Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաղորդագրութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմնի

Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարած է գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած Միացեալ Մարմնի միջոցով: Այս մարմնին մաս կազմած է կազմակերպութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններ, իսկ այժմ, Միացեալ Մարմնին միացած են աւելի քան 40 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Այս տարի, անգամ մը եւս նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ պահելով առողջապահական բոլոր ուղեցոյցները, Միացեալ Մարմինին որոշումով, Շաբաթ, 23 Ապրիլ, 2022 թուականին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կրօնական արարողութեամբ մը պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը, մասնակցութեամբ գաղութի յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն: Վայր՝ Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, Հասցէ. 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640.

Հրաւիրուած է հայ համայնքը մասնակցելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմին
Լոս Անճելըս
Մարտ, 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ