Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Սրտին Մէջ Դաջուած Անվախ Բացագանչենք՝ Խաղաղութիւն Համայն Աշխարհին. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պատուակա՛ն եղբարք եւ սիրեցեա՛լ Որդեակք ի Քրիստոս,

Մինչ աշխարհը այսօր արեան մէջ թաթխուած իրար կը սպաննեն անցողակի փառքի ու շահերու համար դարեր առաջ Քրիստոսը կը հալածէին:

Մինչ Քրիստոս հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կը քարոզէր, մարդիկ խաչին մատնեցին զինք: Նոյնն է այսօր, միեւնոյն մարդկութիւնը, որուն համար Քրիստոս խաչը կրեց զայն փրկելու համար, այսօր կը շարունակէ մարդասպանութիւն եւ ատելութիւն սփռել, Քրիստոսի արեամբ փրկուած աշխարհը քանդել:

Ընտանեկան բարոյականը քայքայուած, անհատի իրաւունքները անտեսուած, ընչաքաղցութիւնը եւ իշխանամոլութիւնը կը տիրեն այս աշխարհին:

Աւագ շաբթուան ընթացքին ապրեցանք Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ մահուան յիշատակութիւնը: Քալեցինք Անոր հետ գողգոթայի ճանապարհը, փորձեցինք առաքեալներու պէս անգամներ հաւատարիմ մնալ եւ շատ անգամներ փախուստի ճամբան բռնել: Ի վերջոյ Աստուածամօր նման կանգնեցանք անոր խաչին առջեւ եւ տեսանք մահը երկնաւոր վարդապետին:

Մինչ ամէնքը լքեցին Աստուածորդին եւ յուսալքուած էին, կատարուեցան սաղմոսերգուին խօսքերը, թէ` «Իմ անձը դժոխքում չես թողնի եւ Քո սրբին ապականութիւն տեսնիլ չես տայ» (Սաղմ. ԺԴ.10):

Յիրաւի սիրելինե՛ր, Քրիստոս չարչարուեցաւ ու մեռաւ խաչի վրայ, բայց Ան իր մահով յաղթեց սատանային եւ ազատեց բոլորս դժոխքի կապանքներէն: Եւ կատարուեցաւ մարգարէի խօսքը. «Ես դժոխքից կ՛ազատեմ նրանց եւ մահից կը փրկեմ: Որտե՞ղ է քո յաղթանակը, մահ, որտեղ է, քո խայթոցը դժոխք»:  Եւ Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ մենք Անոր վկաներն ենք, առաքեալներէն սկսեալ մինչեւ այսօր:

Արդ, Քրիստոսի յարութեամբ այսօր, ի հեճուկս աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն մենք կը հաւատանք, որ մենք եւս Քրիստոսով կը յաղթենք դժոխքին եւ մահուան: Մեր մաղթանքն է, որ Քրիստոսի յարութիւնը մեր սրտին մէջ դաջուած անվախ բացագանչենք խաղաղութիւն համայն աշխարհի, ի մասնաւորի անոնց, որոնք այսօր կը տառապին եւ կը հալածուին, եւ յատկապէս չենք կրնար չյիշել Արցախը եւ Հայաստանը:

Եւ արդ, եկէք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակով գօտեպնդուած գոչենք. «Փա՛ռք հրաշափառ յարութեան քո Տէր»:  Այս է քրիստոնեաներուն յոյսը եւ հաւատքը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Տուեալ ի Պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 17 ապրիլ, յամի Տեառն 2022, ի Ա. ամի հայրապետութեան մերոյ:

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ


Կաթողիկոս-պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ