Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախահայութիւնը քաջ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը. Արցախի ԱԺ–ն արտահերթ նիստին յայտարարութիւն ընդունած է

Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւն ընդունած է միաձայն։

Յայտարարութիւն.

«Արցախի Հանրապետութեան ներկայ իրաւա-քաղաքական կարգավիճակը ձեւաւորուած է համաժողովրդական կամքի արտայայտութեամբ ՝ երեք հանրաքուէներու, անոնց իբրեւ արդիւնք ընդունուած Սահմանադրութեան ազդեցութեամբ եւ հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ նախընթաց տարիներուն հաստատուած համազգային համաձայնութեան ճանապարհով։

Արցախահայութիւնը քաջ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը: Արցախի պետականութիւնը եւ պատմական հայրենիքի մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են, եւ անոնցմէ անգամ պատերազմի սպառնալիքը չի կրնար ետ պահել մեզի:

Հայաստան-ատրպէյճան «խաղաղութեան» օրակարգով՝ Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցելու ցանկացած բանակցային գործընթաց ինքնին, ինչպէս նաեւ անկէ բխող փաստաթուղթի ստորագրումը, կը տապալէ ոչ միայն Արցախի պետականութիւնը, այլեւ արցախահայութեան` իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անքակտելի իրաւունքը:

Կը պահանջենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հրաժարին իրենց ներկայ աղէտալի դիրքորոշումէն եւ առաջնորդուին բացառապէս այս արժէքներով: Ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի «խաղաղութեան» պատրուակով  Արցախի համար անընդունելի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշման իրաւունքի բանակցային նշաձողը իջեցնելու:

Արցախահայութեան անունով կը դիմենք

  • Աշխարհասփիւռ հայութեան` այս արդար պայքարին մէջ միասնաբար եւ վճռականօրէն կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի եղբայրներու եւ քոյրերու կողքին:
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մեր գործընկերներուն՝ չշեղելու ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ․ Յուլիս 8-ի որոշման ուղեգիծէն։
  • Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարութեան` մեզի համար խիստ կարեւոր խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին առիթ չտալ որեւէ մէկուն շահարկելու ծագող խնդիրները` իբրեւ Արցախի ժողովուրդի յետագայ անվտանգութիւնը հարցականի տակ դնելու հիմք:
  • ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն` անկախ առկայ այլ տարաձայնութիւններէն՝ ջանքեր գործադրելու պահպանելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափը։
Ստեփանակերտ
14 Ապրիլ 2022»:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ