Մարդկային ստորութիւնն ու բարութիւնը առանձնայատկութիւններ են, որոնք ոչ թէ ի ծնէ կը ստանանք, այլ՝ դաստիարակութեամբ։
Բարի եւ արժանապատիւ ըլլալը բարդ եւ անիրագործելի յատկութիւն չէ։ Վեհանձն եւ ազնիւ ըլլալը բարդ թուաբանութիւն չէ, խնդիր չէ։ Մարդկային ամէնէն արժէքաւոր գիծերը մանկութենէն դաստիարակութեան եւ վարքագիծի մէջ սերմանելը, ճիշդ է մեծ ջանք պահանջող, բայց վեհ եւ արժանաւոր գործ է։ Բուռ մը մնացած, անհասկանալի եւ խարխուլ դարձած մեր ազգի համար կարեւոր եւ կենսական անհրաժեշտութիւն է մարդկային այնպիսի որակ ունենալը, որ ոչ թէ գոյատեւենք որպէս ազգ, կառչած ըլլալով պետութեան , հայրենիքի եւ անկախութեան ծուէններէն, այլ ապրինք արժանապատիւ, ու զարգացնենք մեր՝ ցորենի հատիկի չափ մնացած հայրենիքը։
Եւ ուրեմն ի՛նչը մեզի կը խանգարէ, որ ստոր ըլլալու փոխարէն ըլլանք արժանաւոր, անհաւատ ըլլալու փոխարէն ըլլանք բարեպաշտ, եսապաշտ ըլլալու փոխարէն ըլլանք հայրենապաշտ, որկրամոլ ըլլալու փոխարէն ըլլանք զուսպ, խաբեբայ ըլլալու փոխարէն ըլլանք ազնիւ, ագահ ըլլալու փոխարէն ըլլանք շէնցնող, եւ վերջապէս … վախկոտ ըլլալու փոխարէն մեր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնելու խիզախութիւնը ունենանք:
Այս շարքը անվերջ կարելի է թուել։ Միշտ բան մը կը զարմացնէ։ Ինչու՞ արժանաւոր մարդ ըլլալը եւ մարդկային լաւագոյն գիծերը մեր մէջ զարգացնելու փոխարէն՝ զարտուղի եւ դիւրին ուղիներ կը փնտռենք ։
Ազնիւ եւ արժանապատիւ ըլլալը բարդ բան չէ։ Ընդամէնը պէտք է կամք ունենանք:
Սիրենք մենք զմեզ, սիրենք մեր ազգը, սիրենք մեր հայրենիքը: