Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհք Պատրիարք Հօր Հայրախնամ Երեք Այցելութիւնները Գաւառի Հայութեան

Վախճանման 32 Ամեակ 1990-2022

1969 – 1977 – 1985

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պօղոս Առաքեալի Հետքերով

Այս Մարտ ամսուն կը յիշատակենք Կ. Պոլսոյ Երջանկայիշատակ Հայոց Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի վախճանման 32-ամեակը, երբ 1990 թուի մարտ ամսու սկիզբը Ս. Էջմիածնի Վեհարանի աստիճաններէն վար չարագուշակ անկումի մը հետեւանքով կնքեց իր բեղմնաւոր եւ հոգելից կեանքը։

Պատրիարք Հայրը անկէ ամիս մը առաջ Ֆլորիտա մեզ մօտ արձակուրդի եկած էր ու մատուցած իր վերջին սուրբ պատարագը Վարդանանց տօնին։ Վերջին խոստովանանքն ու սուրբ հաղորդութիւնը ստացած էր այդ կիրակին, ու շաբաթ մը ետք զինք ուղարկած էինք Նիւ Եորք եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Վազգէն Ա Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջելով։

Պատրիարք Հայրը իր գլխաւոր նպատակը յայտնած էր նաեւ մեզի որպէս Հայրախնամ Պատրիարք այցելելու Կիւմրի ուր նոր պատահած էր կործանարար երկրաշարժը, տալու համար իր մխիթարութիւնն ու օրհնութիւնը սգաւոր հայութեան։ Դժբախտաբար, ինչպէս ինք իր արկածէն վայրկեաններ ետք ըսեր էր «Կ՛երեւի պիտի չկարենամ երթալ Կիւմրի»։ Եւ չգնաց։       

Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան (1961-1990) իր 29¬ամեայ աննախընթաց գահակալութեան ընթացքին (ոչ մէկ Պատրիարք կարողացած է մնալ պաշտօնի վրայ այդքան երկար) վեց անգամ, որոնցմէ երեքը իրարմէ ուղիղ ութը տարիներու հեռաւորութեամբ, Անատոլուի գաւառները այցելեց հայ ժողովուրդի կորստեան մատնուած բեկորները մխիթարելու եւ ազատելու, մասնաւորաբար հարիւրներով Կ. Պոլիս փոխադրելու հայրախնամ ծրագրով, ու յաջողեցաւ։ Պատրիարք Հայրը յանուն Քրիստոսի հետեւեցաւ Պօղոս Առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութեանց, անցնելով ճիշդ նոյն ճանապարհէն, Առաքեալին հետքերով եւ նման առաքելութեամբ։

Շնորհք Պատրիարք, մեր օրերու կորովի եւ իր կոչումին ճշմարիտ հետեւորդ հոգեւորականը եղաւ, այն բացառիկ Հոգեւոր Հայրերէն մին, որ անցեալի քրիստոնէական շնորհքը կրկին փայլեցուց գործքով իր Անատոլու յիսնամեակ մը առաջ կատարած երեք հովուապետական այցելութիւններով՝ 1969, 1977, եւ 1985 թուականներուն։ Վերջինը, ուղեկցութեամբ Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ յետագային նորոգ վախճանեալ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Մեսրոպ վարդապետ Մութաֆեանի, վախճանեալ Միւռոն քահանայ Այվազեանի, եւ Տոքթ. Կարապետ Արմանի։

Երրորդ Ճամբորդութեան Հանգրուանները

Հարիւրաւոր  Հայորդիներու Փոխադրութիւնը

Շնորհք Պատրիարք Հօր 1985 թուի երրորդ ճամբորդութիւնը  յատկապէս նպատակ ունէր աւելի մօտէն ճանչնալու, մխիթարելու, եւ ի հարկին անոնցմէ շատերը իր հովանիին տակ առնելով Իսթանպուլ փոխադրելու։ Յիրաւի հրաշագործ Պատրիարքը փոխադրեց գրեթէ թրքացած հայորդիները, բնակութիւն, գործ եւ կրթութիւն հայթայթելով ընտանիքներուն։ Նախկին պատրիարքներ նմաննախաձեռնարկ չէին կարողացած ընել քաղաքական արգելիչ պայմաններու բերումով։

Կեսարիա, Խարբերդ, Մալաթիա

Անցնելով Նիկոմիդիայէն Պատրիարքն ու ուղեկիցները դէպի Կեսարիա մեկնեցան ուր նաեւ հասեր էին մեծ թիւով ուխտաւորներ Պատրիարք Հօր Ս. Պատարագին ներկայ ըլլալու համար, որոնք Ատափազարի եւ Պոլուի վրայով Կեսարիա հասեր էին հետեւելով Պատրիարքի շքախումբին։ Հոն Պատրիարք Հայրը կը դիմաւորուէր Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Վարագ քահանայՊէյլերեանէ եւ կը մատուցանէր սուրբ պատարագ տեղացի 11 հայերու եւ հարիւրէ աւելի ուխտաւորներու ներկայութեան։

Յաջորդ օր Խարբերդ կը հասնէին եւ Պատրիարք Հայրը Օգոստոս 29¬ին կը պատարագէր Ասորիներու եկեղեցիին մէջ, ի ներկայութեան տեղի հայ ընտանիքներուն եւ ուխտաւորներուն։ Յաջորդ օր Նեմրութ լեռ կը բարձրանային, եւ Պատրիարք Հայրը իր խումբով Մալաթիա կը հասնէր, ուր հայկական եկեղեցիի չգոյութեան պատճառով հոգեհանգստեան կարգ կը կատարէր տեղւոյն հայոց գերեզմանատան մէջ։

Տիարպեքիր, Տէրիք, Մերտին

Յաջորդ օր Պատրիարք Հայրը Տիարպեքիր կը հասնէր ու կ՛այցելէր պետական անձանց ու Սուրբ Կիրակոս յայտնի եկեղեցին, որ անխնամ վիճակի մատնուած էր եւ նորոգութեան կարիքը ունէր։ Ինչպէս ըսուած է Ս. Կիրակոս եկեղեցին ամենէն ընդարձակ հայ եկեղեցին եղած է որ վերջին մեր օրերուն յատուկ ուշադրութեանը յանձնուած է տեղւոյն քաղաքապետութեան եւ բոլորովին  նորոգուած, եւ ի նորոյ օծուած, մի քանի տարիներ առաջ։ Թէեւ կարճ տեւած է  եկեղեցիին բարւոք վիճակը եւ շուտով կրկին բռնութեանց ենթարկուած է ու  լքեալ եւ ողբալի վիճակի մատնուած։

Շնորհք Պատրիարք անցած է Տէրիք գիւղաքաղաքը եւ իր շքախումբի անդամներով այցելած Ս. Գէորգ հայոց եկեղեցին ուր 150 հայեր կ՛ապրէին։ Պատրիարքը «Հրաշափառ»ով մուտք գործած է, պատարագած է Միւռոն քահանայ Այվազեան եւ Շնորհք Պատրիարք տուած է իր հոգեւոր պատգամը։  Նոյն օր Մերտինէն անցնելով կանգ կ՛առնէին նախ Տէյր-իւլ-Զաֆարան եւ ապա Մար Կապրիէլ ասորիներու վանքերը, ուր երկու յարանուանութեանց պետերը միասնաբար պաշտամունք կը կատարէին։

Վան, Պիթլիս, Աղթամար

Տիարպեքիր վերադառնալով, Պատրիարք Հայրը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցանէր եւ Ս. հաղորդութիւն կը մատակարարէր տեղւոյն հայ հաւատացեալներուն։ Անկէ Վան կ՛ուղեւորէր, անցնելով Պիթլիսէն եւ Արտամետէն, տալով նաեւ Վանի նահանգապետին իր պաշտօնական այցելութիւնը։    Յուզումով կը տեսնէր Վարագայ վանքը, շուրջի եօթը եկեղեցիները՝ բոլորը կիսաւեր, եւ Սեպտեմբեր 3-ին շոգենաւով կ՛այցելէր Վանայ լճի Կտուց եւ Առտէր կղզիներու վանքերը ուր կանգուն կը մնային Ս. Կարապետ եւ Աղթամարի անուանի Ս. Խաչ եկեղեցիները։ Ս. Խաչ մեր օրերուն բարեզարդուեցաւ, իր գմբէթին վերստին ագուցուեցաւ Խաչը, ճանչցուելով որպէս հայ եկեղեցի, եւ տարեկան ուխտի օրուան Վերացման Խաչի տօնին, արտօնուեցաւ սուրբ պատարագ մատուցանել դուրսէն հարիւրաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան։

Կարս, Էրզրում, Անի

Սեպտեմբեր 4-ին Պատրիարք Հայրը կ՛այցելէր Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին որ թանգարանի վերածուած է այժմ իր գմբէթաւոր հոյակապ կառոյցով, եւ ապա՝ Էրզրում եւ Անիի աւերակները՝ Մայր Եկեղեցին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եւ Ս. Փրկիչ կիսաւեր եկեղեցիները։ Իսթանպուլ վերադարձէն առաջ Պատրիարքն ու խումբը կ՛անցնէին Տրապիզոնէն ու Սամսոնէն տեսնելով հայկական եւ յունական վանքերը։ Իսթանպուլ կը վերադառնային Սեպտեմբեր 7-ին, երեք շաբթուան շրջագայութենէ ետք։

 Ի պատիւ Շնորհք Պատրիարքի հարկ է կրկին արձանագրել որ իր այցելութիւնները պսակուեցան հայ բեկորներու փրկութեամբ, հաւաքելով հարիւրաւոր հայորդիներ եւ զանոնք իր հովանիին տակ առնելով Իսթանպուլի մէջ, ուր անոնք որպէս հայ ապրեցան, ուսում ստացան, աճեցան եւ գործի մարդ դարձան։ Տառացիօրէն ան փրկեց հայու մնացորդացը, որոնք թրքանալու եզրին հասած էին արդարեւ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ