Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամերիկայի Անհեթեթ Օրէնքը՝ Անչափահասներու Նկատմամբ . . .

Այս պարագային՝ անչափահաս կը նկատուին բոլոր անոնք որոնք տակաւին տասնութ  տարեկան չեն եղած։ Ուրեմն տարիքներու նկատմամբ հետեւեալ տուեալները սահմանուած են սահմանադրութեամբ։

          – վիճակահանութեան տոմսակ գնելու համար՝ պէտք է որ  ըլլաս 18 տարեկան։

          – Գարեջուր, սիկարէթ կամ զէնք գնելու համար պէտք է որ ըլլաս 21 տարեկան։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ Փաստելու համար որ վերոյիշեալ օրէնքի տրամադրութիւնները ամէն տեղ չեն գործադրուիր, անուանի լրագրող մը հետեւեալ առաքելութիւնը  կը յղանայ եւ զայն գործադրութեան կը դնէ։

Բայց ի՞նչ է այդ գաղտնի առաքելութիւնը, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ան կը համոզէ 13 տարեկան  Վըրճինիա նահանգի բնակիչներէն Ճէք Ռիքոյի մայրը, որ իր մանչ զաւակին հետ միատեղ զանազան գնումներ կատարելու՝ արշաւի մը ձեռնարկէ։

Անոնք նախ կ՛երթան խանութ մը՝ ուր Ռիքօ կ՛ուզէ գարեջուր գնել։ Վաճառորդը հը հարցնէ տղուն տարիքը՝ եւ երբ կիմանայ թէ 13 տարեկան է, կը մերժէ ծախել։ Յաջորդաբար անոնք կ՛երթան վիճակահանութեան տոմսակ գնելու, սիկարէթ գնելու եւ պոռնկագրութեան պարբերաթերթ գնելու՝ սակայն բոլորէն ալ կը մերժուի Ռիքոն։

Վերջապէս կարգը կու գայ զէնք գնելու եւ մեր հերոսը Ռիքօ (տես նկարը, մէջտեղի մանչն է ան) առանց հարց ու փորձի եւ շատ դիւրութեամբ կը գնէ 0.22 inch (5.6 mm) caliber կապարի մեծութիւնը ունեցող զէնք։ Անշուշտ այս առուտուրը տեղի կ՛ունենայ զէնքերու ցուցասրահէ մը, եւ ոչ թէ զէնք ծախելու արտօնութիւն ունեցող խանութէ մը։

Սակայն կարեւորը այս պատմութեան մէջ այն է որ  պատանիի մը համար՝ աւելի հեշտ է զէնք գնել, քան սիկարէթ եւ կամ գարեջուր . . .

Բարեբախտաբար մեր ճարպիկ թղթակիցը՝ Ռիքոյի մայրը օժտած էր լուսանկարչական գաղտնի մեքենայով մը, անանկ որ ամէն ինչ նկարահանուած ըլլալով՝ կը դառնար վաւերագրական ապացոյց։ Պատիւս արժանաւորին!

Նորաձեւութեանց Երկիրը . . .

Այո, Ամերիկեան նորաձեւութեանց երկիրն է։ Հոս է որ ամէն տարօրինակութիւն եւ ապիկարութիւն ծնունդ կ՛առնեն եւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ թռիչք առնելով՝ կը տարածուին ամէնուրեք։

Բոլորս ալ լաւ գիտենք որ գրպանները կը զետեղուին շապիկներու եւ կամ տաբատներու վրայ։ Այդ գրպանները շատ գործնական են դրամապանակներու, թաշկինակներու եւ կամ բջիջային հեռաձայններու համար։ Կիներու պարագային, այդ պիտոյքները կը զետեղուին ձեռքի պայուսակներուն մէջ։

Իսկ ի՞նչ է գրպաններու նորաձեւութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ գրպաններ զետեղուած են գուլպաներու վրայ . . . Է՜հ, ուրիշ տեղ չմնաց!

Առաւել, գովազդը կը յայտարարէ թէ սա լաւագոյն նուէրն է Հայրերու տօնին առիթով՝ որ կը զուգադիպի Յունիս 19, 2022-ին։ Հիմա նայինք թէ ի՞նչ կ՛արժեն հրապարակ իջած՝ այդ նորագոյն գուլպաները։ Անոնց զոյգը կը ծախուի 15-24 տոլարի, նայած թէ արտադրողը ով է։

Բայց զիս մտահոգող հարցը հետեւեալն է, արդեօ՞ք գործնական են անոնք։ Ի՞նչ պիտի դրուի հոն, որ չկրնար ուրիշ գրպանի մը մէջ դրուիլ։ Իսկ եթէ դրամ դրած ես հոն, որքա՞ն գործնական է շուկայ երթալ եւ ապրանքին գինը վճարելու համար, ծռիլ եւ գուլպայի գրպանէն հանել դրամը!

Նորաձեւութիւնը նորութեան սիրոյն պէտք չէ որ ըլլայ, այլ՝ գործնական ըլլալուն համար։ Սակայն ամերիկայի մէջ, այդ բոլորը կապուած է դրամի հետ։ Այսինքն՝ եթէ դրամ կը շահիս նորութիւն մը մէջտեղ բերելով, հազար ապրիս քեզի եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ ու վերջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ