Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նարեկ Աղօթամատեան

Բանասիրական

165-ամեայ Հրատարակութիւն

Հին Եւ Անմատչելի Տպագրութիւն

Յաւելեալ  Հինգ Բնագիրներով

Կ. Պոլիս 1858

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Բացառիկ Հրատարակութիւն

Հնատիպ Գիրքերուս մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հռչականուն Նարեկ Աղօթամատեանի 1858 թուի Կոստանդնուպոլսեան հրատարակութիւնը իր մասնայատուկ տեղը կը գրաւէ, բնագրային գրաբար լեզուով որպէս ճշգրտագոյն տպագրութիւնը, իր երկու յիշատակարաններով եւ յաւելեալ հինգ ներբողներով եւ Աւետարանական ընթերցումներով յագեցած։ Յաւելեալներն են Ներբող Սուրբ Աստուածածնի, Մխիթար Գօշի, Առաքել Վարդապետի, բժշկութեան Աւետարաններու հատընտիր գլուխներու մէջբերումներով, եւ բառարանի ստուար ցանկով համապատասխան անհասկնալի գրաբար բառերու աշխարհաբար եւ թրքերէն բացատրութիւններով։ Փայտեայ կաշեպատ սոյն հին աղօթամատեանը կը մնայ իր սկզբնական լիագոյն եւ հարազատ վիճակին մէջ զոր վաթսուն տարիներ առաջ Եթովպահայ հաւատացեալ մը մակագրելով նուիրած էր ինծի երբ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կարգուած էի հոգեւոր հովիւը Եթովպահայ թեմին։

«Մատեան Ողբերգութեան Գրիգորի Նարեկացւոյ Նարեկայ Վանից Վանականի» տիտղոսագրուած սոյն գիրքը, 368 էջերէ բաղկացեալ, այսօր կը հանդիսանայ որպէս լաւագոյն բնագիրը Աղօթամատեանին որմէ աշխարհաբարի թարգմանութիւնները կատարած են Արմաշական երկու հոգեւորականներ՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան եւ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, առանց սակայն յաւելեալ հինգ բաժինները կցելու իրենց աշխարհաբար թագմանութիւններուն։

Աղօթամատեանը տպագրուած է Տ.Տ. Մատթէոս Ա Չուխաճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1858-1865) գահակալութեան օրով, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Յովհաննէս Պատրիարքի եւ Կ. Պոլսոյ Գէորգ Պատրիարքի, յաջորդ Գէորգ Չորրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Գիրքը տպուած է Ղալաթիոյ Յովհաննէս Միւհէնտիսեան տպարանին մէջ։ Յիշեալ զոյգ յիշատակարաններէն շատ հակիրճ երկտողներ աշխարհաբար թարգմանութ-եամբ կը մէջբերեմ, առաջինը ուղղակի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գրիչէն, եւ երկրորդը աւելի ուշ ժամանակի՝ Մեծ Սուրբին Նարեկացիի յիշատակին ուղղուած ներբողներէն։ Զոյգ յիշատա-կարանները ընդարձակ գրութիւններ են իւրաքանչիւրը լման էջի մը ծաւալով։

Ա)  Գրիգոր վանական երէցս, վերջինը գրակարդացողաց ու ամենակրտսերը ուսուցչաց, գրեցի սոյն աղօթքները սիրեցեալ եղբօրս Յովհաննէսի գործակցութեամբ, որ եղաւ հոգեշունչ անդամներէն Նարեկայ մեծանուն եւ փառաւոր Մենաստանի միաբանութեան։ (էջ 296-297).

Բ) Ի յիշատակ մեծանուն Սուրբին Գրիգորի որ ուսաւ դառնալու համար վանական Նարեկայ Վանուց ուր նաեւ կարգուեցաւ առաջնորդ ու ճանչցուեցաւ որպէս հռչականուն Նարեկացի։ (էջ 297).

Երկու Յիշատակարաններն ալ ընդարձակ են եւ բովանդակալից որոնց ստորեւ առանձինն պիտի անդրադառնամ։ Մանաւանդ երկրորդը ուր կը յայտնուին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի միւս գրական երկերուն անունները, որոնց շնորհիւ կը ծանօթանանք Նարեկացիի գրական այլ երկերուն։

Բովանդակութիւնը

Ծանօթ է բոլորիս որ Նարեկ Աղօթամատեանը գրական բարձրագոյն ոճով գրուած աղօթքներու խորիմաստ հաւաքածոյ մըն է, 95 գլուխներով անկրկնելի թէ՛ գրական եւ թէ՛ աղօթական հոգելից եւ ծաւալուն արժեւորումով։ Նարեկի գրաբար լեզուն խրթին եւ խիստ դասական ոճ մը ունի իւրայատուկ բառերով, բոլորովին տարբեր ժամանակակից մեր պատմիչներու բնական եւ պատմագրական ոճէն։ Նարեկացին եղած է Խոսրով Անձեւացեաց Եպիսկոպոսին երեք որդիներէն մին, եւ երկրորդ յիշատակարանին համաձայն վախճանած է Հայոց 452 Թուականին, 452+551=1003 Քրիստոսի թուականին, 52 տարեկանին։ Ծնած էր 951 թուին, թաղուած Նարեկայ Վանքին մէջ։ Վերջերս Վատիկանի Սուրբ Աթոռը բարձրագոյն պատիւով Նարեկացին դասեց որպէս Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ։

Աղօթքներէն իւրաքանչիւրը յատկանշուած է «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» բացման ուղերձով, դէմ յանդիման բերելով մարդն ու Արարիչը։ Հրաշագործ եւ կոթողական  սոյն Աղօթամատեանը հազարամեակ մը ամբողջ իր անփոխարինելի նպաստը բերած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կենսունակութեան, ինչպէս անձնական նաեւ հաւաքական դէմքով, իբրեւ եկեղեցի՝ Մարմինը Քրիստոսի։ Ամէն աղօթք գրուած է եզակի առաջին դէմքով որպէս մեղաւոր եւ անկեալ արարած՝ Արարչին հանդէպ։ Աղօթքներէն շատեր բժշկական զօրութեամբ գրուած են ըստ Քրիստոսի կատարած բազում բժշկութեանց, եւ որպէս այդպիսին հաւատացեալներ կը կարդան զանոնք եւ կամ կարդացնել կուտան երէցներուն բժշկուելու հաստատ հաւատքով։

Յիշատակարանները

«Յիշատակարան Մատենիս Գրութեան» վերնագրուած առաջին յիշատակարանը Սուրբ Գրիգոր ինք գրած է յիշելով իր խորհրդակից եւ գործակից հարազատ եղբայրը Յովհաննէս զոր կոչած է «մեծափառ եւ բարձրապատիւ ուխտի վանական» որուն աջակ-ցութիւնը «միաշունչք եւ միակրօնք» որակելով, «չորս աչքերով միասին» ունեցած տեսիլքով, աղօթած եւ գրած են Աղօթամատեանը։ Ապա ընթերցողներէն, «որոնք այս սեղանէն ախորժահամ ճաշակեցին»,  կը հայցէ յիշել զիրենք իրենց աղօթքներուն մէջ։

Աւելի ուշ գրուած երկրորդ Յիշատակարանը կոչած են «Յիշատակ վարուց հոգեկիր հռետորի Սրբոյն Գրիգորի» ուր կենսագրական շատ հակիրճ խօսքերէ ետք, կը տրուի ցանկը Սուրբին գրական չորս այլ գործերուն, Սողոմոնի Երգ Երգոց գիրքի մեկնութեան, Ճառ Խաչին, Ներբողեանս ի Սուրբ Ատուածածին, Ներբողեանս Սուրբ Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետին։ Յիշեալներէն միայն Ս. Աստուածածնին նուիրուած ներբողը կը գտնուի սոյն հրատարա-կութեան մէջ։ Կը յիշուի նաեւ Նարեկայ Վանքի շինութեան մասին ուր բերին Մեծ Սուրբին նշխարները ու «հանգուցին զպատուական մարմինն»։

Յաւելեալ Ներբողներ

Յիշեալ նիւթերէներկարապատում ներբող մը կը զարդարէ սոյն Աղօթամատեանը գովերգելով Սուրբ Աստուածածին Մարիամը իր կոչման եւ աստուածային պագեւի ծննդեամբ բեղմնաւորուած։ Իր Միածին Որդոյն ծննդեամբ որպէս մաքուր աղաւնի երկինքը երկիր բերելով անհայր իր որդիին ջամբելով Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը ըլլալու պատիւը՝ կեանքի պտուղը։

Կը յաջորդէ Մխիթար Գօշի կարճառօտ աղօթքը որ պատարագի մատուցման համար գրուած է Պատարագամատոյց Գիրքին համար։ Աչքառու է  Առաքել Վարդապետի ներբողը, որպէս խորին գնահատական Գրիգոր Նարեկացիին ուղղեալ, այբենական տառասկիզբներով, 36 համար, ամէն տուն երկտողեայ, շատ նման Ներսէս Շնորհալիի Առաւօտ Լուսոյ հոգեւոր երգին։ Առաքել Վարդապետ ամէն քայլափոխի հռետորի շնորհքով զարդարուն իր հիացումը կը յայտնէ Սուրբ Գրիգոր Նարեացիին։ Հրատարակիչները անհրաժեշտ նկատած են խումբ մը Աւետարանական բժշկութեանց հատուածները ամփոփել Նարեկի վերջաւորութեան, ինչպէս նաեւ բառարան մը որուն շնորհիւ դժուարիմաց գրաբար բազմաթիւ բառեր աշխարհաբար եւ թրքերէն լեզուով բացատրուած են որպէս փակում Աղօթամատեանի սոյն հրատարակութեան։

Աշխարհաբար Թարգմանութիւնները

Դիւրին գործ պիտի չըլլար Նարեկի աշխարհաբար լեզուի եւ մանաւանդ եւրոպական այլ լեզուներու թարգմանութիւնը։ Բազում թարգմանութիւններ կատարուած են։ Մեզի համար կարեւորը աշխարհաբար թարգմանութիւնը պիտի ըլլար անթիւ խրթին բառերու եւ դարձուածքներու ընդմէջէն։ Նոյնիսկ գրաբար լեզուին ծանօթ անձինք դժուար պիտի հասկնային Նարեկի իսկական բովանդակութիւնը, անոր խորաթափանց եւ բարձրօրէն գրական ոճին շնորհիւ։

Կային բարեբախտաբար Արմաշական երկու լեզուագէտ եւ գրագէտ Պատրիարքներ, Թորգոմ Գուշակեան Երուսաղէմի եւ Գարեգին Խաչատուրեան Կ Պոլսոյ որոնք լիագոյնս կրնային կատարել զայն։ Անոնք կարողացած են Աղօթամատեանի ընձեռած ներքին ապրումներն ու արտաքին արտայայտութիւնները հարազատօրէն վերբերելու ու հասնալի դարձնելու Մեծ Սուրբին անձնական դժուարիմաց աղօթքներէն։ Գուշակեանի թարգմանութիւնը, սկզբնապէս Գահիրէ լոյս տեսած էր իր Առաջնորդութեան տարիներուն 1926 թուին, ապա վերաքննեալ թարգմանութիւնը վերահրատարակուած շատ ուսանելի եւ ակնառու նախաբանով մը Երուսաղէմի մէջ իր պատրիարքութեան շրջանին։ Աւելի ուշ Պուենոս Այրեսի մէջ բանաստեղծական ոճով Նարեկի թարգմանութիւնը կատարեց Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան երբ կը վարէր Հարաւային Ամերիկայի Հայրապետական Պատուիրակի բարձր պաշտօնը։ Նախնագոյն եւ առաջին աշարհաբարի թարգմանութիւնը կատարած էր 1902-ին Միսաք Քոչունեան (Քասիմ) Կ. Պոլսոյ մէջ։

Մերօրեայ եւ յետագայ հայ հոգեւորականութիւնը շատ երախտագէտ կը մնայ երկու մեծանուն Պատրիարքներուն իրենց մատուցած հսկայական աշխատանքին համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ