Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ  Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան Ունեցած Է Ծանրակշիռ Ինքնաշարժի Արկած Մը

Խոր վիշտով կը տեղեկանանք թէ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբ. եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի նորընտիր Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան Շաբաթ, Յուլիս 16-ի առաւօտեան ինքնաշարժի լուրջ արկած մը ունեցած է:

Նորընտիր առաջնորդ Հայրը միայն քանի մը օրեր առաջ վերադարձած էր Մար Աթոռ կատարած պաշտօնական այցելութենէ մը, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ:

Գիտակից իր պարտականութեան, Մեսրոպ Վրդ. ինք անձնապէս կը վարեր իր ինքնաշարժը առանձին եւ կ՛ուղուէր դէպի Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանին  պատկանող Ս. Վարդան ճամբարը: Արկածը տեղի ունեցած է ճամբարի մերձակայքը:

Հակառակ արկածին ծանրակշիռ տարողութեան, Աստուծոյ նախախնամութեամբ, Առաջնորդ Հօր կեանքը վտանգուած չի եւ նոյն օրն իսկ ան ենթարկուած է վիրաբուժութեան: Վնասուած են Հայր Սուրբին երկու կրունկները եւ կոնքը: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն ան ենթարկուի յաւելեալ լրացուցիչ վիրաբուժական միջամտութիւններու:

Ցաւալի այս լուրը անմիջապէս փոխանցուած է Վեհափառ Հօր:

Շուտափոյթ եւ ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք սիրելի Առաջնորդ Հօր:

Ն.Պ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ