Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կ. Պոլսոյ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւնները

Կաթոլիկ, Օրթոտոքս, Անկլիգան

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բ. Ժողովի 1600-Ամեակ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Անցեալին մէջ յաճախ պայքարներ եղած են եկեղեցիներու միջեւ, սիրոյ կապերը խզուելու աստիճան, սակայն այսօր կան անկեղծ ջանքեր վերահաստատելու համար քրիստոնէական հաւատքի եւ կեանքի գանձերը»

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ 

Աննախընթաց Երեւոյթ

Սահմանափակ, եւ սակայն ազգային եւ մշակութային մարզերէ ներս առաջնորդող աշխոյժ գործունէութիւն ցոյց տուած են թրքական շատ ճնշիչ պարագաներու տակ։ Ոչ մէկը անոնցմէ սակայն դուրս եկած է իր Աթոռէն եւ հասած միջ-եկեղեցական բարձրագոյն պետերու հետ անձնական յարաբերութիւն մշակելու փոխ այցելութիւններով, ինչպէս կարողացած է ընել Ամենապատիւ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան (1961-1990)։

Շնորհք Պատրիարք եղաւ առաջինը Հայ Եկեղեցւոյ անունով յիշատակելու մեծ դարադարձ մը որ կը զուգադիպէր իր գահակալութեան տարիներուն։ 1981 թուականը 1600-ամեակն էր քրիստոնեայ եկեղեցւոյ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բ. Ժողովին (381), որ որոշում կայացուց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին Տիեզերական Պատրիարքութեան բարձրացնելու հանգամանքին, յարաբերաբար Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ։

Պատրիարք Հայրը միջ-եկեղեցական հանդիպումներ զարգացուցած է Հռոմի երկու Քահանայապետներուն՝ Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապերուն, եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Քենթըրպըրիի երկու Արքեպիսկոպոսներուն՝ Տոնալտ Գոկընի եւ Րոբերդ Րանսիի հետ, որոնք անձամբ այցելած են Գում Գաբուի Հայոց Պատրիարքարանը պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, եւ որոնց մասին քիչ գրուած է, եւ ընդհանրապէս մոռացութեան տրուած Պատրիարք Հօր խօսած բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ փոխանակած ճառերը՝ փոխադարձ այցելութեանց առիթով։

Շնորհք Պատրիարք եղած է կորովի եւ նաեւ աչալուրջ իր այցելութիւնները ակներեւ չդարձնելու թուրք պետութեան աչքին, միշտ նկատի ունենալով անհարկի պետական միջամտութիւններու հաւանականութիւնը։      Այս վերջին պարագային ականատեսն եղայ երբ Պատրիարք Հայրը իր վախճանումէն միայն ամիս մը առաջ Ֆլորիտա կը գտնուէր մեր հիւրընկալութեամբ ուր Սուրբ Դաւիթ նորակառոյց եկեղեցւոյ հովուական պաշտօնը կը վարէի։ Հրաւիրած էի Մայամիի Miami Herald ամերիկեան յայտնի օրաթերթին թղթակիցը James Davies որուն հետ Շնորհք Պատրիարք պանդոկի իր սենեակին մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ եւ մի քանի զգայուն հարցերուն քաջաբար եւ երբեմն զգուշանալով կը պատաս-խանէր։

Կաթոլիկ, Յոյն եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներ

Շնորհք Պատրիարք յաճախ առիթներ ստեղծած է, նկատի ունենալով իր երկարատեւ գահակալութեան 29 տարիները, Հայոց Պատրիարքարան հրաւիրելով  Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասն ու իր յաջորդը Տիմիթրիոս Պատրիարքը, փոխադարձաբար ինք եւս անոնց այցի երթալով եւ մտերիմ ու համերաշխ յարաբերութիւն պահելով Յունաց հետ որոնք թիւով շատ աւելի նուազ մնացած էին Պոլսոյ մէջ քան հայերը ինչպէս այսօր։

Վատիկանի մէջ, 1970 թուին, Շնորհք Պատրիարք Հայրը ուղեկցած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին որպէս հայրապետական շքախումբի գլխաւոր անդամը այցելելու Հռոմ եւ Վատիկան տեսակցելու համար Պօղոս Զ. Քահանայապետին հետ, որուն այցելութիւնը Գում Գաբուի Հայոց Պատրիարքարանը առաջին անգամն ըլլալով պատմութեան մէջ պիտի վայելէր մի քանի տարիներ ետք։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին Շնորհք Պատրիարք հայոց պատրիարքարանին մէջ հանդիպում կ՛ունենար Ռուս Օրթոտոքս Պատրիարք Պիմէնին հետ, որ Իսթանպուլ այցելութեան եկած էր իր շքախումբով, ուղեկցութեամբ երեք թեմակալ մետրապոլիտներու։

Քահանայապետին Այցը Պատրիարքարան

1979 Նոյեմբերին Հռոմի յաջորդ Քահանայապետը՝ Յովհաննէս¬Պօղոս Բ. Պապը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան կ՛այցելէր Կարտինալ Ուիլպրանզին հետ եւ կ՛ընդունուէր «մեծ պատիւներով եւ երկու հովուապետերը կ՛արտասանէին պատմական ուղերձներ»։ Շնորհք Պատրիարք ի միջի այլոց կ՛ըսէր, «անցեալին մէջ յաճախ պայքարներ եղած են եկեղեցիներու միջեւ, սիրոյ կապերը խզուելու աստիճան, սակայն այսօր կան անկեղծ ջանքեր վերահաստատելու համար քրիստոնէական հաւատքի եւ կեանքի գանձերը»։ Սրբազան Քահանայապետը նոյն օրերուն սուրբ պատարագ կը մատուցանէր Իսթանպուլի  Saint Esprit եկեղեցւոյ մէջ, որուն ներկայ կ՛ըլլային Յունաց Տիեզերական Տիմիթրիոս Պատրիարքն ու Հայոց Շնորհք Պատրիարքը։

Վատիկանի եւ Լոնտոնի Մէջ

1980 թուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբանական հաւաքէն ետք, զոր հրաւիրած էր Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի, Շնորհք Պատրիարք Լոնտոն կ՛այցելէր Անկլիգան Եկեղեցւոյ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ֆրէտէրիք Տոնալտ Գոկընի, եւ ապա Վատիկան՝ Յովհաննէս¬Պօղոս Բ. Քահանայապետին հետ հանդիպելու որպէս փոխադարձ պաշտօնական այցելութիւն։ Իսկ յաջորդ տարուան Մարտ 13-ին Շնորհք Պատրիարքի կարգադրութեամբ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագի մատուցմամբ կը նշուէր Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բ. Ժողովի 1600¬ամեակը։ Ժողովը գումարուած էր Կ. Պոլսոյ մէջ 381 թուին, եւ Հայոց Պատրիարքն էր որ առաջին պատեհութեամբ, նոյնիսկ Յոյն Ուղղափառ Տիեզերական Պատրիարքութենէն առաջ, կը նշէր եկեղեցական կարեւոր այդ հանգրուանը հակառակ պետական սեղմումներուն, քանի որ թուրք պետութիւնը շատ զգայուն եղած է միշտ «Տիեզերական Պատրիարք» կոչումին նկատմամբ։

Արքեպիսկոպոս Րոբերդ Րանսիի Այցելութիւնը Հայոց Պատրիարքարան

1982 Յուլիս 29-ին Գում Գաբուի Հայոց Պատրիարքարան այցի կու գար Քենթըրպըրիի յաջորդ Արքեպիսկոպոս Րոբերդ Րանսի ու «մեծ պատիւներով» կ՛ընդունուէր Շնորհք Պատրիարքի կողմէ, որուն ինք եւս փոխադարձ այցելութեան կ՛երթար Լոնտոնի Լամպեթի Պալատը 1984 Նոյեմբեր 15-ին, երբ երկուքը «միասնաբար հրապարակեցին հաղորդա-գրութիւն մը դատապարտելով ահաբեկչութեան բոլոր տեսակները»։

Հայ Եկեղեցին Շնորհք Պատրիարքին կը պարտի թրքահայ համայնքը բարձր մակարդակի վրայ ներկայացնելու Եւրոպական եկեղեցական կեդրոններուն եւ ստանալու նաեւ փոխադարձ այցելութիւններ որոնք բացին աչքերը թուրք իշխանութեանց առանց զգացնելու անցեալի ակներեւ ցեղասպանութիւնն ու անոր յաջորդող Հայոց Պատրիարքութեան դժբախտ կացութիւնը։ Ինք եղաւ անվեհեր Պատրիարքը որ կրցաւ կամրջել անցեալի խաւարը եւ լոյսի բերել իր եւ մերօրեայ մտահոգութիւնները անձայն եւ սակայն ամենէն արդիւնալից կերպով, անձամբ անցած ըլլալով որբանոցներու արանքներէն ու հասնելով պատրիարքի բարձրագոյն դիրքին։ Փրկեց գաւառի հայութիւնը եւ պատուաւոր դիրքի հասցուց Պատրիարքական իր Աթոռը յօրինակ մերօրեայ աւելի սահմանափակ եւ  զգայուն առաջնորդութեան։   

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ