Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոչ Եւս Է Աւետիս Պայրամեան

Գոյժ

Սրտի Խոր կսկիծով իմացանք մահը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Պաշտօնաթերթ Նոր Օր Շաբաթաթերթի Մարզական Բաժնի երկարամեայ պատասխանատու-վարիչ եւ թղթակից՝ Աւետիս Պայրամեանի։

Աւետիս Պայրամեան ունէր իր հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք ամէն շաբաթ ուշի-ուշով կը հետեւէին իր խիստ շահեկան եւ օգտաշատ յօդուածներուն՝ լոյս տեսած Նոր Օրի էջերուն մէջ։

Դժբախտաբար համաճարակի պատճառած թերթին մի քանի ամիսներու վրայ երկարած ընդհատումը եւ իր տարիքի բերումով առողջութեան վատթարացումը՝ պատճառ դարձան որ ան դադրեցնէ իր մարզական նիւթեր հայթայթելու աշխատանքը, Նոր Օրի էջերէն։ Սակայն Աւետիս Պայրամեանի յիշատակը դեր երկար պիտի մնայ իր մարզասէր ընթերցողներուն մօտ։

Աւետիս Պայրամեան ծնած էր Հալէպ 1941-ին։ 1946-ին՝ ան ընտանիքին հետ գաղթած էր Հայաստան եւ հաստատուած Երեւան։ 1990-ին՝ ընտանեօք կը գաղթեն Ամերիկա եւ կը հաստատուին Լոս Անճելըս։

Աւետիս Պայրամեան հրատարակած է երկու գիրքեր, Մարզաշխարհի Անուանի  Հայերը եւ Հայկական Մարզադարան։ Ան ունի նաեւ Հայաստանեան ֆութպոլի  մասին «Արարատը եւ Նրա Նախորդները» անտիպ աշխատասիրութիւնը։

Աւետիս Պայրամեանի Տան Կարգը տեղի ունեցաւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ՝ Երեքշաբթի, 12 Ապրիլի երեկոյեան, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ յաջորդ օրը։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին, երեք զաւակներուն եւ վեց թոռներուն, ինչպէս նաեւ իր բոլոր հարազատներուն։ Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի։

Նոր Օր Շաբաթաթերթի Խմբագրական Կազմ
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ