Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Տօնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն Ներս

«Յարութեան խորհուրդով լեցուած մարդը գործնապէս կը տօնախմբէ Քրիստոսի Յարութիւնը»:

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

     Այս տարի, Աւագ Շաբաթուայ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս  Քրիստոսի  Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնի  հոգենորոգ արարողութիւնները մեծ շուքով նշուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս` նախագահութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի։

      Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 16, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ յանձինս` Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանի: Նախքան Ս. Պատարագը, եկեղեցւոյ սարկաւագները ընթերցեցին «Դանիէլի մարգարէութեան» ընթերցուածը: Այնուհետեւ յաւարտ Սուրբ  Պատարագի` «Այսօր յարեաւ» շարականի երգեցողութենէն ետք, Ճրագալոյցի խորհրդանիշ կանթեղով` օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ եւ Սուրբ Յարութեան աւետիսը փոխանցուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

       Կիրակի, Ապրիլ 17, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Պատարագը մատուցանեց ` Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանը եւ  իր հայրական պատգամը փոխանցեց հետեւեալ բառերով․ «Սիրելի հաւատաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ, Ս․ Յարութեան խորհուրդը չփորձենք ըմբռնել մարդկային մտքի ու տրամաբանութեան տարողութեամբ։ Յարութեան խորհուրդը կարելի է զգալ ու ապրիլ միայն ու միայն հաւատքի գիտակցութեամբ։ Հաւատքն է հետեւաբար բանալին, որուն միջոցով կը կարողանանք ներթափանցել Յարութեան խորհուրդին մէջ եւ հասկնալ, թէ ինչպիսի ներգործութիւն ունեցած է Յարութեան խորհուրդը աշխարհի մարդկանց կեանքին մէջ, բայց մանաւանդ մեր ազգի զաւակաց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։

   Քրիստոսի Յարութիւնը յաղթանակն է չարին վրայ։ Մահուան պարտութիւնն է Քրիստոսի Յարութիւնը։ Եւ եթէ հոգու աչքերով չտեսանէինք այս ճշմարտութիւնը, ապա մեր ազգի զաւակունք դժուար թէ վեր յառնէին մոխիրներու մէջէն եւ վերսկսէին կեանքը սկիզբէն։ Յարութեան խորհուրդին զօրութեամբ մեր նախնիք եւ այսօր մերն է պարտքը՝ տեսնելու արշալոյսը մեր կեանքին եւ լաւագոյնս հասկանալու, որ եթէ մեր կեանքի ընթացքին կան փորձութիւններ, ապա այդ բոլորն ալ անցողակի են։

     Յարութեան խորհուրդով պիտի ապրի ի մասնաւորի մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, քանզի անընդհատ ցաւի ու տառապանքի միջով անցնելով՝ դժուար թէ կարողանանք միայն մեր մարդկային ուժերով վերականգնիլ։ Բայց երբ մեր հոգու հայեացքը կ’ուղղենք դէպի Քրիստոսի տառապանաց ու խաչի ճանապարհին, ապա այն ժամանակ մեր մէջ կը գտնենք լոյսն ու յոյսը եւ կը մերժենք տկարութիւնը։

     Այսօր մեր Ս․ եկեղեցին պատգամ կը յղէ իր զաւակներուն, որ վերանորոգենք մեր հոգեւոր կեանքը Յարութեան խորհուրդով։ Իսկ թէ ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք վերածնունդը հոգեւոր կեանքին՝ առաջնորդուած Յարութեան խորհուրդով։ Յարութեան խորհուրդը մեզի կը պարգեւէ Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը, ի մասնաւորի՝ քրիստոնէական սէրը մէկզմիւսին նկատմամբ։ Եւ մեր հոգեւոր վերածնունդն ու ազգային հզօրացումը պայմանաւորուած է միմեանց հանդէպ այդ սիրով ու խոնարհումով եւ առաւել եւս մէկզմիւսին նկատմամբ խոնարհումով եւ անվերապահ սիրով։

     Յարութեան Տօնը կ’իմաստաւորուի միայն այն ժամանակ, երբ այսօր մեր հայրենական կեանքի մէջ եւ արտաշխարհ ապրող մեր ազգի ու եկեղեցւոյ զաւակունք կը վերապրին քրիստոնէական սիրով ու հաւատքով ապրելու հրամայականը։

     Յարութեան Տօնը կը պարտաւորեցնէ մեզ, որպէսզի բոլորով մէկ հոգի ու սիրտ դարձած կեանքի կոչենք սերունդներու սրբազան դաստիարակութեան առաքելութիւնը՝

  • սիրելու Աստուծուն,
  • նուիրուելու մայր Հայաստանին ու Ս. Էջմիածնին,
  • խոնարհելու մեր նախնեաց նուիրական առաքելութեանց առաջ,
  • տէր ու պաշտպանը դառնալու հայոց Մեսրոպաշունչ լեզուին ու մշակոյթին,
  • նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն պատասխանելու գիտութեան մէջ յառաջընթացներ արձանագրելով,
  • եւ ունենալու տեսիլքը՝ համամարդկային արժէքներով հարստացնելու աստուածապարգեւ մեր կեանքը։

     Յարութեան Տօնը հրաւէրն է նոր կեանքին, որ կը մերժէ տկարութիւնը մեր առջեւ յառնող բոլոր տեսակի փորձութեանց հանդէպ եւ ի մասնաւորի անտարբերութիւնը մեր հոգեւոր ու ազգային սրբութեանց հանդէպ։

      Յարութեան Տօնը հայ քրիստոնեային համար այսօր հոգեւոր ու ազգային վերածնունդի հրաւէրին խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։ Չմոռնանք, որ կեանքն անցաւոր է եւ առաւել եւս նիւթական արժէքները՝ կորստական։ Հարկ է ապրիլ արթնութեան կոչը եւ դառնալ ճարտարապետը Յարուցեալ կեանքին, որպէսզի կեանքն ապրինք նոր արշալոյսներու տեսիլքով»։

      Սրբազան Հայրը նաեւ նշեց, որ 2022 թուականը Արեւմտեան Թեմի թեմական կեանքի համար նշանակալի է, քանզի այս տարի կը տօնախմբուի թեմի 95-ամեակը եւ միաժամանակ տարին յայտարարուած է, որպէս Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքի տարին, ուստի ինչպէս իր խօսքին մէջ նշեց Սրբազան Հայրը․ «Թեմի 95-ամեակը կը թելադրէ վերակոչել անցեալ պատմութիւնը երախտագէտ զգացումներով եւ չմոռնալ սակայն, որ եկեղեցին եւ ի մասնաւորի թեմական մեր կառոյցը իր ամրութիւնը կ’ապահովէ հայ քրիստոնեայ ընտանիքին ներկայութեամբ։

     Մեր հոգու հայեացքն ուղղենք Քրիստոսով ապահովագրուած Յարութեան խորհուրդին վրայ, որպէսզի նոյն խորհուրդին լոյսը պարուրէ նաեւ մեր ամբողջ կեանքն ու անոր ընթացքը»։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

      Ապա Սրբազան Հայրն Իր Օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ Արեւմտեան Թեմի ողջ հաւատացեալներուն: Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանը` հաւատացելոց բազմութիւնը Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ առաջնորդուեցաւ Թրբանճեան հրապարակ` ուր Սուրբ Յարութեան տօնի առիթով կազմակերպուած էր բազմազան խաղեր, ներկայացումներ, երգ, պար եւ խնջոյք` ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ բոլոր ներկաներու համար: Ի տես Զատկական բացառիկ կազմակերպուածութեան` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւին՝ իր նախանձախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի ծխական խորհուրդն ու յարակից մարմինները` ի մասնաւորի սարկաւագաց դասը:

      Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Տօնը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ առանցքային Տօնն է, որու խորհուրդով ներշնչուած ի կատար պիտի ածենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

        Աւագ Շաբաթուայ եւ Սուրբ Յարութեան խորախորհուրդ այս բոլոր արարողութիւնները մեծ հանդիսութիւններով կատարուեցան նաեւ Արեւմտեան Թեմի ողջ  ծուխերէն ներս:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԵՒ ԶԱՏԿՈՒԱՅ

 ԱՅՑԵԼՈՒ ՊԱՏԱՐԱԳԻՉՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ

  • Գերշ․ Տ․ Պարգև Արք․ Մարտիրոսեան՝ Ապրիլ 10-ին, Ծաղկազարդի Ս․ Պատարագ  մատուցանեց Լոս Անճէլեսի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ,  Ապրիլ 15-ին, Աւագ Ուրբաթ` Կլենտելի Ս․ Պետրոս Հայց․ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց «Խաչելութեան եւ Թաղման» արարողութիւնները, իսկ Ապրիլ 16-ի երեկոյեան՝ ճրագալոյցի Ս․ Պատարագ մատուցանեց Սանտա Գլարիթայի Ս․ Սարգիս Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Հոգշ․ Տ․ Տաճատ Ծ․ Վրդ․ Եարտըմեան՝  Ապրիլ 16-ի երեկոյեան՝ ճրագալոյցի Ս․  Պատարագ մատուցանեց Վեննայսի Ս․ Պետրոս Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Տ․ Երեմիա Քհնյ․ Խաչատրեան՝ Ապրիլ 10-ին, Ծաղկազարդի Ս․ Պատարագ մատուցանեց Ռանչո Միրաժի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Ապրիլ 17-ին Զատկական Ս․ Պատարագ՝ Ափլենտի Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Տ․ Զենոբ Աւ․ Քհնյ․ Նալպանտեան՝ Ապրիլ 17-ին Զատկական Ս․ Պատարագ մատուցանեց  Ռիվըրսայտի Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Տ․ Սերոբ Քհնյ․ Ազարեան՝ Ապրիլ 17-ին Զատկական Ս․ Պատարագ մատուցանեց  Գոլորատոյի Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեան՝ Ապրիլ 14-17-ը Աւագ Շաբթուան և Զատկական արարողութիւններն ու Ս․ Պատարագները մատուցանեց Ռանչo Միրաժի Ս․ Կարապետ Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
  • Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեան՝ Ապրիլ 10-17-ը Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուան և Զատկական արարողութիւններն ու Ս․ Պատարագները մատուցանեց Փորթլընտի Ս․ Գէորգ Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Ապրիլ 24-ին՝ Զատկական Ս․ Պատարագ պէտք է մատուցանէ Յուդայի Հայ համայնքէն ներս։
  • Տ․ Արշակ Աւ․ Քհնյ․ Խաչատուրեան՝ Ապրիլ 10-17-ը՝ Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուան եւ Զատկական արարողութիւններն ու Ս․ Պատարագները  մատուցանեց Վենթուրա Քաունթիի Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ