Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լինելու Թէ Չլինելու Մասին Մտորումներ

Տեսակէտ

ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

25 Ապրիլ 2021 թ.:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հրաժարականը ներկայացուց եւ արտահերթ ընտրութիւն յայտարարեց երկիրը ներքին տագնապէ դուրս բերելու: Ընտրողներու 53.91 տոկոս ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ շահելէ ետք, վերադարձաւ իշխանութիւն երկիրը կառավարելու:

25 Ապրիլ 2022 թ.:

Ընդդիմադիր ուժերը, որոնք այժմ խորհրդարան վերադարձած էին, դարձեալ կ’որոշեն փողոցային անհնազանդութեան «ակցիա»ներու դիմելու, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր հրաժարականը ներկայացնէ, ըստ իրենց փրկելու համար Հայաստանը եւ Արցախը:

Ընդդիմադիր ուժերը կը պատճառաբանեն թէ Փաշինեան, իր վերջին զեկուցումներուն տուած ընթացքին Արցախի իրաւունքներու նշաձողի մասին արտայայտութիւնն է որ իրենց մղեց այս քայլին …

Ակնյայտ է որ Ռուսաստան երթալով աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ: Ան կարծէք Արեւմուտքի կողմէ լարուած Ուքրանիոյ ծուղակին մէջ ինկած, օրէ օր նոր կորուստներ կրելով եւ նոր պատժամիջոցներու ենթարկուելով, յարմար առիթի մը կը սպասէ որպէսզի սեւերես դուրս չգայ այս կոպտօրէն սխալ հաշուարկուած արկածախնդրութենէն:

Արեւմուտքը միւս կողմէ, ալ աւելի ճնշումներ կը բանեցնէ Ռուսաստանի դէմ եւ կը փորձէ անոր ամբողջ Կովկասէն դուրս շպրտել: ԱՄՆը այլեւս չի հանդուրժեր որ տկարացած Ռուսաստանը Կովկասի բանալիները իր քովը պահէ:

Հայաստանի իշխանութիւնները այլեւս կա’մ այս կողմ պէտք է շարժին կա’մ ալ այն կողմ: Միայն երկու տարբերակ կայ Հայաստանի համար՝ արեւելք կամ արեւմուտք:

Առաջին տարբերակի համաձայն, Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ռուսաստանի հետ հաստատած դարաւոր կապերուն, յուսալով որ Ռուսաստան եւս իբրեւ ռազմավարական դաշնակից, միշտ պաշտպան պիտի կանգնի եւ նեցուկ ըլլայ թէ զինամթերքով եւ թէ «խաղաղապահ» ուժերով:

Վերջին երկու տարուայ փորձառութիւնը դժբախտաբար այլ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, ինչպէս միշտ Ռուսաստան որեւէ  գործնական քայլ մը չ՛առաւ որ շուտով հրադադար պարտադրէ: Նոյնիսկ, պատերազմէն ետք հակառակ իր վերջին վայրկեանին հովանաւորած Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան, Ատրպէյճան մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի նոր հողատարածքներ հատել եւ ռմբակոծել սահմանային կէտէր ի տես ռուսական խաղաղապահ ուժերուն: Աւելին Ատրպէյճան կ’անտեսէ բոլոր միջազգային օրէնքները եւ հարիւրէ աւելի հայ ռազմագերիներ պատանդ կը պահէ սակարկութեան առարկայ դարձնելու:

Եռակողմ յայտարարութեան կառչելով սակայն, Հայաստան կրնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ մտնել: Այս եռակողմ յայտարարութիւնը Ռուսաստանի առիթ կուտայ որ ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի կազմալուծուած խումբի համանախագահներ, դուրս մղէ Կովկասէն, եւ Ատրպէյճանի հետ նստելով լուծումներ պարտադրել որոնք կրնան մեծ վտանգ հանդիսանալ Հայաստանի պետականութեան:

Ատրպէյճան Զանգեզուրը միշտ իր սեփականութիւնը նկատած է այն օրերէն ի վեր, երբ Անդրկովկասեան Սէյմը լուծուեցաւ եւ թուրքերուն ստիպման տակ կազմուեցաւ Անդրկովկասի երեք անկախ հանրապետութիւնները: Եւ այսպէս յարմար առիթը կը ստեղծուի որ Արցախի դիմաց, որ այժմ ռուս խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան տակ կը գտնուի, ստանայ Զանգեզուրը եւ ի վերջոյ կապ հաստատէ Նախիջեւանի եւ եղբայրական Թուրքիոյ հետ:

Հայաստան նոյնպէս կը ստանայ իր ցանկացած Արցախը, եւ երկուքը միասին իրենց միակ «փրկութեան» լուծումը կը մնայ միանալ  Ռուսաստանի ծրագրած միութենական պետութեան եւ միանգամ ընդմիշտ կ’անցնին պատմութեան գիրքերուն իբրեւ երբեմնի գոյութիւն ունեցող հայկական պետականութիւն:

Երկրորդ տարբերակի համաձայն, Հայաստան կը սկսի կամաց կամաց ձերբազատուիլ Ռուսաստանի հետ իր պարտաւորութիւններէն եւ որոնել արեւմտեան կողմն աշխարհի նոր դաշնակիցներ՝ յանձինս ԱՄՆի եւ ԵՄի: Սակայն ի՞նչ ծրագիրներ ունի Արեւմուտքը Հայաստանի համար:

ԱՄՆը ներկայիս ամէն կերպ կը քաջալերէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի որ իրենց միջեւ դիւանագիտական կապերը հաստատեն: Արդէն մի քանի «առանց նախապայմաններու» հանդիպումներ տեղի ունեցան երկու կողմերուն միջեւ, սակայն մինչեւ օրս ապարդիւն: Եթէ Թուրքիա իսկապէս անկեղծ է, սահմանները շատոնց կը բացուէին: Սակայն, ընդհակառակը, ան նախապայմաններ առաջ կը քաշէ որ Ատրպէյճանի շահերուն կը նպաստէ եւ այսպէսով բանակցութիւնները կ’երկարաձգէ:

Հայաստան 44-օրեայ պատերազմէն ետք միակողմանի որոշումով թրքական ապրանքի ներմուծումն արգիլեց եւ ապա վերացուց այդ արգելքը իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում: Միւս կողմէ, մինչեւ օրս Թուրքիա առանց որեւէ բացատրութեան, հայկական FLYONE ARMENIA  ընկերութեանը չ’արտօներ որ իր օդային տարածքով դէպի եւրոպական երկրներ չուերթեր իրականացնէ:

Նոյնպէս երկրորդ տարբերակի համաձայն, վերջերս մեծ թափ ստացած են «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ծրագիրը: Այս ծրագրին համաձայն Հնդկաստանէն, որ ի միջի այլոց պիտի դառնայ Չինաստանի դէմ հաւասարակշռող ոյժ, անցնելով Իրանէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն, պիտի աշխուժացնեն Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ առեւտրական կապերը: Այսպիսով Հայաստանին դարձնելով տնտեսական եւ քաղաքական կշիռ ունեցող ոյժ, հնարաւորութիւն տալով ապահովելու Սիւնիքը եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը:

Ինչպէս կը տեսնուի, այս ծրագիրը կը շրջանցէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, մեծ վնասներ պատճառելով նաեւ Ռուսիոյ: Այս եռեակէն որեւէ մէկը, առանձին կամ միասին, կրնան շատ դիւրութեամբ լարուածութիւն ստեղծել եւ ռազմական գործողութիւններու անցնիլ Հայաստանի դէմ կասեցնելու զայն դէպի արեւմտեան տարբերակին հետեւելու: Յատկանշական է, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս յստակօրէն զգուշացուց մասնաւորապէս Ատրպէյճանի, որ չփորձէ միակողմանի լուծումներ պարտադրել տարածաշրջանէն ներս: 

Առաւել, մէկ կողմէ Ճօ Պայտէնը վերջերս կոչ ըրաւ 164 մլն ԱՄՆ տոլար յատկացնել Ատրպէյճանին 2023 ֆինանսական տարուայ համար, եւ կրճատել Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը 47 տոկոսով` 24 մլն տոլարի, առանց նշելու Արցախի համար օգնութեան չափը: Միւս կողմէ, ԵՄը Հայաստանի համար 2,6 մլրդ եւրօ ներդրում խոստացաւ, որմէ Սիւնիքի բարելաւման համար յատկացնելով 80 մլն եւրօ:

Հայերս, անցեալին շատ անգամներ վստահած ենք Արեւմուտքի խոստումներուն եւ դժբախտաբար արդիւնքը ընդհանրապէս դրական չէ եղած: Հայաստան կը յուսայ որ այս անգամ տարածաշրջանի զարգացումներուն հետեւանքով, աւելի դրական արդիւնք ունենայ եթէ այս տարբերակին հետեւի:

Եւ այսպէս, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները զգուշօրէն քայլ առ քայլ կ՛ընթանան դէպի արեւմուտք, առանց բոլորովին խզելու դիւանագիտական կապերը Ռուսաստանի հետ: Ի վերջոյ ո՞վ պիտի հետաքրքրուի բարեկամութիւն մշակել որեւէ երկրի մը հետ, որ ատենին թերեւս գերհզօր պետութիւն մըն էր եւ այժմ մեկուսացած եւ տկարացած՝ անկանխատեսելի ապագայ մը ունի:

Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները այսօր մի քանի ամիս է տեսակցութիւններ կ՛ունենան զանազան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ, սկսեալ Ռուսաստանէն, անցնելով Հնդկաստանէն, Իրանէն, ԵՄէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն եւ հասնելով մինչեւ ԱՄՆ:

Ռուսաստան, որ ի զուր կը փորձէ իր ծրագրած միութենական պետութիւնը իրականացնել եւ ականատես կ՛ըլլայ Հայաստանի տարած յաջողութիւններուն դիւանագիտական գետնի վրայ, որ անկասկած վնաս պիտի պատճառէ իր ծրագիրներուն, սկսած է հրահրել ներքին տագնապներ գլխու ցաւ պատճառելու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն:

Եւ ո՞վ աւելի յարմար պիտի հանդիսանայ աղմուկ ստեղծելու, քան նախկին ռուսամէտ «նախկինները» որոնք ամէն կերպ կը փորձեն ետ վերադառնալ իշխանութեան: Ասոնց միացած են իշխանամոլ հատուածապաշտներ, որոնք որեւէ առիթ կը փնտռեն աթոռներու տիրանալու: Թերեւս ալ անոնց միացած են մարդիկ, որոնք իսկապէս վշտացած Արցախի պատերազմի ընթացքին իրենց հարազատներու կորուստով՝ իրենց ցասումը կը փափաքին յայտարարել:

Հետաքրքրականը այդ է որ այս խորհրդարանական նախկինները Արցախի դրօշներ զետեղեցին Ազգային Ժողովին մէջ իրենց յատկացուած նստարաններուն վրայ եւ փողոց անցան, աղբամաններով եւ բեռնատար մեքենաներով պողոտաները փակելու: Մինչեւ իսկ ոյժ կիրառելով կը փորձեն ներխուժել Ազգային Ժողովի կամ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքերը: Եւ երբ անզէն ոստիկանութիւնը կը փորձէ կարգ ու կանոն պարտադրել մայր պողոտաներուն վրայ, դժգոհութիւններ կ՛արձագանքեն իրաւապահներու բիրտ, անմարդկային, անհամաչափ ուժ կիրառելու դէպքերուն համար: Թերեւս Հայաստանի իշխանութիւնները, բռնատիրական Ղազախստանի նման ՀԱՊԿ երկրներու զօրքերուն օգնութեան պէտք է դիմեն, որ հանրահաւաքի մասնակիցները հասկնան ի՞նչ է «բիրտ, անմարդկային, անհամաչափ ուժ կիրառելու» բուն իմաստը… Բարեբախտաբար, այդ օրերը այլեւս անցեալին կը պատկանին Հայաստանի պարագային:

Այս նախկինները որոնք Արցախի կարգավիճակի հարցը իբրեւ պատճառաբանութիւն կ՛օգտագործեն, նոյն նախկիններն են որոնք, անցեալ 25-30 տարիներուն, երբ իշխանութեան գլուխն էին եւ պայմանները աւելի նպաստաւոր էին, ո՛չ ճանչցան Արցախի հռչակած անկախութիւնը, ո՛չ Արցախը պաշտօնապէս ընդունեցին իբրեւ Հայաստանի անբաժանելի մաս, եւ ո՛չ ալ հրաւիրեցին Արցախահայութեանը, որ առիթը ունենայ տեղ գրաւելու Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Այստեղ պէտք է նշել որ Խ. Միութեան փլուզումին առաջին մէկ օրէն ՄԱԿը, ԱՄՆը եւ Արեւմուտքը ընդհանուր առմամբ, իբրեւ սկզբունքային որոշում ընդունեցին եւ ճանչցան օրուան 15 հանրապետութիւններու վարչական սահմանները իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ: Մօտ 20 ինքնավար մարզեր եւ շրջաններ գոյութիւն ունէին եւ բոլորին ալ անկախութեան կամ ազգային ինքնորոշման իրաւունքները չեն ճանչցուած մինչեւ օրս: Ուրեմն, ըստ երեւոյթին ներկայ պայմաններուն անիրատես ակնկալութիւն մը կարելի է համարել Արցախի, կամ նոյնիսկ Ջաւախքի հայութեան որոնց մասին խօսող անգամ չկայ այս օրերուն, անկախութեան կարգավիճակ քննարկել գոնէ առ այժմ:

Նոյնպէս յատկանշական է թէ այս հանրահաւաքներուն Նիկոլ Փաշինեան դադրեցաւ դաւաճան ըլլալէ: Ան հիմա այլեւս թուրք է եւ ըստ նախկիններուն պէտք է ունենանք «Առանց թուրքի Հայատան»: Եւ երբ հարց տրուի՝ «թէ Նիկոլը գնա դու ի՞նչ էք անելու», պատասխանը կ՛ըլլայ «Ժողովուրդ ջա’ն, ցաւդ տանեմ, հիմա դրա մասին խօսելու ժամանակը չի, Նիկոլը կը գնայ, Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւն կը կազմենք եւ յետոյ կորոշենք»:

Ուրեմն ընթերցողին դատողութեան կը ձգեմ որոշելու թէ ո՞ւր է ելքը. կամ պիտի նայինք արեւելք եւ կամ ալ արեւմուտք: Երկու տարբերակներն ալ լի են անորոշութիւններով եւ որեւէ վրիպումի արդիւնքը կրնայ շատ սուղի նստիլ մեր բոլորին:

Կ՛եզրափակեմ մտորումներս Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան նորընտիր Ե. Նախագահի՝ Վահագն Խաչատրեանի խօսքերով. «Ապահով եւ անվտանգ հայրենիք պահելը մեր բոլորի սուրբ պարտքն է»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ