Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԵՐՃ ԳԱԼԱՄՔԱՐԵԱՆ

Մահագրական

     Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, Հոկտ. 6, 1942-ին Քիլիսցի Յակոբ Գալամքարեան եւ Գոնիացի Էլիզ Պօղոսեաններու ուսումնասէր եւ երաժշտասէր տան մէջ։  Յաճախած է Հալէպի Կիլիկեան եւ ապա ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան վարժարանները։  Յաջողած է ընդունուիլ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ընդունուած է Երեւանի Բժշկական Համալսարանը։  Գերազանցութեամբ աւարտելով վերադարձած է Լիբանան եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդանոցին մէջ, մասնագիտացած Anesthesiology-ի մէջ եւ շուտով Յունական հիւանդանոցին մէջ ղեկավար դեր մը ապահոված շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, յարատեւութեան ոգիին եւ նուիրուածութեան Բժշկական Արուեստին։ 

     Ընտանիքի նուիրուած՝ ամուսնանալով Նելլի Միհրանեանի հետ հաստատուեցաւ Ֆրէզնո, Գալիֆորնիա։  Anesthesiology-ի առընթեր մասնագիտացաւ Pain Management-ի մէջ եւ շուտով իր անձնական բժշկական կեդրոնը ունեցաւ։  Բախտաւորուեցան երեք արու զաւակներով Նարեկ, Արման եւ Վիգէն, որոնցմէ առաջին երկուքը հետեւեցան հօր քայլերուն եւ երրորդն ալ նոյնպէս բժշկական դաշտի մէջ է։

     Պերճը երգեց դպրոցին մէջ, երգեց եկեղեցիին մէջ, իր ակտիւ մասնակցութիւնը բերաւ Ֆրէզնոյի մէջ գործող որեւէ գեղարուեստական ձեռնարկի։  Տարիներով վարեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՀԲԸՄ  Ֆրէզնոյի մասնաճիւղերը, «Եթէ կրնաս, բարձրացիր եւ քեզի հետ բարձրացուր» իտէալին։  Աշխարհը տեսնելու իր մեծ տենչը յագեցնելու համար մեծ ճամբորդող մը դարձած էր, որոնցմէ մեծագոյն թիւը կը կազմէ հայրենիքը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ