Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպած է ԱՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ:
Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, քննարկուած են երկրին առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին հիմնական մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները: Միտքեր փոխանակուած են Արցախի ապագային վրայ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակի ազդեցութեան եւ իշխանութիւններու հնարաւոր ընելիքներուն շուրջ: