Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ղեկավար Անդամներ Կը Հանդիպին Հայաստանի Նոր Նախագահ Վահագն Խաչտուրեանի Հետ

15 Մարտին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեան, հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ, տիրող ընկերային քաղաքական իրադրութեան մէջ Միութեան ներկայիս գործադրուող նախաձեռնութիւններուն եւ անոնց դերին շուրջ խորհրդակցելու համար:

Նախագահը իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի անցեալի եւ ներկայի ներդրումներուն համար, մատնանշելով, թէ ինք ծանօթ է Հայաստանի մէջ Միութեան ազդու դերակատարութեան, անկախութեան յաջորդող տարիներու Երեւանի Քաղաքապետի իր պաշտօնավարութեան օրերէն: Իր կարգին, Նախագահ Սեդրակեան  բացատրութիւններ տուաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Միութեան ռազմավարութեան եւ առաջնահերթութիւններուն մասին, մասնաւորապէս շեշտելով, Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւնները իրական հիմքերով ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ Հայ ինքնութեան պահպանումին ինչպէս նաեւ ազգի եւ հայրենիքի շահերուն ի խնդիր, Միութեան աւելի քան մէկ դարու շարունակուող յանձնառութեան եւ ճիգերուն:

Նախագահները իրենց խորհրդակցութիւնը շարունակեցին, անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող կացութեան եւ աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մէջ ընթացող բանակցութիւններուն: Նախագահ Սեդրակեան կրկին անգամ շեշտեց Միութեան անխախտ զօրակցութիւնը եւ ներդրումները Արցախի մէջ յառաջ տարուող զարգացման աշխատանքներուն առընթեր, հասարակական ու մշակութային կեանքի աշխուժացումին ուղղուած ճիգերուն: Գետնին վրայ իր գործունէութեան ծիրին մէջ, Միութիւնը սատարած էր մատակարարումի ճիգրուն, ապահովելով սննդեղէն, ապաստանարան, բժշկական շտապ օգնութիւն, տեղահանուածներուն եւ ապաստանեալներուն, հասնելով աւելի քան հարիւր հազարաւոր անհատներու, որոնք տուժած էին պատերազմէն:

Ծանրանալով ներկայ քաղաքական զարգացումներուն վրայ, Նախագահ Սեդրակեան վստահեցուց, թէ Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ պիտի սատարէ քաղաքական որեւէ լուծումի, որ կը ծառայէ ազգին եւ պետութեան շահերուն: Այդ առնչութեամբ, Պետութիւն եւ Եկեղեցի յարաբերութիւններու սերտացումը բանալի հիմքերէն մին կը կազմէ տագնապներու ընդառաջ, Հայեցի ինքնութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանումին եւ ժողովուրդի միասնականութեան: «Հայ եկեղեցին, դարերու ընթացքին, տագնապալի ժամանակներու, բազմիցս ի յայտ եկած է իր առաջնորդող դերով: Ներկայիս, երբ Հայաստան կը գտնուի շրջանային քաղաքական վերիվայրումներով եւ հակամարտութիւններով յատկանշուող իրադարձութիւններու կեդրոնին, Եկեղեցին կրնայ լաւագոյնս սատարել ժողովուրդի միաւորումին եւ ընդհանրական ինքնութեան պահպանումին: Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու սերտացումին ի նպաստ ի գործ դրած իր դարաւոր ճիգերը,» հաստատեց Նախագահ Սեդրակեան:

Նոյնպէս, խօսելով երկրի զարգացման հեռանկարներուն մասին, Վազգէն Եագուպեան ընդգծեց Սփիւռքէն մասնագէտներու եւ տաղանդներու ներգրաւումին կարեւորութիւնը, ազգային միասնականութեան կերտումին եւ երկրի զարգացումին ուղղութեամբ: «Տաղանդներու հոսքը Հայաստան, նոր շունչ եւ կենսունակութիւն պիտի ապահովէ զարգացման բազմաթիւ մարզերու,  ի վերջոյ հանգելով հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման,» նշեց ան:

Եագուպեան եւ Սեդրակեան ընտանիքները Եագուպեան ընտանիքի դամբարանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցեցին լուսահոգի Գառնիկ Եագուպեանի յիշատակին։

Այս համապարփակ քննարկումերու լոյսին տակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը դարձեալ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու կառավարութեան, ընկերային-տնտեսական նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի բարգաւաճումին: Իրենց եզրափակիչ արտայատութիւններուն մէջ, նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին կառավարութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի երկարատեւ սերտակցութեան համար, հաստատելով այդ արդիւնաւոր գործակցութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Եագուպեան եւ Սեդրակեան ընտանիքները Եագուպեան ընտանիքի դամբարանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցեցին լուսահոգի Գառնիկ Եագուպեանի յիշատակին։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ իր պաշտօնական հանդիպումին առընթեր, Նախագահ Սեդրակեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,  պատմական այս դժուար հանգրուանին, ժողովուրդին միասնականութիւնը ապահովելու ճիգերուն ուղղութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ դերին շուրջ խորհրդակցելու համար: Ան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Զատկուան Կիրակնօրեայ Հանդիսաւոր Պատարագին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ, մասնակցեցաւ Ննջեցեալներու Յիշատակութեան Օրուան առիթով Ս. Գայանէ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագին եւ հոգեհանգստեան կարգին: Նախագահը եւ Տիկին Վերա Սեդրակեան, Յարգանքի տուրք մատուցեցին Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամ հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանին, այցելելով անոր դամբարանը, ընկերակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Տիկին Անի Եագուպեանին եւ Եագուպեան ընտանիքի անդամներուն: Ի վերջոյ, Նախագահ Սեդրակեան այցելեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան եւ հանդիպեցաւ Համալսարանի Նախագահ Գարին Մարգիտէսի հետ, շեշտելով Հայկական գլխաւոր համալսարաններու միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ի նպաստ ազգաշինութեան ուղղուած ճիգերուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ