Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուշեր Անցեալէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամման, Յորդանան

1969-ը բախտորոշ թուական մը հանդիսացաւ ինծի համար։ Արդարեւ՝ երբ որպէս Պաղեստինցի գաղթական կ՛ապրէի Սուրիոյ մէջ, զրկուած քաղաքացիի մը գրեթէ բոլոր իրաւունքներէն, Ամման գացի եւ յաջողեցայ Յորդանանցի դառնալ ու վերստանալ՝ քաղաքացիի մը լիիրաւ իրաւունքները։

Սակայն վերոյիշեալ այդ գործընթացը շատ ալ դիւրին չեղաւ, որովհետեւ ստիպուեցայ քառասուն օր մնալ հոն եւ օգտագործելով ազդեցիկ երկու քաղաքացիներու միջամտութիւնն ու իմ ճարպիկութիւնը՝ հասայ նպատակիս . . .

Ամման մնացի երկրորդական զարմիկիս տունը եւ լիովին վայելեցի իրենց հիւրասիրութիւնը։ Անոնք զիս նկատեցին որպէս իրենց ընտանիքի մէկ անդամը եւ առ այդ՝ մասնակցեցայ իրենց բոլոր  հրաւէրներուն։

Այսպէս, օր մը գացինք Ամմանի մօտակայ մէկ քաղաքը եւ ճաշի հիւրը դարձանք տեղւոյն ցեղապետի մը տունը։ Շաբաթը մէկ անգամ՝ Չորեքշաբթի երեկոները, կ՛երթայինք հայ դրացիի մը տունը, վայելելու Սուրիական հեռատեսիլի աստղերէն «Ղաուար էլ Թոշէ»-ի «Համմամ էլ Հանա» դրուագները։

Իսկ ամենահետաքրքրականը այն էր որ Կիրակի կէսօրէ ետք մը հրաւիրուած էինք պսակադրութեան մը։ Ինծի համար զարմանալի էր ներկայ գտնուիլ պսակի արարողութեան մը՝ որ կը կատարուէր պատարագի հանդերձանքով վարդապետի մը կողմէ։ Հալէպ եւ վստահ եմ Սուրիոյ եւ Լիբանանի այլ քաղաքներուն մէջ ալ պատարագի հանդերձ չէին հագներ պսակող քահանաները։

Առաւել՝ պսակադրութեան աւարտին, երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայինք, իւրաքանչիւր հիւրին տրուեցաւ աւանդական նուշով շաքարեղէնի փոքրիկ պարկը եւ ապա մարդիկ ձրուեցան իրենց տուները։ Մէկ խօսքով, հարսանեկան խրախճանք տեղի չունեցաւ՝ բան մը որուն վարժուած էինք մեր քաղաքներուն մէջ . . .

Մեր գիտցածը այն էր որ դրացիներն ու բարեկամները կը հրաւիրուէին պսակի արարողութեան, իսկ մօտիկ ազգականներն էին որոնք պսակէն վերջ հրաւիրուած կ՛ըլլային խրախճանքին։ Ինչ որ է, նոր քաղաք՝ նոր սովորութիւն։

Տահրան, Սէուտական Արաբիա

1972 թուականի Աշնան՝ հրաւէր ստացայ որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցիչ, աշխատելու Արամքօ ընկերութեան մէջ։ Ընկերութիւնը ունէր երեք կեդրոններ՝ Տահրան, Ապքէք եւ Ռաս Թաննուրա։ Ինծի վիճակուեցաւ Տահրանը, ուր մնացի մինչեւ 1976 տարուան Մարտ ամիսը, երբ Ամերիկա եկայ՝ հաստատուելու յոյսով . . .

Մեր աշակերտներն էին ընկերութեան տեղացի գործաւորները, որոնք պէտք է սորվէին անգլերէն՝ ամերիկացի պաշտօնեաներուն հետ կարենալ հաղորդակցելու համար։ Անոնցմէ յառաջադէմները կը պատրաստուէին համալսարանական ուսման, իրենց դասընթացքը աւարտելէ ետք։

Ուսուցչական կազմին մէջ կային ամերիկացիներ, քիչ թիւով տեղացիներ եւ մեծաւ մասամբ արաբական երկիրներէ ժամանած արաբ թէ հայ արհեստավարժ ուսուցիչներ։

Մեզի համար պայմանները գրաւիչ էին, սակայն ամուրիներու համար միայն։ Եթէ պատահէր որ մէկը ամուսնանար, պէտք է Արամքոյի շրջաբակէն դուրս գար՝ ընտանեկան բնակութիւն հաստատելու համար մօտակայ քաղաքներուն մէջ. . .

Պատահեցաւ որ աշակերտներէս մին պիտի ամուսնանար։ Ուստի ես ալ հրաւիրուեցայ հարսանեկան խրախճանքին։ Խրախճանքը երկու մասի բաժնուած էր՝ էրիկ մարդոց եւ կիներու, այդ էր տեղական սովորութիւնը։ Սա չէի գիտեր, սակայն սորվեցայ։

Խրախճանքի կիզակէտը համադամ ճաշն էր։ Խորոված ոչխար՝ հսկայ, կլոր ափսէ մը լեցուն բրինձէ փիլաւի վրայ զետեղուած։ Հրաւիրեալները նստեցան ափսէին չորս բոլորտիքը եւ սկսան ճաշակել։ Հոն՝ վերահասու դարձայ որ միայն աջ ձեռքով պէտք է ուտել, ձախ ձեռքը պահելով ետեւը՝ մէջքին վրայ։ Դգալ, դանակ կամ պատառաքաղ չկար երբեք։

Մօտս նստողները երբ անդրադարձան որ ես օտար մըն էի, անտեղեակ այդ սովորութենէն եւ ապիկար՝ այդ ձեւով ուտելու, ինծի համար դգալ մը բերին եւ սկսան միսը ոսկորէն հատելով առջեւս դնել` որ անօթի չմնայի.. .

Խրախճանքի յաջորդող օրերուն, երբ նորոգ ամուսնացեալ աշակերտս սկսաւ դպրոց յաճախել՝ մեղրալուսնի արտօնուած շրջանէն ետք, հետեւեալ հետաքրքրական եւ սրտաբուխ զրոյցը տեղի ունեցաւ մեր մէջ։

Աշակերտ։ Պարոն, տուք բախտաւոր էք։

Ուսուցիչ։ Ինչո՞ւ,

Աշակերտ։ Որովհետեւ ձեր ընկերային սովորութեան մէջ՝ դուք կ՛ընտրէք ձեր ապագայ կողակիցը։

Ուսուցիչ։ Իսկ Դու՞ք,

Աշակերտ։ Մեզի համար՝ մեր ծնողները կը որոշեն եւ մինչեւ պսակի օրը չենք գիտէր թէ ինչպիսի մէկն է մեր կողակիցը։ Ան կրնայ ըլլալ կոյր, կաղ եւ կամ համր եւ մենք ստիպուած ենք համակերպիլ!

Իսկապէս որ յուզումնալից էր աշակերտիս անկեղծ այդ արտայայտութիւնը, չէ՞ք խորհիր . . . Դարձեալ կրկնեմ, տարբեր երկիր՝ տարբեր սովորութիւն!

Յաջորդիւ, յուշեր ամերիկեան փորձառութենէս։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ