄԱԿ-ի մէջ, երկիրներու ճնշիչ մեծամասնութիւնը դատապարտած է Ռուսիոյ զինուորական արշաւը Ուքրանիայէն ներս։ Հազիւ տասնեակ մը երկիրներ չէզոք կամ նպաստաւոր դիրքորոշումներ որդեգրած են, ինչպէս՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Պարսկաստան, Սուրիա, Էրիթրիա, եւլն.՝

Դատապարտումի համատարած ցոյցեր տեղի կ՚ունենան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։

Տնտեսական պլոքիւսի հետեւանքով,  ռուսական ռուբլին արժեզրկուած է։ Ժողովրդային դժգոհութիւնը Ռուսաստանի մէջ հետզհետէ կ՚աւելնայ։ Սկսան են խմորուիլ հրապարակային ցոյցեր, ու կատարուած են կալանաւորումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կրնայ կրակմար ալ  յայտարարուիլ։

Զուգահեռաբար, բանակցութիւններ սկսած են Ռուսիոյ ե Ուքրանիոյ միջեւ, զինադուլի մը հաստատման համար։ Առաջին հանդիպումին հաւանական է յաջորդեն նորեր, զինադադարի մը հասնելու համար։

Ամէն գնով կենալու է ռուսական զինուորական յարձակողականը, խնայելու համար պատերազմին բազմակողմանի ողբերգութիւնները։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ