Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է Անգարայի եւ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ հանդիպումներու անհրաժեշտութեան մասին:
«Եթէ մենք կը խօսինք յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, ապա ինչո՞ւ հանդիպումներ չկայացնել Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: Մենք նման պատրաստակամութիւն յայտնած ենք», ըսած է Չաւուշօղլուն` յաւելելով, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ` երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ:
Ան նաեւ նշած է, որ կը գիտակցի, որ Հայաստանը ճնշման տակ է, քանի որ սա ամենեւին հեշտ գործընթաց չէ: Նաեւ կը հասկնան, որ հայկական սփիւռքին մէկ մասը, յատկապէս ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի համայնքները, չեն աջակցիր այս գործընթացին, ապա շարունակած է.
«Բայց հիմա արդեօ՞ք երրորդ երկրի մէջ հանդիպելու կարիք կայ»:
Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ իր խօսքերը պէտք չէ ընկալել որպէս մեղադրանք: Անոր խօսքով հայկական կողմը պէտք է քիչ մը համարձակ ըլլայ, քանի որ, եթէ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում չեն կրնար կայացնել, ապա միւս հարցերուն մէջ ինչպէ՞ս պէտք է քայլեր ընեն:
Ան նաեւ յայտնած է, որ իրենք նոյնիսկ առաջարկած են սկիզբը Երեւանի մէջ հանդիպիլ, բայց հայկական կողմը չէ համաձայնած` պնդելով երրորդ երկրին մէջ հանդիպիլ: